Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնութեան Յենասիւնը` Մշակոյթը…

October 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ինքնութեան մասին յաճախ կը խօսուի: Մշակոյթին մասին` նոյնպէս: Կ՛արժէ, սակայն, մտմտալ անոնց կապակցութեան ալ մասին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ այնքան կը խօսինք ու կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ մշակոյթի խաթարման ու կորուստին մասին: Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացմա՜ն:

Ինքնութիւն. ինչպէ՞ս սահմանել զայն, ինչպէ՞ս բանաձեւել, հասկնալ ու հասկցնել:

Ինքնութիւնը առաջին հերթին առնչուած է անունիդ-մականունիդ ու անոնցմո՛վ կ՛արտայայտուի: Ընդհանրապէս անունէդ կը գիտցուի ազգութիւնդ, իսկ ազգութիւնդ արդէն մշակութային հենք մը ունի` ունենալով հանդերձ պատմական, աշխարհագրական խարիսխներ: Միշտ չէ սակայն, որ անունդ իսկական հայելին ըլլայ ինքնութեանդ, քանի որ որեւէ անուն ամենայն դիւրութեամբ որեւէ ժողովուրդէ կը փոխանցուի մէկ ուրիշ ժողովուրդի` նոյնութեամբ կամ մանր փոփոխութիւններով, ինչպէս Սոման, որ մէկուն համար Սոնա կ՛ըլլայ, մէկ ուրիշին համար Սոնիկ կ՛ըլլայ, երրորդի մը համար` Սոնիա, տակաւին Սունա եւ այլն: Յաճախ դժուար է ազգային ինքնութիւնը գիտնալ: Նոյնպէս կը փոխուին մականուններ` երբեմն արկածով, երբեմն կամենալով, երբեմն ալ ուրիշին կողմէ պարտադրուելով, դարձեալ ծածկելով ինքնութիւնը:

Ի հարկէ ինքնութիւնդ առնչուած է նաեւ` ծնողքիդ, տան դաստիարակութեանդ, կրթութեանդ ու աշխատանքիդ կամ մասնագիտութեանդ հետ: Իսկ այդ բոլորն ալ ունին մշակութային առնչութիւն մը: Երբ կ՛ըսենք այսինչը բժիշկ է, այնինչը` կառավար, ամէն մէկը մարդու տարբեր տեսակ մը կը կարծենք եւ յատուկ ինքնութիւն մը կ՛ենթադրենք իւրաքանչիւրին պարագային, տարբե՛ր ինքնութիւն մը:

 

Այո՛, բազմաշերտ իրողութիւն մըն է ինքնութիւնը:

 

Անհատ մը կը ճանչցուի նաեւ` իր բնաւորութեամբ, իր ունեցած բարի եւ յոռի յատկութիւններով ու թերիներով, իր կատարած լաւ ու վատ գործերով, ընկերութեան մէջ իր վաստկած դիրքով ու համբաւով: Եւ երբ ինքնութեան պահպանման խնդիրը կը դրուի մեր առջեւ, ի հարկէ կամայ-ակամայ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ի վերջոյ ո՞ր ինքնութեան մասին է խօսքը:

Ինչ կը վերաբերի մշակոյթին, այն ա՛լ աւելի հարուստ է տարբերակներով` տարբեր երեսներով, տարբեր ընբռնումներով, շերտաւորումներով:

Ի՞նչ է մշակոյթը, ո՞ւր կը սկսի ան, ո՞ւր կը յանգի, ինչպէ՞ս իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ մեր վրայ եւ ձեւ կու տայ մեր ինքնութեան: ԹԷ՞ հակառակն է, եւ մեր ինքնութիւնն է, որ ձեւ կու տայ մեր մշակոյթին:

Բառը ինքնին հետաքրքրական է իր արմատով. չէ՞ որ մշակելը հողէն կը սկսի, հողը մշակելով: Եւ անկէ կ՛անցնի` մեր բարքերուն, սովորութիւններուն, վարուելակերպին, ուրախութեան ու վիշտի արտայայտութիւններուն, իրարու հետ հաղորդակցութեան, ու կը հասնի մինչեւ Արամազդ ու մինչեւ Աստուած:

Յաճախ, երբ մշակոյթ կ՛ըսենք, նախ եւ առաջ կը հասկնանք երգ ու պար, բեմ ու պաստառ, գիր ու գրականութիւն, բայց նաեւ աւելի ու աւելի սկսած ենք հասկնալ ուտեստեղէն, մինչեւ անգամ` ապրելակերպ: Այո՛, մեր խոհանոցն ալ մեր մշակոյթի մէկ արտայատութիւնն է, մէկ երեսը, թերեւս ամէնէն մնայուն եւ կայուն երեսը` առնչուած մեր առողջութեան: Այսինքն մեր կեանքին, կեանքի ապահովութեան: Սակայն չենք անդրադառնար թերեւս, որ մշակոյթի բոլոր երեսները կապուած են մեր առողջութեան, քանի մեզի սնունդ կը հայթայթեն, հոգեկա՛ն սնունդ, որ մարմնականէն աւելի ալ կարեւոր կրնայ ըլլալ:

 

Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ մշակոյթ պահել, պահպանել, որուն մտասեւեռումը ունինք տեւաբար: Իրապէս կարելի՞ է մշակոյթը անխաթար պահել: Կարծէք հակասութիւն մը կայ մշակոյթ բառին, (մշակումը տեւական գործընթաց մըն է) եւ պահել բառին միջեւ, քանի որ այս վերջինը կ՛ենթադրէ առկայ իրավիճակի մը անփոփոխութիւնը: Որմէ ալ` առաջին պարբերութեամբ դրած հարցումս` խաթարո՞ւմ, թէ՞ զարգացում: Որքա՜ն քաղաքակրթական ազդակներ` վայր, ժամանակ, սերունդ, շրջապատ եւ այլն, իրենց անմիջական ու անխուսափելի ազդեցութիւնը կ՛ունենան մեր վրայ` մեր մշակոյթին վրայ: Դիմադրե՞լ, ընդունի՞լ, համակերպի՞լ, թէ՞ օգտուիլ այդ ազդեցութիւններէն: Ահա դժուար ընտրանքներ:

Նոյնն է լեզուի պարագան: Լեզուն, որ ինքնութեան գլխաւոր արտայայտիչը կրնայ ըլլալ, եթէ անշուշտ, կրելով հանդերձ բոլոր ազդեցութիւնները, յաջողած է շարունակել ապրիլ: Մշակուելով, վերամշակուելով ու զարգանալով: Բայց ապրած է, որովհետեւ խօսուած է, գրուած է, կարդացուած է:

Մշակոյթը` յենասիւնը ինքնութեան: Թէ՞ ինքնութի՛ւնը` յենասիւնը մշակոյթին: Թէ՞ բոլորովին տարբեր ձեւով դրուած` ինքնութիւնը համազօր է մշակոյթին, մշակոյթը` համազօր ինքնութեան:

 

Մտածենք այս մասին: Նա՛եւ այս մասին:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.