Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Զարդարեան Ուսուցիչ-Մանկավարժը Եւ Հրապարակագիրը

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Ռուբէն Զարդարեան (1874-1915) կը պատկանի արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ կամ արուեստագէտ սերունդին:

Բացառիկ մշակողներէն է ան հեքիաթին, որ գրականութեան դժուարագոյն սեռերէն մէկն է. կարելի է ըսել նոյնիսկ, որ հեքիաթին անմրցելի վարպետն է: Հեքիաթներու կողքին, ստորագրած է պատմուածքներ, պատկերներ եւ վիպակներ: Անոր լաւագոյն գրութիւնները լոյս տեսան 1910-ին, Պոլիս, «Ցայգալոյս» խորագրեալ հատորին մէջ, որ հետագային արժանացած է հինգէ աւելի հրատարակութիւններու` Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ` անտիպներու որոշ յաւելումներով: Զարդարեանի գործերէն ոմանք թարգմանուած են ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի:

Զարդարեան գրագէտին միջավայրը առաւելաբար եղած է Խարբերդը: Ան իրեն հետ Պոլիս բերաւ գաւառի հայադրոշմ գրականութիւնը: Կը հակադրուէր Պոլսոյ մէջ մշակուած գրականութեան, զոր կը նկատէր ինքնատիպ հանգամանքներէ զուրկ, եւ որ` հետեւած է «լոկ արուեստին եւ անձնական գրականութեան» (1): Ան համոզումով կը յայտնէր, որ պոլսահայ գրագէտը կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է նպաստէ գաւառի գրականութեան ծլարձակումին ու զարգացման: «Զարդարեան բնութեան նկարագրութիւնը ըրաւ աւելի նուրբ թափանցումով` աւելի վշտոտ մարդկայնութիւն մը պտտցնելով նկարներուն վրայ» (2):

Զարդարեան կատարած է թարգմանութիւններ` եւրոպացի, ռուս եւ թուրք գրողներէ: Գրական ծածկանուններն են` Աչք Եհովայի, Բաբգէն, Զարդար, Զարման, Էժտահար, Հայ Աքսորականը, Հրաչ եւ Հրաչեայ:

Զարդարեան մեր իրականութեան մէջ ճանչցուած է իբրեւ գրագէտ, որուն մասին կան բազմաթիւ գրութիւններ: Սակայն աւելի քիչ ճանչցուած են անոր ուսուցչական-մանկավարժական, ինչպէս նաեւ հրապարակագրական գործերը, որ կը ներկայացնենք այստեղ:

Ուսուցիչ-Մանկավարժը

Զարդարեան ուսուցչութիւն ըրած է կեանքի զանազան փուլերուն եւ տարբեր միջավայրերու մէջ: 1892-ին կը դասաւանդէ Թլկատինցիի դպրոցը, ապա շուրջ երեք տարի` ֆրանսացի կրօնաւորներու «Քլարեան» վարժարանին մէջ (Խարբերդ), ուր ապաստան փնտռած էր 1895-ի աղէտի օրերուն:

1897-ին Յակոբ Սիմոնեանի հետ կը հիմնէ Մեզրէի (Խարբերդ) Ազգային Կեդրոնական վարժարանը: Յակոբ Սիմոնեան եւ Ռուբէն Զարդարեան իրարմէ երկու տարբեր խառնուածքներ ունէին, բայց կը լրացնէին զիրար: Զարդարեան կը ստանձնէ փոխտեսուչի պաշտօնը, սակայն արտաքին աշխարհը իր անունով կը ճանչնայ դպրոցը: Յակոբ Սիմոնեանի սպանութենէն ետք Զարդարեան կը նշանակուի տնօրէն:

Զարդարեան չունէր մանկավարժական կամ համալսարանական պատրաստութիւն, սակայն շնորհիւ իր բնածին ձիրքերուն, ինքնաշխատութեան եւ յամառ ընթերցող մը ըլլալուն, ինչպէս նաեւ` գրելու տաղանդին, մեծ վարկ ապահոված էր իբրեւ ուսուցիչ ոչ միայն Խարբերդի մէջ, այլեւ` անկէ դուրս: Ան կը դասաւանդէր բարձր կարգերու հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն եւ ֆրանսերէն:

Կեդրոնականի (Մեզրէի) իր պաշտօնակիցներէն մէկը կը հաստատէ. Զարդարեան «իր հմայքով` իբրեւ բանաստեղծ-գրագէտ եւ իբրեւ մարդ` իր գրաւիչ անհատականութեամբ, վարժարանի ոգին էր: Արտաքին աշխարհը, կարելի է ըսել, Զարդարեանով կը ճանչնար Կեդրոնականը»3: Արդարեւ, Զարդարեան ամենասիրելի ուսուցիչն էր Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ: Ան գրաւած էր աշակերտներուն սիրտն ու հոգին` շնորհիւ իր մաքուր մարդկային եւ գաղափարական դաստիարակութեան մեթոտներուն:

Զարդարեան Կեդրոնականը օժտած էր կարող եւ նուիրուած ուսուցիչներով, որոնց հետ կը գտնուէր մնայուն գործակցութեան մէջ:

1901-ին Կեդրոնականը կու տար իր առաջին հունձքը: Այդ առթիւ Զարդարեան ընթացաւարտներուն համար եւ իբրեւ պսակ իր դաստիարակչական գործին` գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք երգի վերածուելով` երգուած են մանչերու եւ աղջիկներու կողմէ (4):

Մեզրէի մէջ Զարդարեան կատարեց դաստիարակչական շատ ընդարձակ եւ կարեւոր աշխատանք: Ամէն բանէ առաջ ան պայքարեցաւ գիւղական-գաւառային մտայնութեան փոփոխութեան ի խնդիր, այսինքն` նախապաշարումներու դէմ: Զարդարեան թէեւ մեծցած էր այդ մթնոլորտին մէջ, սակայն ինքնաշխատ զարգացումին շնորհիւ` տիրացած էր մտային լայն հորիզոնի:

Զարդարեան խորապէս ջատագով էր իգական սեռի դաստիարակութեան: Առաջին հերթին նախանձախնդիր եղաւ Մեզրէի մէջ աղջկանց վարժարանի մը հիմնումին` մանչերու վարժարանին կից: Մինչեւ այն ատեն աղջիկները կ՛աւարտէին մանկապարտէզը միայն, որմէ ետք կը մնային տունը առտնին գործեր կատարելու: Զարդարեան պայքարեցաւ նաեւ աղայական մտայնութեան դէմ, ըստ որուն, իգական սեռը պէտք չէր որ ուսում առնէր: Զարդարեան անցած կը նկատէր այլեւս այս մտայնութիւնը: Պէտք է ըսել, թէ ի պատիւ իգական սեռին եւ պայքարելու համար այս մտայնութեան դէմ, Մեզրէի մէջ հրապարակ իջան նաեւ լուսամիտ կիներ, որոնք «դռնէ դուռ պտտելով` հանրագրութիւն կը կազմեն ի նպաստ աղջկանց վարժարանի հիմնարկութեան եւ կը յաջողին» (5):

Եւ հիմնուեցաւ Մեզրէի Կեդրոնական աղջկանց վարժարանը:

1902-ին աղջկանց վարժարանի շրջանաւարտուհիներու հանդէսին համար Զարդարեան պատրաստեց ներկայացում մը, «որուն մէջ հայ իգական սեռը երեւան կու գար կրթութեան եւ ուսման նախանձախնդիր իր զգացումով եւ զոհողութեան ոգիով» (6):

Շրջանաւարտուհիներուն մեծ մասը նետուեցաւ ուսուցչական ասպարէզ` անձնուրացութեան եւ նուիրումի սքանչելի ոգիով ներշնչուած:

Զարդարեան Կեդրոնականի մէջ ժամանակ տրամադրեց նաեւ մանկապարտէզին եւ յարմար առիթներու գրեց գողտրիկ բանաստեղծութիւններ` մատաղ հոգիներուն կամ, իր բառերով, «դաշտի ծաղիկներուն»: Իսկ այդ բանաստեղծութիւնները կ՛երգուէին զուարթ եղանակներու վրայ:

Զարդարեան շաբաթը անգամ մը` իբրեւ պարտականութիւն, շարադրութեան նիւթ մը կու տար աշակերտներուն, որ գրեն: Ինք պատին վրայ կը գրէր շարադրութիւնը, որ կ՛ընդօրինակէին աշակերտ-աշակերտուհիները: Ան կը թելադրէր, որ նախ պէտք է ուսումնասիրել նիւթը, մտածել անոր մասին, «կարգաւ գծել պատկերը ձեր մտքին մէջ, յետոյ ալ շղթայի նման քակելով` յանձնեցէք թուղթին, բայց` միշտ ձեր պապենական պարզ լեզուով» (7): Արդարեւ, Զարդարեան կը խորշէր այն շարադրութիւններէն, որոնք մեծ բառերով գրուած կ՛ըլլային: Կը զգուշացնէր աշակերտները ուռուցիկ բառեր գործածելէ:

«Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» ընկերակցութիւնը, որ 1930-ին Փարիզի մէջ հրատարակած է Զարդարեանի ամբողջական երկերը, անոր կենսագրական ծանօթութիւններուն մէջ կը յայտնէ, որ Զարդարեանի աշակերտներէն մէկուն քով (Ամերիկա) կայ ձեռագրերու տետրակ մը, «ուր քով քովի բերուած են ուսուցիչ Զարդարեանի բոլոր այն էջերը, զորս ան սովորութիւն ունէր գրել գրատախտակին վրայ` շարադրութեան իբրեւ փորձեր: Ապահովաբար անոնք գրի առնուած են ներշնչումի անսպասելի պահերուն, որոնցմով ա՛յնքան կը հրճուէր իր հոգին» (8): Այդ տետրակին մէջ կան նաեւ հեքիաթներու եւ գաւառական ուսումնասիրութիւններու հաւաքածոյ մը, որմէ ոչ մէկ էջ լոյս տեսած է մինչեւ այսօր:

Զարդարեան Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանին մէջ կը դասաւանդէր նաեւ Հայոց պատմութիւն, որ արգիլուած էր կառավարութեան կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ այս նիւթը կը դասաւանդուէր գաղտնի: Կրթական տարեշրջանի սկիզբը Զարդարեան պատմութեան դասապահերը կը յատկացնէր գաղտնապահութեան: Ան աշակերտներուն կը բացատրէր եւ կը սորվեցնէր գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը: Հարկ կ՛ըլլար նաեւ կրթական տարեշրջանի ընթացքին ատեն-ատեն կրկնելու անոր անհրաժեշտութիւնը:

Պատմութեան դասաւանդման համար դասագիրք չկար: Զարդարեան գրատախտակին վրայ կը գրէր Հայոց պատմութեան դէպքերն ու դէմքերը, իսկ աշակերտները կ՛ընդօրինակէին մասնաւոր տետրակներու մէջ եւ կը պահէին գաղտնի: Զարդարեան «պատմելու այնքա՜ն շնորհալի վարպետ էր, որ պատմած ժամանակ բոլորս ալ ականջ դրած` անոր շրթունքներէն կախուած կը մնայինք եւ` մենք մեզ մոռցած, կարծես երազային աշխարհ մը կը փոխադրուէինք» (9):

Զարդարեան կը խորշէր այն աշակերտներէն, որոնց մէջ կը պակսէր թռիչքը. կը համակրէր բոլոր երիտասարդներուն, որոնք խենթութիւններ ունէին:

Մեզրէի իր ուսուցչութեան տարիներուն, յատկապէս` Կեդրոնականի մէջ, Զարդարեան ամէն բանէ առաջ պատրաստեց ուսուցչական մարդուժ: Եղան բազմաթիւ շրջանաւարտներ եւ շրջանաւարտուհիներ, որոնք նուիրուեցան ուսուցչական ասպարէզին եւ տարածուեցան Խարբերդի զանազան գիւղերուն եւ շրջակայքին մէջ` դաստիարակչական առաքելութեամբ: Եղան նաեւ ոմանք` մտաւոր լայն պաշարով օժտեալ երիտասարդներ, որոնք իբրեւ գրագէտ եւ հանրային գործիչ` արդիւնաւոր դեր կատարեցին մեր ազգային կեանքին մէջ ամէնուր:

Զարդարեան «ո՛րքան գրագէտ, ա՛յնքան ուսուցիչ է, որքան գրականութեան, այնքան ալ ուսուցչութեան լայնալիր համակրանք մը ունի: Գրականութեան մասին ունեցած բազմակողմանի ձեռնհասութիւնը կը պատկերանայ զուգահեռաբար ուսուցչական արեւիշուշտ* պաշտօնին մէջ ալ, ու միեւնոյն ելեկտրացումը որ կը կայանայ ընթերցումին մէջ` հանդէպ իր գրուածքներուն, կը ծածանի նաեւ ուսանողութեան համակրանքին մէջ`  հանդէպ իր դասախօսութիւններուն» (10):

Կրթական-դաստիարակչական աշխատանքներու կողքին, մեծ եղաւ Զարդարեանի դերը հասարակական գործերուն եւ մանաւանդ յեղափոխական աշխատանքին մէջ: Իր շունչով յեղափոխական դաստիարակութիւն կը ստանային երիտասարդներ, որոնց վրայ ունեցաւ անջնջելի հետք: Այդ գործունէութիւնը չվրիպեցաւ կառավարութեան ուշադրութենէն, որ 1903-ին ձերբակալեց զինք եւ բանտարկեց Թլկատինցիի եւ քանի մը այլ ուսուցիչներու հետ: Տարի մը բանտին մէջ մնալէ ետք տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւն, եւ Զարդարեան ազատ կ՛արձակուի, բայց ա՛լ չի կրնար մնալ Խարբերդի մէջ:

1904-ին Զարդարեան հանդերձ ընտանեօք կը տեղափոխուի Զմիւռնիա, ուր ազգային հոգաբարձութեան կողմէ հրաւիրուած էր ստանձնելու տեղւոյն Ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը: Սակայն հոս ալ արգելքի կը հանդիպի թուրք իշխանաւորներու կողմէ: Հարկադրաբար կ՛անցնի մերձակայ Մանիսա քաղաքը, ուր կը ստաձնէ հայ վարժարանի տեսչութիւնը` մէկ կրթական տարեշրջան:

1905-ին տեղի կ՛ունենայ սուլթան Համիտի մահափորձը: Նոյն ատեն Զմիւռնիոյ մէջ ալ կը կատարուէին յեղափոխական աշխատանքներ: Զարդարեան կը դառնայ կասկածելի: Կը խուզարկեն տունը. կը բանտարկուի երկու շաբաթ: Ընկերներու աջակցութեամբ, իբրեւ փախստական` կ՛ապաստանի Ֆիլիպէ, Պուլկարիա եւ կը ձեռնարկէ «Ռազմիկ» եռօրեայի խմբագրական աշխատանքներուն:

Զարդարեանի ուսուցչական ասպարէզին յաջորդ եւ վերջին հանգրուանը կ՛ըլլայ 1909-1915: «Ազատամարտ» օրաթերթի խմբագրութեան կողքին, ուսուցչութիւն կ՛ընէ Հայրիկեանի Արդի վարժարանին եւ Պոլսոյ Կեդրոնականին մէջ:

* * *

Իր կրթական-մանկավարժական գործունէութեան Պոլսոյ շրջանին Զարդարեան պատրաստեց «Մեղրագետ» խորագրեալ հայերէն ընթերցանութեան, գրականութեան եւ հայ լեզուի դասագիրքերու շարք մը, թիւով` վեց հատ: «Մեղրագետ»-ի հիմնական նպատակը եղած է Միտքի եւ Արուեստի գեղեցկութիւններուն առջեւ զմայլանք առաջացնել նորահաս սերունդին մէջ, եւ ատոնց ստեղծագործ ազդեցութեան տակ` բեղմնաւորել սերունդին միտքն ու հոգին» (11):

Զարդարեան «ունայն եւ ամուլ» կը նկատէր գրագիտութեան կանոնները` հիմնաւորելով,  որ անոնք գոյութիւն ունեցած են գրականութեան ստեղծումէն ետք եւ ոչ` անկէ առաջ: Արդարեւ, գրողները ոչ մէկ կանոն եւ օրէնք ունեցած են իբրեւ ուղեցոյց` բացի ստեղծագործ արուեստէն: «Ահա թէ ինչո՛ւ կը հրաւիրենք ուսուցիչները մէկ կողմ դնել գրագիտական կանոններու աննպատակ ծանրաբեռնումը տղուն մտքին վրայ եւ տրամադրելի ժամերը նուիրել գեղեցիկ էջերու ընթերցման ու գեղեցկագիտական վերլուծման` անոնցմով թաթաւելու համար լոյսին բացուող իմացականութիւնները: Բաւական է, որ գեղեցկութեան ճառագայթ մը իյնայ ընդունակ հոգիներու խորքը. անիկա պիտի արթնցնէ անոնց մէջ ինչ որ կայ կենսալից եւ պիտի մղէ փթթելու» (12):

Գրագիտութեան փոխարէն` Զարդարեան կ՛առաջարկէ սորվեցնել գրական սեռերու ծագման եւ զարգացման պատմութիւնը, ինչ որ ինք ըրած է, ցոյց տալով Արուեստի զանազան ձեւերը եւ անոնց առաջացումը: Ասիկա գիրքին ամէնէն կարեւոր մասերէն մէկը կը կազմէ, ինչ-որ տեղ գտած է բարձր կարգերու «Մեղրագետ»-ի վերջաւորութեան: Զարդարեան այս ուսումնասիրութիւնը պատրաստած է մեծ խնամքով եւ շատ օգտակար է գրականութեան հետեւող ուսանողներու համար: Մինչեւ այսօր կը պահէ իր այժմէականութիւնը:

Իր բոլոր դասագիրքերուն մէջ Զարդարեան ունեցած է համահայկական եւ համամարդկային մտածողութիւն: Ան կը նպատակադրէր ընդհանուր զարգացում եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել նորահաս սերունդներուն մէջ: Այսպէս, «Մեղրագետ»-ին մէջ կողք կողքի տեղ գտած են թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ՛ արեւելահայ գրողներէ հատուածներ` պահելով հանդերձ «Թիֆլիսի եւ Կ. Պոլսոյ հայերէնը»: Զարդարեան կը հիմնաւորէ, որ «հայ երկու բարբառներով մշակուած գրականութիւններուն ամբողջութիւնն ու միութիւնն է, որ կը ներկայացնէ Հայ Միտքը» (13): Աւելի՛ն. հոն լուսաւոր հատուածներ կան նաեւ եւրոպացի, ռուս եւ յատկապէս թուրք ժամանակակից գրողներու մտածումներէն` ընթացք տալու համար ազգերու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ` ընդարձակելու ոչ հայ գրականութիւններու հետ շփումը: Հոն տեղ գտած թարգմանութիւններուն մեծ մասը կը պատկանի Զարդարեանին: Տեղին է հաստատել նաեւ, որ մինչ այդ գործածութեան դրուած Պոլսոյ հայերէն դասագիրքերու մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղ կը գտնէր «մեր բնակակից մէկ կարեւոր ցեղին` թուրքին միտքը: […] Գրականութիւնն է մէկը այն միջոցներէն, որ կարող պիտի ըլլայ կամաց-կամաց ներդաշնակութիւն ստեղծել երկու բնակակից ցեղերու հոգեբանութեան մէջ` հին կուտակուած դառնութիւնները չքացնելով ու անոնց տեղ ստեղծելով աւելի մարդկային, աւելի ազնիւ եւ երկու ժողովուրդներուն յառաջդիմութեանը ծառայող աւելի գիտակից զգացումներ» (14):

«Մեղրագետ»- ներու շարքի լոյս ընծայումէն առաջ Պոլսոյ իրականութեան մէջ կը կիրարկուէին կարգ մը դասագիրքեր: «Մեղրագետ»-ի երեւումէն ետք մէկ կողմ դրուեցան ատոնցմէ շատեր: «Մեղրագետ»-ը դարձաւ հայ լեզուի եւ գրականութեան ամէնէն փնտռուած դասագիրքը (15):

Զարդարեան «Մեղրագետ»-ին մանկավարժական դասաւորումը կատարած է մեծ հմտութեամբ: Գրական կտորները ընտրուած են լաւ ճաշակով:

Զարդարեան իւրաքանչիւր հեղինակի համար պատրաստած է շատ համառօտ եւ ինքնատիպ կենսագրական. բա՛ն մը, որ մինչ այդ չէր եղած ամբողջ արեւմտահայ մանկավարժութեան մէջ: Սիրունի կը հաստատէ. «Բայց առաւելապէս անոր բերած հայրենի շունչն էր, որ գիրքը սիրցուց: Առանց հռետորութեան եւ առանց թմբուկի` հայ հոգին էր, որ կը ցոլանար հոն» (16):

Ակնարկելով «Մեղրագետ»-ի բարձրագոյն դասարաններու հատորին, Արամ Հայկազ կը հաստատէ որ այնքան լաւ պատրաստուած էր, որ «քեմալականները, Պոլիս մտնելուն պէս, առաջին գործերնուն մէկը եղաւ հայ դպրոցներուն մէջ անոնց գործածութեան արգելումը» (17):

Որովհետեւ` Հայ հոգին էր, որ կը ցոլանար հոն:

(Շար. 1)

– «Ռուբէն Զարդարեանի անտիպ նամակները» ժողովածուի յառաջաբան

(1).- Ռուբէն Զարդարեան, «Վաղուան գրականութիւնը«, «Մասիս», 49-րդ տարի, 30 Դեկտ. 1900, թիւ 40, էջ 631ա:
(2).-  Օշական, «Հայ գրականութիւն», երրորդ տպագրութիւն, Երուսաղէմ, տպ. Սրբոց Յակոբեանց, 1966, էջ 543:
(3).- Տոքթ. Ն. Տ. Ս. Թաշճեան, «Կրթական շարժում մը», Յուշեր Մեզրէի (Խարբերդ) Կեդրոնական երկսեռ վարժարանէն, «Հայրենիք» ամսագիր, Ը. տարի, թիւ 9 (93), յուլիս 1930, էջ 109:
(4).- Նոյն, էջ 115:
(5).- Նոյն, էջ 114:
(6).- Նոյն, էջ 118:
(7).- Ուրուական, «Յուշեր Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանէն», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԷ. տարի, թիւ 4, ապրիլ 1959, էջ 92:
(8).- Ռուբէն Զարդարեան, «Ամբողջական երկեր», Ա. արձակ էջեր եւ հեքիաթներ, «Նահատակ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար թիւ 1, Փարիզ, 1930, էջ 13:
(9).- Ուրուական, անդ., էջ 90:
(10).-  Յակոբ Փափազեան, «Ռուբէն Զարդարեան», «Արեւելք» օրաթերթ (Պոլիս), ԺԹ. տարի, 2/15 Մայիս 1902, թիւ 4935:
(11).- Ռուբէն Զարդարեան, «Մեղրագետ», ժողովածու արդի հայ եւ օտար գրականութեան, բարձրագոյն կարգերու համար, հրատարակութիւն «Արծիւ» ժողովրդական գրավաճառանոցի, Կ. Պոլիս, 1911, էջ 4:
(12).- Նոյն:
(13).-  Նոյն:
(14).- Նոյն, էջ 5:
(15).-  Յ. Ճ. Սիրունի, «Ռուբէն Զարդարեան», «Հայրենիք» ամսագիր, Գ. տարի, թիւ 3(27), Յունուար 1925, էջ 39:
(16).-  Նոյն:
(17).- Արամ Հայկազ, «Ռուբէն Զարդարեան», Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Հայրենիք» տարեգիրք-տօնացոյցին մէջ, 1948, վեցերորդ տարի, տպարան «Հայրենիք», Պոսթըն, էջ 55:

 *) Արեւիշուշտ – ապաշնորհ, ապերախտ:

Նախորդը

«Ղարաբաղը Հայաստանին» Շարժումը Ստալինեան Բռնաճնշումներ Եւ Սկիզբ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմին

Յաջորդը

Ուշ Է, Բայց Շատ Ուշ Չէ…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Մեր Սուրբ Թարգմանիչները (Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առիթով)

Հոկտեմբեր 11, 2025
Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Հայրերը Թող Չանիծեն Մեզ…

Հոկտեմբեր 11, 2025
Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու
Անդրադարձ

Միջոցներ Որդեգրել` Թարգմանչաց Աւանդը Վառ Պահելու

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?