Ապու Տապիի (Արաբական Էմիրութիւններ) մէջ տեղի ունեցաւ Մուայ-Թայի պատանեկան աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի ազգային խումբի անդամ Մարի Խաչատրեան ոսկի մետալ նուաճեց` 48 քկ կշիռի մրցումներուն պարտութեան մատնելէ ետք ուքրանացի Անասթասիա Միլնիցքայան: 15 տարեկան Խաչատրեան նախապէս դուրս ձգած էր Սրի Լանքայի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Ուքրանիոյ իր մրցակիցները` 4 յաջորդական մրցումներ յաղթելով:
Ընդհանուր առմամբ Հայաստանի ազգային խումբը 3 մետալով վերադարձաւ հայրենիք: Երկու պրոնզ մետալներ նուաճեցին Անտրէ Կուրայեւ (13 տարեկանէն վար, 40 քկ կշիռ) եւ Սերկէյ Իսրայէլեան (17 տարեկանէն վար, 91 քկ կշիռ):