Վերջերս, արժանթինցի աստղ Լիոնել Մեսսի կը գտնուէր «Քամփ Նու»` Պարսելոնայի իր հին օրերը յիշելով:
«Ես վերադարձայ տեղ մը, զոր կը կարօտնամ ամբողջ սրտով: Տեղ մը, ուր աշխարհի ամէնէն երջանիկ անձէն հազար անգամ աւելի երջանիկ կը դարձնէինք: Յոյսով եմ, որ օր մը կը վերադառնամ: Ոչ թէ պարզապէս, իբրեւ հրաժեշտ տալու ֆութպոլիստ, բան մը, որ չեմ կրցած կատարել…», ըսաւ Մեսսի:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ արդեօք ուրա՞խ էր, ան ըսաւ. «Փարիզի մէջ անցուցած երկու տարեշրջաններս հաճելի չէին: Ասիկա չի նշանակեր, թէ մղձաւանջ էին, ես պարզապէս ֆութպոլի հաճոյք չէի զգար: Ես ինծի լաւ չէի զգար: Լաւ փորձառութիւն էր ընտանիքիս համար Փարիզի կեանքը, բայց արհեստավարժ գետնի վրայ ես հաճոյք չէի զգար ֆութպոլ խաղալով` մարզումներէն եւ մրցումներէն»:
Մեսսի, որ քանի մը օրէ Եւրոպա կը գտնուի, լրջօրէն կը մտածէ յունուարին միանալու եւրոպական ակումբի մը, լաւ պատրաստուելու համար 2026-ի մոնտիալին:
Ըստ կարճ մը շշուկներու, Ինթեր Մայեմի արդէն իսկ մերժած է Կալաթասարայի, Պենֆիքայի եւ Չելսիի առաջարկները:
Նշենք, որ Մեսսի պայմանագրութիւնը` Ինթեր Մայեմիի հետ, կ՛երկարի մինչեւ 2028-ի աւարտը:


