Ռուսիոյ ֆութպոլի վերահսկիչ-կարգապահական կոմիտէն ստացաւ Կրոզնիի «Ախմատ» ակումբի յետսապահ Ուսման Նտոնկի եւ Կրասնոտարի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեանի միջեւ տեղի ունեցած վէճին թեքնիք ձայնագրութիւնները, յայտնեց կարգապահական կոմիտէի նախագահ Արթուր Գրիգորեանց:
4 հոկտեմբերին Նտոնկ, Ռուսիոյ ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի իր մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Կրասնոտարի դաշտին վրայ: Հանդիպումի վերջին մասին, Նտոնկ կարմիր քարտ ստացած էր Կրասնոտարի խմբապետ Սփերձեանին ուսով հարուածելու համար: Մրցումէն ետք սենեկալցի մարզիկը յայտնած էր, որ Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահը իր հասցէին ծայրայեղ ցեղապաշտական խօսքեր ուղղած էր զայն հրահրելով, որ հարուածէ:
Սփերձեան ըսած էր, թէ Նտոնկ հայհոյած էր իր մօր, մինչդեռ ափրիկեցիի հասցէին որեւէ անպարկեշտ արտայայտութիւն չէր եղած:
«Մենք 16 հոկտեմբերին նիստի հրաւիրած ենք ակումբներու ներկայացուցիչներուն ինչպէս նաեւ Սփերձեանին եւ Նտոնկին: Մեր տրամադրութեան տակ կան շարք մը գրաւոր փաստաթուղթեր երկու ակումբներուն կողմէ` իրենց դիրքորոշումներով, ինչպէս նաեւ տեսանիւթեր: Մենք պահանջած էինք Կրասնոտարի եւ Ախմատի թեքնիքական ձայնագրութիւնները, եւ անոնք տրամադրած են զանոնք», ըսաւ Գրիգորեան: