Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարոն Վարչապե՛տ, Ա՛լ Կը Բաւէ

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Եթէ Նիկոլ Փաշինեանին բաց նամակ մը գրելու ըլլայի, անոր խորագիրը վերոնշեալը պիտի ըլլար: Այո՛, պարո՛ն վարչապետ, ձեր` իշխանութեան գալէն ի վեր, բարեկամ եւ ընդդիմադիր` ցաւով եւ սոսկումով վկան ու ականատեսը կը դառնան հաշիւ չտալու ձեր անբացատրելի կեցուածքին եւ ամէն կերպով թշնամիին հաճելի դառնալու ու անոր կամքը կատարելու ձեր պատրաստակամութեան:

Սկսած Արցախը ազրպէյճանցիներուն անտրտունջ կերպով յանձնելէն եւ հալալ ընելէն, ինչպէս նաեւ արցախահայութիւնը գնչու հաւաքականութեան մը վերածելու ձեր պարտուողական կեցուածքէն, Ալիեւին` ազրպէյճանցի աքլորատիպ նախագահին դիմաց լուռ կանգնած հայ ղեկավարի մը համար անվայել համակերպութեամբ, հայրենի մեր սահմանը լայնքով եւ երկայնքով բացիք երէկուան ցեղասպան թշնամիին առջեւ` առանց անոր դիմաց արցախահայութեան վերադարձը ապահովելու իր պապենական հողերը ու անոր գերի տարուած ղեկավարութիւնը ազատ արձակելը պայման դնելու եւ ամէն գնով յաջողցնելու:

Այդ կեղծ, յերիւրածոյ եւ շինծու հաշտութեան պայմանակագիրին տակ դերասանի լայն ժպիտով ձեր ստորագրութիւնը զետեղելէ ետք, ձեր յաջողութենէն գինովցած` թշնամի զոյգ պետութիւններուն հետզհետէ ուռճացող պահանջներուն եւս սկսաք տեղի տալ:

Թուարկենք,

Ա.- Հայոց ցեղասպանութիւնը այսուհետեւ պիտի ուրանանք եւ չյիշատակենք:

Բ.- Արցախի անունը եւ անոր տարագրեալ իրաւատէրերը այլեւս պիտի չյիշենք:

Գ.- Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան պիտի ենթարկենք, հաճոյանալու համար Ալիեւին:

Դ.- «Զանգեզուրի միջանցք»-ը անտրտունջ պիտի բանանք ցեղասպան թշնամիին առջեւ:

Ե.- Հայապատկան այդ միջանցքը հարիւր տարիներով ամերիկեան ցարդ անծանօթ ընկերութեան մը վարձակալելով` անոր տնօրինութեան պիտի յանձնենք, 47 մղոն հայկական այդ անցքին տիրութենէն մեր ձեռքերը ընդմիշտ լուանալով:

Զ.- Նաեւ, այդ միջանցքը Ամերիկայի պաշտելի՜ նախագահին անունով «Թրամփի Ճամբայ» պիտի կոչենք` մոռացութեան տալով մեր պատմութեան մեծանուն, պաշտելի հայ հերոսներու անունները:

Է.- Թոյլ պիտի տանք, որ այդ միջանցքէն աքլորատիպը անարգել բանակ եւ զինամթերք տեղափոխէ` «առանց հայ մաքսայիններու երեսը տեսնելու…»: «Ներտէ՞ օ եողուրթուն պոլլուղու…» (ո՞ւր է այդ մածունին առատութիւնը) պիտի գոչէր թրքախօս Փանոսը:

Պարո՛ն վարչապետ, այսքանը այլեւս շատ է, չափը մի՛ անցնէք:

Ը.- Իսկ վերջին նորութիւնը` կարգը եկաւ Արարատ լերան:

Կեանք մը ամբողջ իտէալականացուցած մեր ազգային խորհրդանիշը Էրտողանին հաճելի թուալու համար պիտի ջնջուի եղեր հայրենի պետութեան բոլոր պաշտօնական կնիքներուն վրայէն: Այսուհետեւ միայն մեր «շալվարները» մնացին թշնամիին չյանձնուած:

Եւ առանց խպնելու, թէական հաշտութեան սիրոյն, իր հոգին աճուրդի հանող մեր երջանիկ վարչապետը Ուաշինկթընի մէջ իր յաջողութիւններէն գինովցած` քիչ մնաց աքլորատիպին վիզը փաթթուէր. «Պէն էթթիմ, սէն էթմէ» (Ես ըրի, դուն մի՛ ըներ) գոչելով «թէօպէյի» գալու:

Եղբա՛յր, անտէր անտիրական մնացած Հայաստանի մը վարչապետին կողմէ այս ի՞նչ առատաձեռնութիւն է, մարդուս հաւատալը չի գար: Տեղին է հարցնել, թէ որո՞նց հաշուոյն կը կատարուի այդ մէկը: Իսկ այդ բոլորին դիմաց ի՞նչ ստացաւ հայկական պետականութիւնը. պարո՛ն վարչապետ, ըսէ՛ք, որ հրճուինք եւ ուրախութենէն բոլորս մէկ շուրջպար սկսինք:

Ինչ կը վերաբերի Արարատ սուրբ լերան խնդրեմ, անկէ ձեր «օրհնեալ» ձեռքերը քաշեցէք: Սուրբ Գիրքին այդ խորհրդանիշը ձեր հօրը ստացուածքը չէ, այլ երկրագունդի 12 միլիոն հայերուն եւ համայն մարդկութեան կը պատկանի` վեր մնալով սնանկ պետական մարդու ձեր հասողութենէն եւ հասանելիութենէն: Կը խնդրենք նաեւ, պարո՛ն վարչապետ, մանկութենէն ի վեր հայու մեր գոյութեան երաշխիքը եւ խորհրդանիշը դարձած այդ լեռն ալ, ցեղասպանին հաճելի դառնալու սիրոյն մի՛ պղծէք:

Ո՜վ թուրքին եւ ազրպէյճանցիին շուքէն իսկ սարսափող հայրենի իշխանաւորներ, եկէ՛ք, վաղն իսկ մեր միւռոնաօծ Արարատ լերան շուրջ սեւ վարագոյր քաշեցէք, որպէսզի Հայաստան այցելող սփիւռքահայերու, նաեւ օտար այցելուներու կարօտակէզ աչքերէն քողարկէք, որպէսզի անոնք յանկարծ չհմայուին անոր գեղատեսիլ տեսքէն եւ չարբենան անկէ բխող վեհ զգացումներով… ու յանկարծ չելլեն, անոր վերադարձը չպահանջեն իր իսկական տէրերուն:

Այնպէս կ՛երեւի, թէ ամէն ինչ հապճեպով թշնամիին յանձնելու ձեր ընթացքը, դժբախտաբար հոն կանգ պիտի չառնէ: Վաղը միւս օր Իլհամ Ալիեւ իր կնքահայրէն` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, ստացած հրահանգը լի ու լի կատարելով` գուցէ պահանջէ եւ նոր պայման մը եւս աւելցնէ` «Հայաստան» անունն ալ քարտէսին վրայէն ջնջելով `փոխելու եւ «Էրմէնիստան» դարձնելու, կամ ծայրագոյն պարագային` Տանըլտ Թրամփին նախասիրած` «Ալպանիա» նոր անուանակոչումը ընծայելու անոր:

Ձեր օրհնեալ իշխանութեան տակ ամէն ինչ կարելի է, եւ կը վախնանք, որ շուտով հոն պիտի հասնինք, եթէ չարթննանք ու ազգովին չսթափինք:

Յուսանք, որ հոն չենք հասնիր:

Ռիչմընտ, Վիրճինիա
24 սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Առցանց Նիստ

Յաջորդը

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեանի Անուան Ամրագրման Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Տոմս.  Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով
Անդրադարձ

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?