Երէկ առաւօտեան ժամերուն, ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր տարեշրջանի իր 9-րդ մրցումին կրեց իր առաջին պարտութիւնը` 121-119 արդիւնքով պարտուելէ ետք Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտր 35 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, բայց ասիկա բաւարար չէր, որ Թանտըր յաղթէ:
Փորթլենտէն 6 մարզիկներ 12-է աւելի կէտեր նշանակեցին. Տենի Աւտիճա (26 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ), Ճրու Հոլիտէյ (22 կէտ), Ճերեմի Կրենթ (20 կէտ), Շէյտըն Շարփ (18 կէտ), Թումանի Քամարա (16 կէտ) եւ Ռիատիի նախկին մարզիկ Տիոփ Ռիթ (12 կէտ) փայլեցան:
Տոնավըն Միչել 46 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտ Քեվելիրզի, որ 132-121 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի: Թայրիս Մեքսի 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի, որ կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 132-121
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Եութա Ճեզ 114-103
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պրուքլին Նեթց 103-112
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 136-107
Նիւ Եորք Նիքս – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 137-114
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 109-124
Տալաս Մեւրիքս – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 99-101
Տենվըր Նակեթց – Մայեմի Հիթ 122-112
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 118-116
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 121-119
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 121-116


