Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր ժողովը վաւերացուց երկու նոր կշիռներու յաւելումը` 2028-ի Ողիմպիական խաղերու ծանրաբարձութեան մրցումներուն:
Այս արդիւնքով աթլեթներ պիտի մրցին 12 կշիռի դասակարգերու մետալներու համար (6 տղոց եւ 6 աղջկանց):
Այս որոշումը յաջորդեց Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի, ինչպէս նաեւ Աթլեթներու միութեան առաջարկներուն, որոնք այս ձեւով աւելի արդար կ՛ըլլան` նկատի ունենալով, որ շատ աթլեթներ կշիռք նուազեցնելու համար առողջական լուրջ հարցեր կ՛ունենային:
«Այ. Օ. Սի. նկատի առաւ մեր առաջարկը, եւ շատ ուրախ ենք դէպի յառաջ այս քայլով: Վստահ ենք, որ Լոս Անճելըս պիտի հրամցնէ ողիմպիական փայլուն ելոյթ մը, որ ուրախութիւն պիտի պարգեւէ թէ՛ համակիրներուն, թէ՛ ալ աթլեթներուն», ըսաւ Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Ժալուտ:
2025-ի աւարտին պիտի որոշուին վերջնական կշիռները, որոնք պիտի օգտագործուին Լոս Անճելըսի խաղերուն:
Պէտք է նշել, որ այս տարուան կիսուն արդէն իսկ նկատի առնուած էին նոր կշիռներու բաժանումներ հետեւեալ ձեւով.
ԱՂՋԻԿՆԵՐ` 48, 53, 58, 63, 69, 77, 86 եւ 86-է աւելի կշիռք:
ՏՂԱՔ` 60, 65, 71, 79, 88, 94, 110 եւ 110-է աւելի բարձր կշիռք:
Միջազգային ֆետերասիոնը պէտք է ընտրէ 6 կշիռի բաժանումներ, որոնք պիտի օգտագործուին 2028-ի Ողիմպիականին:
Նախապէս տղոց եւ աղջկանց մրցումներուն նկատի առնուած էին 5 կշիռներ` 61 քկ, 73 քկ, 89 քկ, 102 քկ եւ 102-էն աւելի` տղոց պարագային, իսկ 49, 59, 71 81 եւ 81-էն աւելի` աղջկանց պարագային: Յառաջիկայ 2-էն 11 հոկտեմբերին Ֆորտէի մէջ (Նորվեկիա) նկատի պիտի առնուին նոր կշիռներու բաժանմունքները` աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն: