Ըստ «Ֆրանս փրես»-ի, փորթուգալցի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր ազգային խումբին հետ իրաւունք ստացաւ մասնակցելու մոնտիալի առաջին մրցումէն իսկ, երբ ՖԻՖԱ-ն առկախեց անոր կախակայումը:
Ռոնալտօ, որ Փորթուգալի հետ զտումի նախավերջին մրցումին ուղղակի կարմիր քարտ ստացած էր Իրլանտայի դէմ մրցումին` արմուկով հարուածելէ ետք մրցակիցի մը, Հայաստանի դէմ մրցումին կախակայուած ըլլալով չէր մասնակցած, եւ ՖԻՖԱ-ն առիթ մը եւս տուաւ իրեն երեք մրցումի կախակայումը նուազեցնելով 1-ի:
Եթէ պատահի, որ Ռոնալտօ նոյնատեսակ ֆաուլ մը կատարէ մինչեւ Մոնտիալի ազդանշանը, անոր պատիժը պիտի մնայ, եւ ան 2 մրցումէ պիտի բացակայի:
Ռոնալտօ, որ 41 տարեկան պիտի ըլլայ Մոնտիալին, իր ասպարէզի առաջին կարմիր քարտը ստացած էր ազգային խումբին շապիկով: Ռոնալտօ 6-րդ անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Մոնտիալին` մրցանիշ հաստատելով: Անցեալ շաբաթ ան Սպիտակ տան մէջ ընթրիքի հիւրը եղած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի, որ յայտնած էր, թէ իր զաւակը` Պարոն, Ռոնալտոյի համակիրներէն է:
Ռոնալտօ քանի մը օր առաջ իր ասպարէզի 954-րդ կոլը նշանակեց գեղեցիկ տապըլ-քիքով մը` փաստելով, որ «ծեր» չէ տակաւին:


