Պատմական քիք պոքսըր Ճիորճիօ Պետրոսեան յայտարարեց իր վերջին մենամարտին մասին:
Մենամարտը պիտի կայանայ 22 նոյեմբերին, Միլանոյի մէջ, «Պետրոսեան մանիա» մրցաշարքին: Պետրոսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ պրազիլցի Ժոզէ Սուզան:
Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ քէյ-1-ի օրէնքով եւ պիտի բաղկանայ երեք ռաունտերէ, իւրաքանչիւրը` 3 վայրկեան տեւողութեամբ:
Գէորգ Պետրոսեան, որ աշխարհին աւելի ծանօթ է Ճորճիօ անունով, իր ասպարէզի ընթացքին դարձած է քիք պոքսինկի պատմութեան ամէնէն փայլուն դէմքերէն մէկը: Ան երկու անգամ շահած է «Քէյ-1 կրան փրի» տիտղոսը եւ դարձած է «Կլորի», «Ուան Չեմփիընշիփ» եւ «Պելաթոր քիք պոքսինկ» կազմակերպութիւններու ախոյեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ հեղինակաւոր տիտղոսներու ախոյեան:
Սուզայի դէմ մենամարտը պիտի ըլլայ հայ մարզիկի փայլուն ասպարէզի վերջին էջը` իր անունը հաստատելով համաշխարհային քիք պոքսինկի պատմութեան մէջ:
Երեւան ծնած Պետրոսեան, որ 40 տարեկան կը դառնայ դեկտեմբերին, 13 տարեկանէն փոխադրուած է Իտալիա եւ 16 տարեկանին սկսած Մուայ թայ մարզաձեւով:
Ան քիք պոքսինկի ասպարէզի ընթացքին մասնակցած է 115 մենամարտերու, յաղթած 108 մրցում, 43 հատը նաք-աութով` կրելով միայն երեք պարտութիւն: