Երեք մրցում բացակայելէ ետք Վանքուվըր Ուայթքեփսի մրցումներէն, գերմանացի վեթերան ֆութպոլիստ Թոմաս Միւլըր վերադարձաւ հիմնական կազմ եւ կոլի էսիսթ տուաւ Սիեթըլ Սաունտըրզի դէմ (2-2) մրցումին, որմէ ետք Վանքուվըր շահեցաւ «Քասքատիա» բաժակը:
«Էմ. Էլ. Էս.»-ի երեք խումբեր բնական ախոյեանութեան ընթացքին «ներքին» մրցաշարք կը կատարեն խաղաղական հիւսիսարեւմտեան գօտիին մէջ, ուր կը մասնակցի նաեւ Փորթլենտ Թեմպըրզ:
Այս 2-2 արդիւնքէն ետք Սիեթըլէն եւ Փորթլենտէն շատ աւելի կէտեր ունենալով, Վանքուվըրի ակումբը ապահովեց տիտղոսը 8-րդ անգամ ըլլալով, որ մրցանիշ մըն է: