Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

Հոկտեմբեր 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Հրապարակագիրը

Ռուբէն Զարդարեան գրական-ստեղծագործական, հրապարակագրական, գրականագիտական եւ ուսումնասիրական գրութիւններով աշխատակցած է հետեւեալ թերթերուն. «Մասիս», «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Լոյս» «Արեւելք», «Դրօշակ», «Տարեցոյց Նշան Պապիկեանի», «Գաւառին Տարեցոյցը», «Ամէնուն տարեցոյցը», «Նաւասարդ Տարեգիրք», «Բիւրակն», «Երկունք», «Հայրենիք», «Արեւելեան Մամուլ», «Շիրակ», «Բամբեր» եւ «Ժամանակ»: Խմբագրած է «Ռազմիկ» եռօրեան եւ «Ազատամարտ» օրաթերթը:

Ա) «Ռազմիկ» եռօրեայ (Ֆիլիպէ, Պուլկարիա)

Զարդարեան «Ռազմիկ» եռօրեան խմբագրած է 15/28 Հոկտեմբեր 1905-էն մինչեւ 18 Հոկտեմբեր 1908:

«Ռազմիկ» պարբերականին նպատակը բանաձեւուած է «Մեր առաջադրութիւնը» խորագրեալ առաջին խմբագրականին մէջ (18): Այսպէս, ան պիտի հետապնդէ այն գաղափարները, որոնք կ՛երաշխաւորեն ազգային բարեշրջութիւնն ու փրկութիւնը. կապ մը ըլլալ հայ գաղթականութեան, ինչպէս նաեւ` գաղութներուն եւ մայր հայրենիքին միջեւ. զբաղիլ պալքանահայ գաղութին կենսական խնդիրներով. արձագանգ ըլլալ օտար քաղաքակրթութեանց վերանորոգման շարժումներուն, յատկապէս` պուլկար ժողովուրդին, որուն անմիջական դրացնութեան մէջ կը գտնուի պուլկարահայ գաղթականութիւնը: Տակաւին. ան պիտի քննարկէ` ընկերային հարցեր եւ երեւոյթներ, հանրային կենսական խնդիրներ: «Ռազմիկ»-ը պիտի չխուսափի պայքարէն, այնքան ատեն որ ատիկա կը վերաբերի գաղափարի մը յաղթանակին համար (19):

«Ռազմիկ» եռօրեան թէեւ կ՛առաջնորդուէր «խմբագրական մարմին»-ով մը, ինչպէս կ՛ըսէ անոր առաջին համարը, սակայն Ռուբէն Զարդարեան մինակն էր, որ կը խմբագրէր զայն: Ֆիլիպէէն Զապէլ Եսայեանին գրած մէկ նամակին մէջ ան կը գրէ (1/14 մայիս 1907).

«Այնքա՜ն վազնէ վազ, հեւ ի հեւ ու տենդոտ կեանք մը կ՛անցընեմ, ու երեւակայեցէք, որ շաբաթը երկու անգամ ալ թերթ մը պէտք է լեցնել, իւրաքանչիւր ելած թիւին ետեւէն անմիջապէս յաջորդին վրայ մտածել` գրեթէ միս մինակդ, առանց կարեւոր ուժ մը ունենալու քեզի իբրեւ թեւընկեր: Յոգնութիւն, խոնջէնք ու մտացիր վիճակ, առանց կարենալ ամփոփուելու զուտ գեղարուեստական աշխատութեան մը վրայ» (20):

Զարդարեան ձեռնհասօրէն հետապնդեց «Ռազմիկ»-ի առաջադրած նպատակները` շնորհիւ իր հմուտ եւ ճարտար գրիչին: Պուլկարիոյ մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու հարցերը քննարկելէ աւելի` իր մտասեւեռումը հայրենիքն էր, որ կը հեծէր օսմանեան լուծին տակ: Արձագանգ եղաւ` Թուրքիոյ մէջ խմորուող յեղափոխութեան, սահմանադրական կարգերու հաստատման, հայ աշխատաւորական դասակարգի շահագործման, ինչպէս նաեւ` քաղաքատնտեսական, մշակութային եւ այլ հարցերու:

Զարդարեան այցելեց Պուլկարիոյ զանազան շրջանները, ուր հայ գաղթականները հաստատուած էին: Մտահոգութիւն կը յայտնէր հայ վարժարաններու վիճակին մասին, որոնք կը գտնուին արգահատելի լճացումի մէջ` հակառակ այն իրողութեան, որ ամէն յարմարութիւն ունին զարգանալու: «Ազատութեան մէջ հայը առա՞ջ կ՛երթայ, թէ ետ», կը գրէր ան (21):

Իր այցելութիւններուն ընթացքին Պուլկարիոյ քաղաքներուն մէջ Զարդարեան էովին տպաւորուած էր հայ կիներու աշխատանքով: Գաղութին մէջ, գրեթէ ամէն տեղ, հայ կիներուն քով կը տեսնէր բարոյական աշխուժութիւն մը, ազգային կեանքի վերածնութիւն մը: Օրինակ` հետզհետէ սկսած են կազմուիլ Կարմիր խաչի ընկերութիւններ, որոնց կողքին կային նուագախումբ, երգեցիկ եւ թատերասէր խումբեր: Զարդարեան կը դրուատէ հայ կիները, որ մինչ այդ միայն տանտիկին, չէզոք եւ կրաւորական մնացած էին մեր մէջ: Ասիկա կը նկատէր յուսալի երեւոյթ մը, որ նախանշանը կու տայ ապագայի զարգացման» (22):

Սակայն պուլկարահայ գաղութը եւ առ հասարակ արտասահմանի հայագաղութները ընդհանրապէս խօսքով միայն զօրավիգ են հայ ազատագրական շարժումին եւ Հայ դատին, կը գրէ Զարդարեան: 1905-ի հայ- թաթարական կռիւներուն` «Արտասահմանի հայերուն բաժինը միմիայն հանդիսատեսի, պղատոնական վշտակրութեան եւ ա՜խ վա՜խ քաշելու դերը չէ: Պէտք է խորհիլ, թէ կռիւին մէջ գտնուող մեր եղբայրները իրենց ուժէն անհամեմատ վեր դիմադրութիւն մըն է, որ կ՛ընեն եւ մեր ամէնուս նիւթական ու շատ աւելի բարոյական աջակցութեանը կը կարօտին` մահուան կամուրջէն քիչ զոհաբերութեամբ անցնելու:

«Ամէնուս պարտականութիւնն է բաժնել այն երկու հզօր ուժերը, որ այսօր իրենց մէջ առած բուն ի՛սկ Հայկական խնդիրը` կը սեղմեն, կը ճնշեն ու անոր գոյութեան հետ կը խաղան» (23):

Զարդարեան մոլուցքով կը խօսի մեծ պետութիւններու Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ մակերեսային կեցուածքին մասին: Անոնք շատ աւելի կը հետաքրքրուին ազգային ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներով, քան` հայութեան: «Մինակ հայկական խնդիրն էր, որ գորդեան հանգոյցը եղաւ տէրութիւններուն. մօտեցան, հոտուըտացին ու միշտ քիթերնին մէկ կողմ դարձնելով` ետ քաշուեցան» (24):

Զարդարեան կը հաւատար, որ բիրտ ուժին դէմ միայն բիրտ ուժով կարելի է ընդդիմանալ եւ ինքզինք պաշտպանել, ինչ որ կը կատարուի արդէն Կովկասի մէջ: Պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին, եւ ամէն հայ պէտք է որ վարժ ըլլայ զէնքի գործածութեան: Ան կը մեղադրէ Եւրոպայի հայ ուսանողները, որ ոչ միայն չեն գիտեր զէնք գործածել, այլեւ մինչեւ հիմա չեն կրցած ըմբռնել զինավարժութեան անհրաժեշտութիւնը եւ անառարկելի օգտակարութիւնը, մանաւանդ որ մօտիկ ապագային անոնք դերակատարութիւն պիտի ունենան ազգային կեանքին մէջ: Ինքնապաշտպանութեան կարիք կայ, բայց անոնք զէնք բռնել չեն գիտեր:

Իսկ անդին` պուլկար երիտասարդները այդպէս չեն, անոնք կեանքի գիտակցութիւն ունին եւ կը ճանչնան քաղաքացիական պարտաւորութիւն:

Զարդարեան կոչ կ՛ուղղէ, որ հայ ուսանողութիւնն ու երիտասարդութիւնը պէտք է ըմբռնեն ֆիզիքական ուժին եւ զինավարժութեան կարեւորութիւնը եւ ապա անցնին գործնական աշխատանքի: Ամօ՛թ այն հայ երիտասարդներուն, որոնք չեն ուզեր լսել այս հրաւէրը, որ ազգին հրաւէրն է եւ պահանջը` միեւնոյն ատեն: «Պատմութիւնը չէ,  որ իրողութիւններ կը ստեղծէ, այլ իրողութիւններն են, որ պատմութիւնը կը կազմեն» (25):

Հայերէն առաջ ազատագրական պայքար մղող ընդհանրապէս բոլոր ժողովուրդներն ալ դիմած են զէնքի եւ ստացած են իրենց անկախութիւնը, կը շարունակէ Զարդարեան: Հայութիւնն ալ բռնած է այդ ճամբան, որ կրնայ մութ ու վտանգաւոր ըլլալ, ելեւէջաւոր, բայց ճշմարտութի՛ւնն է, որմէ զատ անցնելիք տեղ չունի հայութիւնը:

Հետեւաբար` «Անհրաժեշտ է, որ ամէն հայ, ի՛նչ գաղափարի ու սկզբունքի ալ պատկանի, որքա՛ն ալ անհաշտ կամ թշնամի զոհողութեան պայմաններուն, հաստատապէս համոզուի, թէ միակ ու տրամաբանական միջոցին էր, որ դիմեց իր Ազգը, առանց որուն` անկարելի էր մարդկօրէն ապրիլ անոր» (26):

Զարդարեան յօդուածաշարքի մը մէջ առարկայական քննութեան կ՛ենթարկէ` Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգերը, թրքական բանակը, գրականութիւնը (թիւ 15, 17, 19 եւ 20): Ան կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն միջեւ եղող անհաւասարութիւնը, կրօնական ըմբռնումները, ընկերային վիճակի խիստ մեծ տարբերութիւնները պատճառ եղած են, որ ընդհանուր գաղափարի մը շուրջ չհաւաքուին ժողովուրդները եւ «հանրային միեւնոյն նշանաբանը չունենան ամէնքն ալ իրենց դրօշակին վրայ» (27): Ան չէր պատկերացներ նաեւ, որ սուլթանը լայն բարեկարգումներ կատարէ թուրք պետութեան մէջ: Կամ` Զարդարեանի պատկերաւոր բացատրութեամբ. «Անասունը իր ցռուկը նորէն գառագեղէն դուրս երկնցնէ ու երկաթէ խաղխամներուն** ետեւ նոր պար մը սկսի» (28): Ան կը հիմնաւորէր, որ բոլոր անոնք, որոնք իրազեկ են սուլթան Համիտի արիւնաշաղախ եւ ահաւոր վարչութեան` անկարելի կը նկատեն բարենորոգումները, որովհետեւ ան թշնամի է Արդարութեան եւ Ազատութեան: Ուրեմն, ոչ մէկ յոյս, ոչ մէկ վստահութիւն, ոչ մէկ կարելիութիւն: «Պատմութիւնը ո՛չ հրաշքով կը կառուցուի եւ ո՛չ ալ իր մեծ անցքերը տէրվիշներու տըլըսմովը կ՛իրագործուին» (29):

Զարդարեան «Ռազմիկ»-ի մէջ իր խմբագրականները ստորագրած է մինչեւ 150-րդ համարը (30): Այս չի նշանակեր, թէ ատկէ ետք դադրեցաւ խմբագրելէ «Ռազմիկ»-ը կամ ա՛լ խմբագրական չգրեց: Զարդարեան նաեւ սովորութիւն ունէր չստորագրելու իր խմբագրականները: «Ազատամարտ» օրաթերթին մէջ բազմաթիւ խմբագրականներ կան, որոնց մեծ մասին տակ իր անունը չենք գտներ:

Բոլոր պարագաներուն, երբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ երիտ-թուրք յեղափոխութիւնը (յուլիս 1908), Զարդարեան շտապեց Պոլիս` իր գործուն մասնակցութիւնը բերելու հայութեան վերազարթնումի աշխատանքներուն: «Ռազմիկ»-ի 16 յունուար 1908-ի համար մէջ, անստորագիր, ան կը յայտնէր, որ կը գտնուինք պատմական դարագլուխի մը առջեւ, որովհետեւ Թուրքիոյ ընդդիմադիր տարրերուն մեծագոյն մասը, առանց ցեղի ու կրօնի խտրութեան, անցած է գործնական յեղափոխութեան` «Առաջադրելով բռնի ուժ` բռնի ուժի դէմ, մարտական դիմադրութիւն` բռնակալ ու աւերիչ ռեժիմին դէմ, հարուած` խօսքի տեղ» (31): Եւ անգամ մը որ վերնայ արդի ռեժիմը մէջտեղէն, եւ ժողովուրդի կամքը անցնի իշխանութեան գլուխ, այն ատեն իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր պահանջները կը ներկայացնէ` ջանալով յարգել տալ զանոնք նուիրագործել (32): Իսկ աշխատաւոր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար ամէնէն նպատակայարմար պետական կազմը, ըստ Զարդարեանի, ռամկավարադաշնակցական հանրապետութիւնն է (33):

Այսպէս թէ այնպէս, Ռուբէն Զարդարեանի նախատեսածին պէս, «Ռազմիկ»-ը միշտ մնաց ծանրօրէն լուրջ թերթ մը եւ մա՛նաւանդ վեր մնաց անձնականութիւններէ: Եռօրեան երբեք չեղաւ անձնական ատելութիւններու, քինախնդրութիւններու, վնասաբեր եւ անօգուտ աղմուկներու բեմ:

Ոչ ալ շեփորը եղաւ այդ բոլորին: Եւ արդէն գործունէութեան առաջին օրերուն Զարդարեան Արշակ Չօպանեանին գրած նամակի մը մէջ կ՛առաջադրէր, որ «Ռազմիկ»-ը` «Մեր բոլոր շարքերուն մէջ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան պատգամաւորներէն մէկն ըլլայ. եղբայրատեաց կիրքերը, հանրային փրկութեան սպառնացող վէճերն ու արարքները արիւնով կը լեցնեն սիրտս. չէ՛ք գիտեր, թէ անդին հայ ժողովուրդը երկրին խորերը ի՛նչ հաւատք, ի՛նչ վստահութիւն դրած է արտասահմանեան մեր գործիչներուն վրայ. անդարմանելի յուսահատութեան եւ կորուստի պիտի ենթարկուի այն օրէն, երբ իր մէջ այս վերջին հիասթափումն ալ տեղի ունենայ» (34):

Իրաւամբ, Ռուբէն Զարդարեանի առաջադրանքները արդարացան: Կարդալ «Ռազմիկ»-ը` կը նշանակէ թափանցել Զարդարեանի հոգիին մէջ, որ այնքա՜ն խորունկ է. կը նշանակէ զգալ անոր այլասիրութիւնը եւ նկարագիրը: Ան վեր մնաց բոլոր անձնական հարցերէ եւ կիրքերէ: Զարդարեանի գրութիւնները կը սնանին հոգիի տարրերով: Ընդառաջեց պայքարի հրաւէրին եւ անոր առաքեալը եղաւ: Մինչեւ վերջին օրը հայ հոգիին արիութիւնը ունեցաւ` առանց տեղի տալու կամ փախուստ տալու իրականութենէն, որ պիտի գար:

Անդուլ ու հաւատարիմ աշխատող մը եղաւ Հայ դատին` իբրեւ հրապարակագիր, հանրային գործիչ եւ քաղաքական մարդ: Տուեալները ցոյց կու տան, որ օժտուած էր բազմակողմանի շնորհներով, սակայն մէկ էր անոր գերագոյն մտահոգութիւնը` հայ ազգը եւ հայրենիքը: Ինք գիւղացի էր եւ հայ ազգին հիմնական խաւը կը նկատէր գաւառի հայութիւնը: Խարբերդը սիրտն էր հայրենիքին:

Հրահանգիչ եւ օրինակելի յուշ մըն է իր կեանքը` ոգեղինացած հաւատքը ապագայի: Հայրենաբաղձութիւնը` ազատ հայութեան իր ազատ հայրենիքին մէջ:

Բ) «Ժամանակ» օրաթերթ (Պոլիս)

«Ազատամարտ» օրաթերթի լոյս ընծայումէն անմիջապէս առաջ Զարդարեան կանոնաւորապէս աշխատակցած է «Ժամանակ» օրաթերթին (1/14 նոյ. 1908-էն մինչեւ 24 մարտ/6 ապրիլ 1909), ուր ստորագրած է 34 հրապարակագրական յօդուածներ: Տեղին է յայտնել, որ 2015-ին Պոլսոյ մէջ առանձին հատորով մէկտեղուեցան այս յօդուածները` Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ եւ Վահէ Թաշճեանի յառաջաբանով: Գիրքին խորագիրն է «Յօդուածներ», 201 էջ:

«Ժամանակ»-ին մէջ Զարդարեան կը քննարկէ սահմանադրութեան ստեղծման անմիջական շրջանը: Ան կը յայտնէ, որ մակերեսային եւ ձեւական փոփոխութիւններ կատարուած են Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ բռնատիրական արարքները կը շարունակուին սահմանադրական կարգերու տակ գրեթէ նոյն թափով: Զարդարեան ցանկացողն է ժողովրդավարական կարգերու հաստատման, ազգերու հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ` արդարութեան ստեղծման, հարստահարութիւններու վերացման, ազգային մշակոյթներու զարգացման, տնտեսական ազատութեան եւ վարչական ապակեդրոնացման սկզբունքի գործադրման. սակայն պետութիւնը, կը հաստատէ ան, գործնականին մէջ ոչինչ կ՛ընէ այդ ուղղութեամբ: Արդարեւ, չկան ընկերատնտեսական բարեկարգումներ, ընդհակառակն, պետութիւնը փտածութեան առաջնորդող բոլոր տուեալները ունի ըստ նախնոյն, ինչպէս` կաշառակերութիւն, միջնորդութիւն, քաղաքական դէմքերու միջամտութիւն, դիւանակալութիւն եւ այլն:

Զարդարեան չի բաւականանար երեւոյթներ մատնանշելով, այլ կ՛առաջարկէ նաեւ դարմաններ, որոնք կը բարելաւեն պետութեան կառոյցը եւ պետութիւնը պետութիւն կը դարձնեն: Այսպէս` սահմանադրական իրաւունքներու կիրարկում, վարչական ազատութիւն գաւառներուն, դատական կառոյցի արմատական փոփոխութիւն, ժողովրդավարական իրաւ կարգերու հաստատում, ուսման զարգացում` դպրոցներու եւ համալսարաններու ճամբով, բանակին մէջ զինուորագրութիւն բոլոր ազգային խմբաւորումներուն:

«Ժամանակ»-ին մէջ լոյս ընծայուած Զարդարեանի հրապարակագրական յօդուածները կարծէք նախերգանքն էին «Ազատամարտ»-ի, որուն մէջ ան պիտի ըլլար աւելի թելադրական, աւելի ուժգին եւ աւելի յարձակողական:

(Շար. 2)

– «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» ժողովածուի յառաջաբան

(18).- Խմբագրական մարմին, «Մեր առաջադրութիւնը», «Ռազմիկ» եռօրեայ, Ֆիլիպէ, Պուլկարիա, Ա. տարի, թիւ 1, 15 հոկտ. 1905:
(19).- Նոյն:
(20).- Ռ. Զարդարեանի նամակը Զապէլ Եսայեանին, Ֆիլիպէ, 1/14 մայիս 1907, Գ. Հ. Ազնաւուրեան (կազմեց եւ ծանօթագրեց), «Արեւմտահայ գրողների նամականի», գրական ժառանգութիւն, գիրք VI, պրակ I, Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1972, էջ 251:
(21).- Ռ. Զարդարեան, «Յուսալից շարժումներ», «Ռազմիկ», Ա. տարի, 25 փետր. 1906, թիւ 37:
(22).- Նոյն:
(23).- Ռ. Զարդարեան, «Բաժնէ որ տիրես (երկրորդ յօդուած)», «Ռազմիկ», Ա. տարի, 2 նոյեմբեր 1905, թիւ 6:
(24).- Ռ. Զարդարեան, «Նաւային ցոյցը», «Ռազմիկ», Ա. տարի, 5 նոյեմբեր 1905, թիւ 7:
(25).- Ռ. Զարդարեան, «Զինավարժութեան կոչ», Եւրոպայի Հայ ուսանող. միութեան կողմէ, «Ռազմիկ», Ա. տարի, 22 փետրուար 1906, թիւ 36:
(26).- Նոյն:
(27).- Ռ. Զարդարեան, «Թուրքիայէն կարելի՞ է յուսալ ընդհ. յեղափոխութիւն», «Ռազմիկ», Ա. տարի, 17 դեկտ. 1905, թիւ 19:
(28).- Ռ. Զարդարեան, «Սուլթանը Թուրքիան կը բարեկարգէ», «Ռազմիկ», Բ. տարի, 20 յունուար 1907, թիւ 126:
(29).- Նոյն:
(30).- Ռ. Զարդարեան, «Սատանան է», «Ռազմիկ», Բ. տարի, 12 մայիս 1907, թիւ 150:
(31).- Անստորագիր, «Դէպի գործ», «Ռազմիկ», Գ. տարի, 16 յունուար 1908, թիւ 217:
(32).- Անստորագիր, «Կարմիր պլօքը», «Ռազմիկ», Գ. տարի, 19 յունուար 1908, թիւ 218:
(33).- Նոյն:
(34).- Ռուբէն Զարդարեանի գրած նամակը Արշակ Չօպանեանին, Ֆիլիպէ, 8/21 նոյ. 1905, Ազնաւուրեան, անդ., էջ 235:

**) Խաղխամ-վանդակաձող, ճաղ:

**

(Շար. 1)

Նախորդը

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?