ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Գ) «Ազատամարտ» օրաթերթ (Պոլիս)
10 յունիս 1909-ին ՀՅԴ Բիւրոն կը ձեռնարկէ «Ազատամարտ»-ի հրատարակութեան, որուն խմբագրապետութեան կը հրաւիրէ Ռուբէն Զարդարեանը:
«Ազատամարտ»-ի տարիները եղան Զարդարեանի համար հրապարակագրութեան ամէնէն արդիւնաւէտ շրջանը: Արդարեւ, Զարդարեան արժանաւորապէս եւ առանց ընկրկումի վարեց ՀՅԴ Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութիւնը` 1909-1915, այսինքն` անոր հիմնումէն մինչեւ դադրեցումը: Նոյն ատեն ան գործուն դեր կատարեց ազգային եւ կուսակցական կեանքին մէջ: Բեղուն հրապարակագիր էր եւ աննկուն հրապարակախօս թէ՛ մամուլին եւ թէ՛ երեսփոխանական ժողովներուն` արժանանալով բոլորին ակնածանքին:
Զարդարեան ամբողջ էութեամբ աշխատեցաւ հարազատ թարգմանը ըլլալ հայ ժողովուրդի ցաւերուն, տագնապներուն, դժուարութիւններուն եւ բողոքներուն: Գեղարուեստական գրականութիւն մշակելէ շատ աւելի` զգաց օրուան պահանջը ժողովուրդին հասնելու, աւելի բուռն թափով շարունակեց Ֆիլիպէի մէջ սկսած գործը եւ ուղղութիւն տուաւ մեր ազգային կեանքին:
Զարդարեան կը ձաղկէր թուրք նոր կառավարութեան (երիտ-թուրք) թերութիւններն ու պակասները: Կրակ կը ժայթքէր, մանաւանդ երբ տեսնէր կառավարութեան կողմնակալ դիրքորոշումը կամ անարդար կարգադրութիւնը հայութեան դէմ: Հայց կը ներկայացնէր անոր դէմ` հարցերուն դարման մը տալու համար. բաներ, որոնք գրեթէ պիտի չկատարուէին գեղարուեստական գրականութեան միջոցով:
Զարդարեան ոչ միայն «Ազատամարտ»-ի մէջ, այլեւ բազմաթիւ պարագաներու մնայուն փնտռտուքի մէջ կը գտնուէր ճշմարտութեան: Դաշնակցութեան եւ Իթթիհատի միջեւ կապերու խզումէն ետք «Ազատամարտ»-ի պայքարը կառավարութեան դէմ` Զարդարեանի խմբագրականներու ճամբով, այնքան սաստկացաւ, որ պատճառ եղաւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթի փակման թուրք զինուորական իշխանութեան կողմէ: Բայց Զարդարեանի խօսքը եւ պայքարը (իմա՛ Դաշնակցութեան) չմարեցան: «Ազատամարտ»-ի փոխարէն` հրատարակուեցան, թէեւ` կարճ ժամանակի համար, «Առաջամարտ», «Ազդակ», «Շանթ», «Բագին», «Մեղուց» եւ «Բիւթանիա» թերթերը, որոնցմէ ոմանք արտօնագիր ունէին, իսկ չունեցողները դարձեալ փակուեցան, մինչեւ որ հարթուեցաւ «Ազատամարտ»-ի հարցը:
Զարդարեանի հրապարակագրութեան մեծագոյն յատկանիշներէն մէկը թելադրականութիւնն է, որ կը մղէ ընթերցողը մտածելու եւ քննարկելու: Այսօր, որքան ալ փոխուած ըլլան հրապարակագրութեան ձեւը կամ ոճը, Զարդարեանի յօդուածները կամ գրութիւնները կը պահեն իրենց դաստիարակչական-թելադրական բնոյթը, ինչպէս նաեւ` այժմէականութիւնը: Կ՛արժէ մտածել, «Ժամանակ»-ի յօդուածներուն նման, հատոր մը կամ երկուք, հրատարակել Զարդարեանի հրապարակագրական եւ ուսումնասիրական յօդուածներէն շատեր, որոնք լոյս տեսած են «Ռազմիկ»-ի եւ «Ազատամարտ»-ի մէջ:
Զարդարեան շատ քիչ բան ստորագրած է «Ազատամարտ»-ի իր խմբագրականներուն տակ: Սակայն իրեն կը պատկանի առաջնորդողներուն մեծ մասը: «Ազատամարտ»-ի խմբագիրներէն Ռուբէն Դարբինեան, որ Զարդարեանի ճիշդ դիմացը կը նստէր խմբագրատան մէջ, կը յայտնէ, որ իր գործակիցը մեծ դժուարութեամբ եւ չափազանց դանդաղ կը գրէր խմբագրականները, երեքէն հինգ ժամ: Ասոր պատճառներէն մէկը այն է, որ Զարդարեան կ՛աշխատէր գրել գեղարուեստագէտի յղկուած ոճով (35):
Զարդարեան գրեթէ ամէն օր խօսք մը ունէր ըսելիք «Ազատամարտ»-ի մէջ, ամէն օր խմբագրական մը: Այս երեւոյթը նորութիւն էր մեր հրապարակագրութեան մէջ:
Զարդարեանի խմբագրականները եւ այլ յօդուածներ շատ մեծ ընդունելութիւն գտան մեր ժողովուրդին մէջ: «Ազատամարտ»-ի ժողովրդականութիւնը աւելի եւ աւելի տարածուեցաւ: 27 հոկտեմբեր 1912-ին Սիմոն Վրացեանի (Մ. Նահանգներ) ուղղուած նամակի մը մէջ Զարդարեան այլ բաներու կարգին կը գրէր. «…Տամ ձեզի ուրախ լուր մը` այս բոլոր չար խապարներու մէջ «Ազատամարտ»-ը անօրինակ եւ աննախընթաց յաջողութիւն մը գտաւ Պոլսոյ մէջ: Պատերազմէն [Պալքանեան] առաջ Պոլսոյ իր վանթն*** էր մօտ 1600 կամ 1700. պատերազմէն յետոյ աստիճանաբար բարձրացաւ, եւ այսօր Պոլսոյ մէջ կը ծախուի 6000: Ո՛չ «Բիւզանդիոն», ո՛չ «Ժամանակ», ո՛չ «Արեւելք» եւ ո՛չ մէկ հայ թերթ այս ծաւալումն ունի: Հասարակութիւնը, նոյնիսկ` մեր հակառակորդ խաւերը`, այն հաստատ համոզումը կազմած են, որ միմիայն «Ազատամարտ»-ը կու տայ «ճիշդ, շիտակ եւ ազատ» տեղեկութիւններ» (36):
Զարդարեան կը յայտնէ նոյն նամակին մէջ, որ անխոնջ աշխատելով` «Ո՛չ լուր օր գիտեմ, ո՛չ կիրակի. գիշեր ցորեկ խմբագրատունն եմ»:
Ամբողջականօրէն փարած էր «Ազատամարտ»-ին, որուն դերակատարութեան կը հաւատար ողջ էութեամբ: Պոլսոյ մէջ գրեթէ ամէն հայ կը կարդար «Ազատամարտ»-ը եւ կիրակի օրերու գրական բովանդակութեամբ սքանչելի թիւերը:
Զարդարեանի եւ «Ազատամարտ»-ի ժողովրդականութիւնը տարածուեցաւ նաեւ հայութենէն դուրս` օսմանեան իրականութեան մէջ: Զարդարեան թէ՛ «Ռազմիկ»-ի եւ թէ՛ «Ազատամարտ»-ի մէջ կը կատարէր թարգմանութիւններ` բազմաթիւ գրողներէ, ընդ որոնց` թուրք ժամանակակից գրողներէ, յատկապէս անոնցմէ, որոնք ընդդիմադիր էին համիտեան վարչակարգին եւ կը ջատագովէին ազատութեան ու արդարութեան գաղափարները, ինչպէս նաեւ զօրավիգ կը կանգնէին անոնց: Այդ թարգմանութիւններէն շատեր ներառեց իր դասագիրքերուն` «Մեղրագետ»-ներուն մէջ: Յետոյ, Զարդարեան «Ազատամարտ»-ի առաջին էջի վրայ տեղ տուաւ թուրք յառաջդիմական հրապարակագիրներու օսմաներէնով յօդուածներու, որոնք դրական անդրադարձ կ՛ունենային թուրք ուսեալ հասարակութեան վրայ: Երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը, սակայն, Զարդարեանին արգիլեց նմանօրինակ գրութիւններու լոյս ընծայումը «Ազատամարտ»-ի մէջ:
Այս հեզահամբոյր, հանդարտաբարոյ, վերին աստիճանի համեստ ու խոնարհ, յաւակնութիւններէ զերծ, ամբարտաւանութիւններէ հեռու, անխռով ու պաղարիւն (բայց ներսի կրակով հրաբորբ), մարդկային արժէքներով լեցուն գիւղացի, յաջողեցաւ «Ազատամարտ»-ի մէջ համախմբել շքեղ սերունդ մը, ունեցաւ օգնականներու եւ աշխատակիցներու փայլուն բանակ մը, որ ամբողջականօրէն տիրեց օրուան մթնոլորտին վրայ, մտայնութիւն ձեւաւորեց եւ յաջողեցաւ հասարակութիւնը իրեն կապել: ««Ազատամարտ»-ը վեց տարի արեւմտահայ լաւագոյն թերթը եղաւ», կը հաստատէ Յակոբ Օշական37:
Այսօր մեր գրական եւ հրապարակագրական պատմութիւնը կը խօսի «Ազատամարտի սերունդ»-ի մասին, որ իր մէջ կը հաւաքագրէ հետեւեալ մտաւորականները, գրողները եւ ազգային հասարակական գործիչները. Յարութիւն Շահրիկեան, Ռուբէն Դարբինեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Գեղամ Բարսեղեան, Հ. Մ. Համբարձումեան, Յ. Ճ. Սիրունի, Արտաշէս Յարութիւնեան, Զապէլ Եսայեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Յակոբ Քիւֆէճեան-Օշական, Ա. Վռամեան, Է. Ակնունի, Ս. Զաւարեան, Գ. Խաժակ, Շաւարշ Միսաքեան, Հայկ Թիրեաքեան, Կ. Փաշայեան, Բարսեղ Շահպազ, Գասպար Իփէքեան, Ներսէս Փափազեան, Գրիգոր Զօհրապ, Մշոյ Գեղամ, Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ), Մ. Վարանդեան, Ռուբէն Սեւակ, Լեւոն Շանթ, Վրթ. Փափազեան, Ռ. Լեռնեան, Սարգիս Մինասեան, Հմայեակ Մանուկեան, Լ. Մօզեան, Ս. Սրենց եւ ուրիշներ:
««Ազատամարտ»-ի խմբագրատունը ամբողջական Հայաստան մըն էր», կը հաստատէ Կարօ Սասունի եւ կը շարունակէ. «Մտաւորական ընտրանին հոն էր Արեւելեան եւ Արեւմտեան Հայաստանէն, գրագէտն ու ընկերաբանը, հռետորն ու քննադատը հոն կը մտնէին ազատ հայրենիքի սեմէն անցնելու պէս» (38):
Զարդարեան յաջողեցաւ «Ազատամարտ»-ին կապել նաեւ չէզոք գրիչի մարդիկ, ինչպէս կը տեսնուի նշեալ անուններուն մէջ, բան մը, որ «Ազատամարտ»-ը կը վերածէր հայ ժողովուրդի ձգտումներուն ամբողջական արտայայտիչը: Սահմանադրութեան տարիներուն (1908-1915) Պոլսոյ հայութեան մէջ ծուարած կուսակցական գձուձ պայքարը պատճառ կ՛ըլլար, որ գրագէտներ եւ մտաւորականներ ցեխարձակումներ ընէին իրարու, նոյնիսկ չխօսէին իրարու հետ: Զարդարեան ասոնց շարքին չէր: Դաշնակցական էր եւ Դաշնակցութեան գաղափարներուն տէր կանգնեցաւ «Ազատամարտ»-ի մէջ, այսուհանդերձ, կուսակցամոլ չէր: Շնորհիւ իր մարդկային ազնիւ խառնուածքին` ան միշտ պահեց իր սերտ կապերը հակառակորդ մտաւորականներու հետ: «Առաւելապէս զինք կը խանդավառէին միտքի ճիգերը: Ու ամէն անգամ, որ առիթը ներկայացաւ, չզլացաւ իր խրախուսանքը» (39): Բոլորին հետ սիրալիր մնաց` արժանանալով դաշնակցականներու կշտամբանքներուն: Բայց իր այդ խառնուածքին բերումով է որ շատ գրագէտներ, բանաստեղծներ ու մտաւորականներ կապուեցան «Ազատամարտ»-ին:
Զարդարեան միշտ կը խրախուսէր նորերը, որոնցմով կը սիրէր շրջապատուիլ: Կ՛ուզէր, որ «Ազատամարտ»-ը նաեւ ըլլայ երիտասարդներու բեմը:
Անոնցմէ մէկն էր Յ. Օշականը, որ տակաւին սկսնակ մըն էր, երբ սկսաւ աշխատակցիլ «Ազատամարտ»-ին: Պէտք էր ստեղծուէր նորը մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ հայութիւնը ամբողջովին կը գտնուէր պատմական ու ընկերային նոր պայմաններու եւ քաղաքական նոր մթնոլորտի մէջ: Զարդարեան շատ մտահոգ էր նորերու պատրաստութեամբ: Եւ այդ ուղղութեամբ տարաւ հսկայական աշխատանք: Հեռաւոր գաւառներու եւ գիւղերու մէջ «Ազատամարտ»-ը յաճախ իբրեւ դասագիրք ծառայեց ուսուցիչներու ձեռքը (40):
«Ռազմիկ»-ի օրերէն իսկ Զարդարեան կը յայտնէր, որ արտասահմանի մէջ շատոնց պէտք էր գոյութիւն ունենար հրատարակչական մը (41): Բարոյական դրամագլուխը կայ, կը գրէր ան, իսկ նիւթական դրամագլուխը երեւակայուածին չափ անյաղթահարելի դժուարութիւն մը չէ: Հոս-հոն անհատներ հրատարակած են գիրքեր, սակայն ատիկա հրատարակչական չի համարուիր:
Նոյն գաղափարը ունեցած է «Ազատամարտ»-ի օրերուն: Պոլսոյ մէջ կար կուսակցական պայքար, եւ Զարդարեանի այս ձեռնարկը քննադատուեցաւ իբրեւ դաշնակցականի գործ: Արշակ Չօպանեան իր քրոնիկներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ես երբեք համաձայն չեմ անոնց, որոնք այդ հրատարակչականի այժմեան վարիչներուն մէջ քանի մը դաշնակցական գտնուելուն համար այդ ձեռնարկը կուսակցամոլական անձուկ գործ մը նկատելով` անոր ամէն օժանդակութիւն մերժեցին: […] Ըստ իս, այդ կուսակցական համարուած հրատարակչականը կուսակցական գոյն չունի:
«Ռուբէն Զարդարեան, որ այս հրատարակչականին վարիչներու մէջ կարեւոր տեղ մը կը բռնէ, կուսակցական մը ըլլալէ առաջ գրագէտ մըն է իմ աչքիս, եւ մին` մեր ամէնէն ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գրագէտներէն» (42):
Բոլոր պարագաներուն, Հրատարակչականը, որուն ցանկացողն էր Զարդարեան, կրցաւ միայն մէկ գիրք հրատարակել, որմէ ետք ընկերութիւնը լուծուեցաւ (43) յամեցող կուսակցական պայքարին պատճառով:
* * *
Զարդարեան Ֆիլիպէէն գրած նամակի մը մէջ (30 մայիս 1906) Հրանդ Ալեանաքի (գրող եւ նկարիչ) կը յայտնէ, որ ճշմարիտ քննադատութիւնը ծանրակշիռ եւ նպատակայարմար կ՛ըլլայ այն ատեն միայն, երբ անիկա ուղղակի կը հարուածէ առաջադրուած գաղափարը, ոչ թէ` զայն հրապարակ նետող անձնաւորութիւնը: Անձերուն ուղղուած քննադատութիւնը նպատակին չի հասնիր. այսինքն` ոչինչ կ՛ըսէ հարցին մասին (44):
Զարդարեան, այլ բաներու կարգին, կը հաստատէ. «Հասարակութիւնը անձերէ առաջ` պէտք է որ շահագրգռենք եղելութիւններով, դէպքերու վերլուծումներով, սկզբունքներով: Սխալ ուղղութիւն մը եղած է ասկէ առաջ արտասահմանեան թերթերու բռնած ընթացքը, երբ քննադատելու ելած են, եւ այս իսկ պատճառով անոնք հայհոյած են, պոռացած են, նախատած են, միշտ աւերած են, բայց բան մըն ալ չեն կրցած շինել:
«Ռազմիկ»-ը տրամագծապէս հակառակ ուղղութիւն մըն է, որ բռնած է իր նախորդներէն ու պիտի չշեղի անկէ. համոզուած ըլլալով, թէ քննադատութեան նպատակն է ստեղծել» (45):
Քննադատութիւնը, ըստ Ռուբէն Զարդարեանի, կ՛ըլլայ` առանց կիրքի, առանց «անուանարկիչ տողերու»: Զուտ անձնական վէճերով բանակռիւը ծայր չունի եւ տեղ չի հասնիր:
Զարդարեան ունէր կուռ ոճ եւ մշակուած լեզու. կը գրէր ժողովուրդին հոգիէն բխող, նոյնինքն ժողովուրդը բնորոշող պարզ ու պատկերաւոր լեզուով: Կը կարդացուէր հաճոյքով: Երուանդ Սրմաքէշխանլեան հետեւեալ ձեւով կ՛արժեւորէ Զարդարեանի խմբագրականները եւ լեզուն. «[Խմբագրականները] զտուած, կանոնաւորուած, զոր կը կարդամ ամէն օր, եւ որ հակառակ լրագրական հեւասպառ աշխատանքի մը արդիւնքն ըլլալուն` բարձրօրէն գրական է, գեղեցիկ է, պատկերալից է եւ խրոխտ: Իր դէմքը` իբրեւ գրական մարդ եւ իբրեւ գործիչ, ամէնէն համակրելիներէն մէկն է, որոնց կը հանդիպինք մեր ազգային վերջին երեսնամեայ կեանքին մէջ: Նախանձի եւ մախանքի ալիքին տակ, որ ընդհանրապէս կը գոյանայ բարձր անհատականութեանց շուրջը, ան կը կենայ աննկուն եւ աւելի խրոխտ, ճի՛շդ այն իրողութեամբը, որով մեզ կը ներկայացնէ իր հոյակապ գամփռը» (46):
««Ազատամարտ»-ի քրմապետը» կ՛որակէ զինք Կարօ Սասունի (47): Իսկ Եդուարդ Պոյաճեանի հաստատումով`
«Յեղափոխական մտաւորականի ցայտուն տիպարներէն է, կրակ եւ ըմբոստութիւն ժայթքող կարմիր հրապարակագիր մը` «Ռազմիկ»-ի եւ Յեղափոխութեան ծաւալուն օրաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրապետը: Արեւմտահայերուն Ահարոնեանն է` իբրեւ յեղափոխական խօսքի աւետարանիչ» (48):
* * *
Կարգ մը գրաքննադատներ, որոնց գլխաւորը` Յակոբ Օշական, անշուշտ ուրիշներ ալ, կը յայտնեն, որ Ռուբէն Զարդարեանի գեղարուեստական գրականութիւնը շատ բան տուժեց խմբագրական-հրապարակագրական ծանրաբեռնուածութեան պատճառով: Ճիշդ է, որ Զարդարեան գրական արժէքով շատ քիչ բան արտադրեց, բայց շատ բան շահեցաւ հայ հրապարակագրութիւնը, որուն ներարկուեցաւ նոր ու մարտունակ արիւն:
Զարդարեան օժտուած էր թէ՛ գրագէտի եւ թէ՛ հրապարակագիրի տաղանդով: Ան գրագէտի տաղանդը էախառնած է նաեւ հրապարակագրութեան մէջ, որ որոշ չափով հռետորական շունչ մը ունի անկասկած: Մնաց որ, Զարդարեանի կարգ մը վիպակներուն եւ արձակ գրութիւններուն մէջ ալ քիչով-շատ թափանցած է հռետորութիւնը: Ու գրագէտը գրագէտ է միշտ բոլոր պայմաններուն տակ եւ գործերուն մէջ` խմբագրական, նամակ, ճառ կամ արձակ որեւէ գրութիւն: Մեր մէջ, յա՛տկապէս արեւմտահայ կարգ մը գրողներուն, գեղարուեստական գրականութիւնը եւ հրապարակագրութիւնը այնքան շաղախուած են իրարու հետ, որ գրական նոր սեռ մը յառաջացած է կարծէք:
* * *
«Ազատամարտ»-ի կողքին, Զարդարեան հրատարակած է նաեւ «Բագին» շաբաթաթերթը եւ«Յաւելուած Ազատամարտ»-ը, որոնք ունէին խնամուած բովանդակութիւն: Յակոբ Օշականի «Խոնարհները» խորագրեալ հատորին պատմուածքներուն մեծ մասը առաջին անգամ այստեղ հրատարակուած է:
Հոն լոյս տեսած են նաեւ օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններ: Կան նաեւ լուրջ ուսումնասիրութիւններ` ընկերային հարցերու մասին:
Սահմանադրութեան տարիներուն Զարդարեան նաեւ կ՛աշխատակցէր Պոսթընի «Հայրենիք»-ին, որուն կ՛ուղարկէր շաբաթական բազմաթիւ տեսութիւններ` «Աչք Եհովայի» ծածկանունով: Այս գրութիւններուն մէջ ան կը նկարագրէր Թուրքիոյ գործերը եւ հայ ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու աշխատանքները` Ամերիկայի մէջ ծուարած հայ պանդուխտներուն:
Այս բոլորով հանդերձ, մեր իրականութեան մէջ Զարդարեանի համբաւը աւելի կ՛երթայ գրագէտին (որ մեծ է իրաւամբ) քան` հրապարակագիրին: Սակայն մեր հրապարակագրութեան պատմութիւնն ալ, անկասկած, յատուկ տեղ կը վերապահէ Ռուբէն Զարդարեանին: Արդարեւ, իբրեւ խմբագիր եւ հրապարակագիր` Զարդարեան ցոյց տուաւ արտասովոր հմտութիւն: ՀՅԴ Պոլսոյ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը, անոր ղեկավարութեան տակ եղաւ եզակի երեւոյթ մը հայ մամուլի տարեգրութեան մէջ:
* * *
1914 օգոստոսի վերջաւորութեան Զարդարեան վերադարձաւ Էրզրումէն, ուր գացած էր մասնակցելու ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին:
Խանդավառութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ գացած էր, բայց վերադարձաւ մտահոգ ու յոռետես: Կը նախազգար մօտալուտ արհաւիրքը:
Խմբագրական չգրեց ա՛լ «Ազատամարտ»-ի մէջ: Ուժ կու տար գրական նիւթերու (49):
Սիրունիին տրուած էր պարտականութիւնը Զարդարեանը համոզելու, որ հեռանայ Պոլիսէն:
«Արժէք չտուաւ պնդումիս: Դասալքութիւն կը սեպէր հայ ժողովուրդը աղէտին գիրկը թողուլ ու հեռանալ երթալ:
«Հրաչն ու ես չենք կրնար Պոլիսը թողուլ. Հրաչը պէտք է մնայ իրեն վստահուած պարտականութեան գլուխը, իսկ ես «Ազատամարտ»-ի գլուխը ըլլամ մինչեւ իր վերջին օրը. միւսները կրնան հեռանալ. անոնք մնալու պատճառ մը չունին:
«Այս եղաւ իր կտրուկ պատասխանը ինծի» (51):
Զարդարեան մինչեւ վերջ մնաց իր որոշումին վրայ:
Թուրքերը տարին զինք:
«Ազատամարտ»-ը լոյս չտեսաւ 11/24 ապրիլ 1915-ին:
(Շար. 3 եւ վերջ)
– «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» ժողովածուի յառաջաբան
(35).- Ռուբէն Դարբինեան, «Կեանքիս գրքէն, փշրանքներ իմ յուշերէս», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԷ. տարի, թիւ 3, մարտ 1959, էջ 21:
(36).- Գաբրիէլ Լազեան, «Յեղափոխական դէմքեր (մտաւորականներ եւ հայդուկներ)» հրատարակութիւն ՀՅԴ Երիտ. միութեան, Գահիրէ, տպարան «Նուպար», 1945, էջ 213-214:
(37).- Յ. Օշական (կազմեց), «Հայ գրականութիւն», երրորդ տպագրութիւն, Երուսաղէմ, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, 1966, էջ 480:
(38).- Կ. Սասունի, «Ազատամարտի սերունդը», «Բագին» ամսագիր, Դ. տարի, թիւ 4-5, ապրիլ-մայիս 1965, էջ 9-10:
(39).- Յ. Ճ. Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», «Հայրենիք» ամսագիր, Գ. տարի, թիւ 3 (27), յունուար 1925, էջ 41:
(40).- Յ. Ճ. Սիրունի, ««Ազատամարտ»-ի սերունդը», «Հայրենիք» ամսագիր, Բ. տարի, յուլիս 1924, թիւ 9, էջ 118:
(41).- Ռ. Զարդարեան, «Հրատարակչականի մը պէտքը», «Ռազմիկ», Ա. տարի, 29 Ապրիլ 1906, թիւ 52:
(42).- Ա. Չօպանեան, «Քրոնիկ», «Անահիտ» հանդէս, Փարիզ, ԺԲ. տարի, մարտ-ապրիլ 1911, թիւ 3-4, էջ 91:
(43).- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ.:
(44).- Ռ. Զարդարեանի գրած նամակը Հրանդ Ալեանաքեանին, «Յուսաբեր» գրական, գեղարուեստական եւ գիտական բաժին, Ա. տարի, 7 սեպտեմբեր 1944, թիւ 2-134, էջ 17:
(45).- Նոյն:
(46).- Երուանդ Սրմաքէշխանլեան, «Ռուբէն Զարդարեան», գրական ասուլիսներ Դ., «Ռ. Զարդարեանի «Ցայգալոյս»-ը, հրատարակութիւն Էսաեան Սանուց միութեան, թիւ 4, Կ. Պոլիս, տպագրութիւն Օ. Արզուման, 1913, էջ 28-29:
(47).- Կարօ Սասունի, անդ.:
(48).- Եդուարդ Պոյաճեան, «Դէմքեր», Ա. հատոր, «Իր դէմքը», Պօղոս Սնապեան, Պէյրութ, տպարան Ատլաս, 1966, էջ 209:
(49).- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ, էջ 43:
(50).- Հրաչը Թիրեաքեան Հայկն է, «Ազատամարտ»-ի վարչական պատասխանատուն:
(51).- Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», անդ., էջ 43:
***) Վանթ-ֆրանսերէն` վաճառք, տպաքանակ իմաստով:
**