Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Ալիեւ Կը Խօսի Փաշինեանի Բերնով

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Կար ծանօթ հեքիաթ մը, ուր չար աղջիկ մը կ՛անիծուի, եւ ամէն անգամ որ բերանը բանայ, անկէ զեռուններ դուրս կը ցատկեն:

Այս հեքիաթը ունի նոր տարբերակ մը. ամէն անգամ, երբ Փաշինեան (եւ ՔՊ-ական ուսապարկեր) բերան բանան, Հայաստանի ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ու Դատին վնասող արտայայտութիւններ դուրս կը թռչին (հապա սուտե՞րը):

Նորագոյն ապացոյցը տեսանք եւրոխորհրդարանին բեմէն Փաշինեանի երեքշաբթիի (30 սեպտեմբերի) ճառին մէջ, որմէ, եկէ՛ք, առանձնացնենք միայն մէկ կէտ. մարդուկը բաց ճակատով յայտարարեր է, որ արցախցիներու տունդարձին մասին խօսիլը կը վտանգէ խաղաղութիւնը, անոնք պէտք է տեղաւորուին Հայաստանի մէջ (իսկ թէ այդ գետնի վրայ ի՛նչ կ՛ըլլայ` ծանօթ է): Այլ խօսքով, ան կը վաւերացնէ Արցախի հայութեան բռնագաղթը, որ ամբողջացաւ երկու տարի առաջ, այս օրերուն, յաղթանակի վկայական կու տայ Ալիեւի (ու անոր ետին կանգնող Թուրքիոյ), որոնք ուղիղ հինգ տարի առաջ ջարդ ու աւեր կը տարածէին Արցախի մէջ ու մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրեցին 44-օրեայ պատերազմ անունով արհաւիրք մը:

Վարչապետի պաշտօնին հասնելէն ետք Արցախի դատին պաշտպանի դիմակով ներկայացողը շատո՜նց կը խօսի այն տրամաբանութեամբ ու բառամթերքով, որոնք Ալիեւինն էին Արցախի մասնակի, ապա ամբողջական բռնագրաւումէն ետք: «Խաղաղութիւնը թող չվտանգուի» խաբէութիւնը ծածկոյթ մըն է` Ազրպէյճանի տեսակէտները որդեգրելու եւ զայն միջազգային բեմերէ տարածելու ՔՊ-ապետի ազգուրաց եւ հայրենադաւ վարքագիծին, որ մէկդի նետած է ամէն քող ու ծածկոյթ (գիտենք, որ ասիկա վնասարար միակ «քաղաքականութիւնը» չէ, ցանկը երկար է): Նման բառամթերք կը գործածուի, այսինքն թուրք-ազերիական «դրամագլուխ» հրապարակ կը բերուի, երբ կը խօսին նաեւ Պաքուի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկուողներուն ու կորուսեալներու մասին, կ՛ըսեն` «անոնց մասին մի՛ խօսիք, որպէսզի չվտանգուին», ու կը շարունակեն ազգը խաբել, իբր թէ այդ հարցը կը հետապնդեն անաղմուկ: Ազրպէյճանէն եկող բացայայտ նշաններն իսկ կը հաստատեն, որ այս մարդիկը կը ստեն, խաբէութեան «պարահանդէս»-ով կը մոլորեցնեն ժողովուրդը:

***

Կայ ուշագրաւ կէտ մը, որ չենք կրնար անտես թողուլ: Երբ ընդդիմադիրներ եւ բանիմաց մարդիկ անոնց աչքը կը կոխեն ազերիական թշնամական յայտարարութիւնները (Ալիեւ Հայաստանի կրկին ու կրկին թշնամի կը նկատէ ամէն տեղ, աննահանջ կերպով կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ու անոր ազերիական վարկածներուն մասին եւ այլն), ՔՊ-ապետն ու իր «պոչիկները» կը քարոզեն. «Ականջ մի՛ տաք անոնց ըսածներուն, կարեւորը թուղթի վրայ արձանագրուածն է, եւ հոն արձանագրուածը խաղաղութիւն կը բերէ» (դարձեալ պէտք ունի՞նք արձանագրելու, որ դժբախտաբար ազերիներուն ու թուրքերուն ըսածներն են, որ կը բանան… խաղաղութեան ճամբան` միշտ ի շահ իրենց, թէ` թուղթի վրայ գրուածները մինչեւ իսկ թուղթի վրայ չեն մնար):

Լա՜ւ, մարդակերպ արարածներ, պահ մը փորձենք չահաւատալ թուրքին ու ազերիին ըսածներուն եւ հաւատանք ձեր ըսածներուն: Իսկ ձեր ըսածը ի՞նչ է: Դուք կ՛ըսէք, որ արցախցիներուն տունդարձի մասին խօսիլը խաղաղութիւնը կը վտանգէ, խորքին մէջ կ՛ըսէք, որ այդ քայլը Ազրպէյճանի համար վնասակար է, անհաճոյ, կրնայ անոնց զայրոյթը գրգռել, իսկ դուք ոչի՛նչ, բացարձակապէս ոչի՛նչ կ՛ընէք հակակշռելու համար, կամովին դարձած էք ալիեւներու բանբերները, Ալիեւ կը խօսի նաեւ ձեր բերնով:

Եթէ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ` Փաշինեանի խնկարկողները (նա՛եւ սփիւռքի մէջ), այս պարզ ճշմարտութիւնները չեն ուզեր տեսնել, կորսնցուցած են ասոնց վնասարար խօսքն ու գործը տեսնելու, ըմբռնելու կարողութիւնը, մեր ողբերգութեան խորութիւնը չափելու համար ամէն օր նոր գործիքներու պէտք ունինք: Նման գործիքի պէտք ունինք չափելու համար նաեւ խաբեբան ծափահարողներուն ու… կաշառողներուն հասակը:

Մինչդեռ ամէնէն հատու գործիքը թշնամիին գործակատար-խօսնակներուն անյապաղ հեռացումն է երկրի ղեկէն:

30 սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

Պարոն Վարչապե՛տ, Ա՛լ Կը Բաւէ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում` «Պուրճ Համուտը Սփիւռքահայութեան Բաբախող Սիրտը» Խորագիրով

RelatedPosts

«Սարգիս Կիրակոսեան« Գրասենեակի Բացում «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Անդրադարձ

Սարգիս Կիրակոսեանի Անուան Ամրագրման Կարեւորութիւնը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Բաց Նամակ` Հայաստանի Հանրապետութեան Անարժան Վարչապետին
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշենք Եւ Յիշեցնենք Ցեղասպանութենէն Վերապրածներուն Արհաւիրքը

Հոկտեմբեր 7, 2025
Պարոն Վարչապե՛տ, Ա՛լ Կը Բաւէ
Անդրադարձ

Պարոն Վարչապե՛տ, Ա՛լ Կը Բաւէ

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?