Սիրելի ընկերոջ մը մահուան 10-ամեակին համախմբուած ենք «Մարուխեան» կոմիտէի յարկին տակ, ի՛ր անունով կոչելու համար աշխատանքային սենեակ մը, որ պիտի ծառայէ մեր գաղափարներու տարածման,մեր ուժականութեան հաստատման ու մեր երիտասարդներու բոլորուելուն` իր սիրած գաղափարներուն, աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն շուրջ:
Յիշատակի յարգում` առաջին հերթին, բայց նաեւ` անկէ անդին, յանձնառութիւն մը Սարգիս Կիրակոսեանի եւ իր նման այս աշխարհէն մեկնած բոլոր ընկերներուն հաւատացած արժէքներուն համար անդուլ աշխատելու, նպատակուղղուած շարունակելու գործը: Գաղափարի գործը, Դաշնակցութեա՛ն գործը:
Այդ գործը, մեծ գործը, այնքան ընդհանրական է եւ այնքան ուղղութիւններ ներառած, որ կը սկսի մեր պատանեկան միութիւններէն, կ՛անցնի երիտասարդականին, շարքերուն, բայց նաեւ անոր մասնակիցին աչքերը սեւեռած կը պահէ մեր բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական բնագաւառներուն: Կուսակցութեան գործը, որ նաեւ այս դաշտէն դուրս կը տարածուի դպրոցներուն, հոգեւոր կեդրոններուն, մամուլին, վախճանական նպատակ ունենալով հայրենիքը եւ ատոր համար իսկ հայրենիքի հետ բոլոր տեսակի առնչութիւններն ու կապերը պահելու եւ զարգացնելու առաջադրանքը:
Այս բանաձեւը ինքնին կը պարզէ Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագործունէութիւնը, որ սկսաւ պատանեկան շարքերէն, ապա հասաւ երիտասարդականին ու ուսանողականին եւ երեք կոմիտէներու անդամակցութեան. բայց, այո՛, նաեւ` Համազգայինին ու ՀՄԸՄ-ին, իր դրոշմը ձգելով համաարաբական մամուլի ամէնէն կարեւոր ներկայացուցիչներուն վրայ, որ ուսուցչական ասպարէզը Աբգարեանէն մինչեւ Ճեմարան, անցնելով դպրեվանքէն, հայ գրականութեան արժէքներուն ծանօթացուց իրերայաջորդ սերունդները , հարստացուց «Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի էջերը գրական- գրականագիտական յօդուածներով, բանաստեղծութիւններով եւ տողերուն ետին տեղաւորուած ինքնութեան, հայկականութեան եւ ազգային մտածողութեան նախադրեալները խմբագրեց ամենայն հմտութեամբ:
Լիբանանեան թէ ընդհանրապէս արաբական մամուլին արխիւները թերթատողները պիտի հանդիպին Սարգիս Կիրակոսեանի անունին պիտի հանդիպին նաեւ իր միտքերուն, իր ներշնչումին, որուն իբրեւ արդիւնք` լիբանանցի ամենանշանաւոր խմբագիրները գրեցին հայութեան մասին, հայ գրականութեան մասին: Սարգիս Կիրակոսեանի մղումով էր, որ անոնցմէ շատեր այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ` տեղւոյն վրայ կապեր հաստատելու համար իրենց հայ գրչեղբայրներուն հետ: Լիբանանցի խմբագիրներն ու գրողները ներկայ էին միջազգային գրականութեան ներկայացման ընդմէջէն հայ գրականութեան անթեղուած գանձերու որոնման գրական արշաւներուն:
Աշխատանքային այս հանրագումարը անպայման պէտք է մշակուի, խմբագրուի եւ յանձնուի պատմութեան, ուր յատուկ տեղ մը արձանագրուած պիտի տեսնենք մեր ընկերոջ անունը, որ համեստաբար կատարեց այս բոլորը` առանց ակնկալութեան, առանց որեւէ դափնիի:
Հիմա արդէն իր անունը ամրագրուած է թէ՛ Նաքքաշի ակումբին մէկ անկիւնը, ուր կը սիրէր ներկայ ըլլալ միշտ ու համախմբել իր զրոյցներուն շուրջ ընկերական անմիջական շրջանակ մը: Այդ զրոյցներուն յաճախ իր մղումով ներկայ կ՛ըլլային նաեւ հայրենիքէն ժամանած հիւրեր, գործիչներ, մտաւորականներ: Շատ ընկերներ կը վկայեն, որ այդ համախմբումի եւ Նաքքաշի կեդրոնի աշխուժացման մէջ առանցքային էր դերակատարութիւնը Սարգիս Կիրակոսեանին:
Երկրորդ ամրագրումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի յարկին տակ, արխիւային բաժանմունքին իր անունով կոչումով: Այս քայլը խորհրդանշական բնոյթ ունէր, որովհետեւ արխիւներուն մէջ բազմաթիւ են էջերը, որոնք կը կրեն իր ստորագրութիւնը. շատ են գրախօսականները, որոնք խմբագրուած են իր կողմէ. բազում են վաստակ ունեցած ու մեկնած ընկերներու մասին իր գրած արժեւորումները, եւ առատ են յատկապէս գրական ու մշակութային երեւոյթներու մասին իր գնահատականները:
Այստեղ կարեւոր աշխատանք մը մեզ կը սպասէ` համախմբելու իր գրիչին պատկանած բոլոր նիւթերը, դասակարգելու ըստ բնոյթի, խմբագրելու եւ հրատարակութեան պատրաստ վիճակի բերելու: Այդ հատորը արգասիքը պիտի ըլլայ, բացի բանաստեղծականէն, գրականագիտական արժէքաւոր աշխատասիրութիւններու, որոնք անպայման օգտակար պիտի դառնան հայ գրականութիւնը ուսումնասիրող անհատին: Ասիկա յայտարարուած առաջադրանք է, եւ հատորը լոյսին կու գայ անպայման:
Եւ հիմա. երրորդ ամրագրումը. «Մարուխեան» կոմիտէութեան յարկին տակ, ուր կայ իրաւամբ ու արդարօրէն Սարգիս Կիրակոսեանի քրտինքը այս համալիրի առաջին սիւներուն թէ կոմիտէութեան աշխատանքներուն մէջ` իբրեւ քարտուղար, իբրեւ դաստիարակչական ծրագիրներու մշակող, իբրեւ բանաձեւի յանձնախումբի անխոնջ ու հետեւողական անդամ: Ոչ միայն այս կոմիտէութեան ներկայացուցչական ժողովներուն այլ շատ մը շրջանային ժողովներու որոշումներուն խմբագրումն ու բանաձեւումը կարդացողը պիտի նկատէ անպայման Սարգիս Կիրակոսեանի ինքնուրոյն գրիչն ու ոճը: Այնտեղ պիտի նշմարէ յատկապէս Սարգիս Կիրակոսեանը ճանչցողը, թէ որքա՛ն խոր հաւատք կայ Դաշնակցութեան գործին հանդէպ, նոյնիսկ երբեմն զեղում` Դաշնակցութեան գործունէութիւնը արժեւորելու, բայց նաեւ խստապահանջութիւն` անպայման որոշուածը գործադրելու հրամայականները շեշտող:
Յարգելի՛ ներկաներ,
Այս հաւաքը առիթ է նաեւ արժեւորելու Սարգիս Կիրակոսեանի մէկ այլ արժանիքը, որ իր անունին կարեւոր քանդակումին մասին անջնջելի վկայութիւններէն է:Մեր յեղափոխական երգերը մեր գաղափարական լինելութեան, մեր երիտասարդական ու կուսակցական կազմաւորումին մէջ անփոխարինելի դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ: Յեղափոխական դրուագներ, հերոսապատումներ թէ դէմքեր անմահացած են այդ երգերու ճամբով: Մենք անոնցմէ սորված ենք` հայրենիքին անմնացորդ ծառայելու վճռականութիւն, ազնիւ ընկերասիրութիւն, հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու եւ անոր ազատագրման համար ոչինչ խնայելու սկզբունքային, անզիջող կեցուածքներ: Մեր պատանի եւ երիտասարդ տարիներուն ուզած ենք նմանիլ անոնց, մօտենալ անոնց սխրանքներուն եւ դաւանիլ անոնց կառչած ու պաշտպանած արժէքները:
Սարգիս Կիրակոսեան երգերու բառերու ստեղծագործութեամբ իր ուրույն տեղը գրաւած է ժամանակակից մեր պատմութիւնը կերտած դէմքերու յիշատակի յաւերժացումի գործին: Եւ հաւանաբար պատահական չէ, որ այն հերոսներն ու նահատակները, որոնց մասին գրած է, կապ ունին այն կոմիտէներուն հետ, որոնց անդամակցած է տարիներ շարունակ Սարգիս Կիրակոսեանը:
Գրական մեծ հմտութեամբ ան յաջողած է նկարագրել «Աղբալեան» ակումբին մէջ ռումբի փորձարկումի ընթացքին նահատակուած Սերժ Թովմասեանը, պատկերացնել տալ, թէ ի՛նչ տոկուն նկարագրի տէր էր կաղնիի նման կանգուն նահատակուած Սարգիս Ազնաւուրեանը, եւ թէ ինչ հզօր ղեկավարի կերպար վաստակած էր սերունդներու ներշնչման աղբիւր հանդիսացած Հրայր Մարուխեանը:
Երգերու այս ընտրութիւնը ի՛ր կողմէ, խորհուրդ ունի եւ առաջին հերթին, եթէ կը կապուի անոնցմէ ոմանց հետ ունեցած անհատական ծանօթութեան, ընդհանրապէս սակայն կը կապուի իր ծառայած կոմիտէութիւններուն հետ` յաջորդաբար «Նիկոլ Դուման», «Աղբալեան» եւ «Մարուխեան»:
Սարգիս Կիրակոսեանի անտիպ մնացած բանաստեղծութիւններէն` «Երգ հաւատարմութեան»-ը, իր հերթին, նուիրուած այլ ընկերոջ մը, ունի այժմէական խորհուրդ: Գրուած` 2013-ին, կը խօսի խաչեալ Հայաստանին, անոր անյաղթ եւ անպարտ գագաթներուն մասին: Սարգիս Կիրակոսեան այնտեղ կը խօսի յաղթական դրօշը վար չդնելու մասին եւ կ՛առաջադրէ գալիք օրերու, իր բառերով, հրաթեւ յաղթերթով ցնծացող եւ շողացող հայրենիքի կերտումը:
Երգի տուներուն յաջորդականութիւնը նկատի ունենալով` կը գծենք խաչեալ հայրենիքէն դէպի յաղթական հայրենիք գացող գիծը, որ կ՛անցնի դարերէն, անպարտելի գագաթներէն` յաղթական դրօշակը պարզած, մինչեւ որ, իր բառերով, վերստին ցնծայ, թնդայ ու շողայ Հայաստանը:
Հայրենիքի մեր ըմբռնումին ամբողջ փիլիսոփայութիւնը ամբարուած է այդ տողերուն մէջ: Դժուար հանգրուաններէ անցած, բաժնուած, պետականութիւն կորսնցուցած եւ Ցեղասպանութիւն ապրած հայրենիքը վերակերտելու համար պէտք է պահպանել անպարտ գագաթները, հաւատա՛լ Արարատին հայկականութեան:
«Երգ հաւատարմութեան»-ը հաւատարիմ մնալ է այս գաղափարախօսութեան, այս սկզբունքին: Հաւատարիմ դարաւոր հայրենիքին` ընդդէմ այսօրուան կեղծ իրականին, հաւատարիմ Անպարտ Արարատին` ընդդէմ անոր հայապատկանելիութենէն հրաժարումին, հաւատարիմ յաղթական դրօշին` ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախապայմաններուն ընդառաջումին: Իսկ վաղուան թնդացող, ցնծացող ու շողացաող Հայաստանը յուշումն է, պատգամը` վերստին ազգայնացնելու հայոց պետականութիւնը:
«Երգ հաւատարմութեան» բանաստեղծութեան հեղինակը մնաց հաւատարիմ այս գաղափարներուն: Ան այս երգով կը յուշէ բոլորիս` չհրաժարիլ այդ հաւատարմութենէն: Իսկ մենք, հիմա, այստեղ մեր ներկայութեամբ կը հաստատենք, որ կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ ընկեր Սագոյին բանաստեղծած հաւատարմութեան սկզբունքներուն: Արարատին, Արցախին եւ ամբողջական հայրենիքին: Ականջալուր յաղթական դրօշը վար չդնելու իր յորդորին` վաղուան ցնծացող, թնդացող եւ շողացող Հայաստանին համար:
* «Սարգիս Կիրակոսեան» գրասենեակի բացման առիթով արտասանուած խօսք: