ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԿԱՐԷՆ ԽԻՒՏԱՒԷՐՏԵԱՆի մահուան 5-րդ տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
87-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿ
Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, կիրակի 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Նոր Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 87-ամեակին եւ Հաճնոյ հերոսամարտի 105-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ եւ պիտի կատարուի մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ`
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ Ա. ՔՀՆՅ. ՀԷՃԻՆԵԱՆ
(Հոգեւոր հովիւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ)
Հոգեհանգստեան պաշտօն եւ մատաղօրհնէք նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
(Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին)
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով եւ լսելու սրբազան հօր պատգամը:
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————–
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 95-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ
ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Այսու ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին եւ դպրեվանքի 95-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի վերամուտին առիթով, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐԱՊԱՏԻՒ Տ. ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Սուրբ պատարագի մատուցումէն անմիջապէս ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրեվանքի 95-րդ տարեշրջանի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին մասնակցելու սուրբ պատարագին, հաղորդ դառնալու Սրբոց Թարգմանչաց սերունդի ոգիին եւ զօրակցելու ու նեցուկ կանգնելու դպրեվանքի սրբազան առաքելութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 105-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՄԱՏԱՂԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն նուիրուած աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 11 հոկտեմբեր 2025-ին:
Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղենք բոլոր հայրենակիցներուն եւ բարեկամներուն, որ իրենց մատաղցու ոչխարը կամ նուիրատուութիւնները փոխանցեն Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գրասենեակ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ խորհրդատուն եւ կամ շրջող հանգանակիչներուն:
ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ