Որոշած էի այլեւս «Բաց նամակ» չգրել, որովհետեւ շատ կծու էին գրածներս` ազգային արժէքներէ զուրկ Փաշինեանին մասին, ուստի մամուլը հասկնալի պատճառներով, իր քաղաքականութենէն մեկնած, կը դժուարանար տպել գրածներս: Թէեւ այդ գրութիւնները կու գային Փաշինեանն ու անոր կատարածը չհանդուրժող հայորդիներէ: Սակայն այս անգամ եւս չկրցայ զսպել ես զիս, որովհետեւ անոր կատարած ազգաքանդ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող անոր անտարբեր կեցուածքներուն ի տես` մտածեցին, որ Փաշինեան սխալ տեղ ծնած է, ան պէտք էր ծնէր Արեւմտահայաստան, զգար այն ահաւոր չարչարանքը, զոր կրեցին մեր նախահայրերը, անցնէր Տէր Զօրէն, որպէսզի գիտնար` ի՛նչ կը նշանակէ հարազատ տունէդ բռնի տեղահան ըլլալ եւ քշուիլ այս անջրդի եւ տաք անապատները, պէտք է ահաւոր դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք հասնէր Սուրիա կամ այլուր եւ գիտնար` ի՛նչ կը նշանակէ պայքար մահուան դէմ: Թող վարչապետին աթոռին նստած Փաշինեան կարդայ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին «Անցեալը անցած չէ… Ուխտագնացութիւն ի Տէր Զօր» գիրքը, իսկ եթէ այդ ալ իրեն բան մը չըսէ, կան հարիւրաւոր գիրքեր, որոնք նկարագրած են 1915-ի անօթութիւնը, ծարաւն ու ահաւոր չարչարանքները:
Ժամանակին Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Ներսէս արք. Բախտիկեանի գիրքերէն մէկուն մէջ կարդացած էի տողեր, որոնք շատ ծանր ազդեցութիւն ձգած էին վրաս: Ան կը գրէ, որ մայր մը ճարահատ երբ իր ողջ մնացած միակ զաւակին միսով ապուր պիտի կերցնէր, աղջնակը կը հարցնէ մօրը. «Մամա՜, այս, որ պիտի ուտեմ, քրոջս մի՞սն է, քոյրիկս, որ հոգեվարքի մէջ էր, հիմա չկայ…»:
Կրնայ այս ալ չցնցել անզգամ վարչապետը, որ դժբախտաբար անարժէք առաջնորդ է ներկայիս մեր հայրենիքին, եւ առանց խպնելու, Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնելէ ետք, կը նշէ, որ այս հարցը Արեւմտահայաստանի գաղթականներուն կամ սփիւռքի հարցն է, ոչ թէ` Արեւելահայաստանի:
Ես ունէի վանեցի քեռայր մը` Գէորգ Մհերեան անունով, շատ յարգուած, ուղղամիտ մարդ մըն էր, որ դժբախտաբար ոչ եւս է: Ինք անձամբ ինծի պատմած է այս դէպքը. «Ես հօրաքրոջս տունը գացած էի` Արտամերտ, հազիւ 9-10 տարեկան էի: Յանկարծ վլվլուկ մը ելաւ, եւ հօրաքոյրս իր երկու զաւակներուն հետ զիս ալ իր թեւին տակ առնելով` ճամբայ ելանք: Ծնողքս անգամ չգիտցան, թէ ո՛ւր ենք այդ պատերազմի օրերուն: Օրերով, շաբաթներով քալեցինք, չէի գիտեր` ո՛ւր կ՛երթանք, միւս գիւղացիներուն կարաւանով վերջապէս անօթի-ծարաւ հասանք տեղ մը, հօրաքոյրս ըսաւ, որ հոս Հայաստան, Երեւան է: Ես գիտէի, որ մեր երկիրն ալ Հայաստան էր: Ի՛նչ գիտնայի, որ թրքական բանակը Մուշը, Վանը, Սասունը, Տարօնն ու մեր հայկական միւս շրջանները գրաւած է, իսկ բնակչութիւնը` կոտորած: Կը յիշեմ` դպրոցի աշակերտ էի, անգլիացի վարդապետ մը Երեւան եկած էր յատուկ առաքելութեամբ մը: Ան մեր մէջէն ընտրեց քանի մը աշխատասէր աշակերտ, որոնց մէջ` ես ալ, եւ դասաւորեց, որ Անգլիա տանի իրեն հետ ու ուսում տայ, անշուշտ գիշերօթիկ էինք»:
Որքան գիտեմ, Գէորգ Մհերեան Օքսֆորտ համալսարան աւարտած էր, այդ պատճառով ալ նախ Մելգոնեան հաստատութիւն, ապա անգլիական վարժարան մը կը դասաւանդէր:
Այս գրութեանս նպատակն է ըսել, որ այսօրուան Հայաստանի մէջ Մուշէն, Վանէն, Տարօնէն, Սասունէն հայեր կ՛ապրին, անոնք ինչո՞ւ ձայն չեն բարձրացներ եւ չեն ըսեր. «Մենք սփիւռք չենք, մեր հայրենիքի մէջ ենք»` այսպիսով լռեցնելով հողատու, անիրաւ եւ յանձնուողական վարչապետը, որ արժանի չէ այս պաշտօնին: