Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Քարոզչամեքենան Հայերը Կը Մեղադրէ Փարիզի Մէջ

October 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի ցեղային զտումէն (5000 զոհ, 120.000 գաղթական) երկու տարիներ եւ Ազրպէյճանի ներխուժումէն 5 տարիներ ետք Փարիզի սրտին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ (Place de la République) բացուած է ազրպէյճանական անթոյլատրելի լուսանկարչական բացօթեայ ցուցահանդէս մը, որ հայերը կ՛ամբաստանէ «ականային պատերազմ» մղած ըլլալու մեղադրանքով:

Ինչպէս ազրպէյճանական այսպիսի այլ նախաձեռնութիւնները, այս մէկը եւս մաս կը կազմէ այն քարոզչութեան, որ կը միտի «ճերմկցնել» Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգը:

Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան հրապարակած գրառումին մէջ կ՛ըսուի, որ Միւնիխէն եւ Նիւրեմպերկէն ետք, Փարիզի մէջ կը ներկայացուի Le point culMINAnt du danger («Վտանգին գագաթնակէտը», որուն մէջ գլխագիրներու խաղով մը առանձնացուած է եւրոպական կարգ մը լեզուներու մէջ MINA=ԱԿԱՆ բառը) խորագրեալ այն բացօթեայ ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է «ականներու զոհերուն»: Այնուհետեւ կը հասնի ցուցահանդէսին նպատակին «արժանի» բաժինը.

«Բռնագրաւման ընթացքին, հայ ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն հրամանով, ազրպէյճանական տարածքներուն վրայ զետեղուած են առաւել քան մէկ միլիոն ականներ: Այս ծանր ժառանգութիւնը կը շարունակէ մարդկային կորուստներու պատճառ դառնալ եւ վտանգել քաղաքացիներու ապահովութիւնը, նոյնիսկ` հակամարտութեան աւարտէն տարիներ ետք»:

Եթէ սկսինք վերոնշեալ նախադասութիւնը վերլուծել վերջաւորութենէն, նախ ինքզինք կը պարտադրէ հետեւեալ հարցումը. «Ինչո՞ւ հակամարտութենէն տարիներ ետք»:

Տակաւին երեք տարիներ առաջ չէ՞ր Արցախի ամբողջ բնակչութիւնը կա՛մ դէպի մահ, կա՛մ «ինքնակամ» մեկնումի մղելու միտումով սկսած` ամբողջական շրջափակումը. տակաւին, երկու տարիներ առաջ չէի՞ն անոր յաջորդած բուռն յարձակումները եւ, հուսկ, Արցախի ամբողջ` 120.000 բնակչութեան ողբերգական բռնի տեղահանումը իր դարաւոր բնօրրանէն: Ասոնք հակամարտութեան արարքներ չե՞ն: Ո՞ւր է արցախահայութեան կրած անմարդկային չարչարանքները այս պատումին մէջ: Նաեւ` նոյնիսկ եթէ իրականութեան բաժին մը կայ ականներուն եւ անոնց զոհերուն մասին ըսուածին մէջ, իմաստուն եւ բանիմաց անձը պիտի չհարցնէ՞, կամ պէտք չէ՞ հարցնէ, թէ հայերը ինչո՞ւ ստիպուեցան այդ քայլին դիմելու: Վերջապէս, հայոց կիրակնօրեայ զուարճանքը չէր սահմաններ կամ տարածքներ ականապատելը:

Բայց ճիշդ ալ այս «մանրամասնութիւնները» չե՞ն արդէն, զորս Ազրպէյճան կը փորձէ մշուշապատել:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Զիատ Ռահպանի Նուիրուած Նախաձեռնութիւն

Յաջորդը

Համաշխարհային Սուրբերու Փաղանգին Մէջ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Իւրայատկութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.