Սուրիոյ մէջ նախկին վարչակարգի տապալումէն ետք առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 5 հոկտեմբերին: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով երկրի ընտրական յանձնախումբի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Շաբաթներ առաջ նշեալ կառոյցը յայտարարած էր, թէ ապահովական նկատառումներէ մեկնելով` երկրի երեք նահանգներու` Սուէյտայի, Հասաքէի եւ Ռաքքայի մէջ քուէարկութիւնը անորոշ ժամանակով պիտի յետաձգուի:
Նոր եւ ընդլայնուած խորհրդարանը, ըստ սուրիական մամուլին, պիտի ունենայ 210 անդամներ, որոնց մէկ երրորդը պիտի նշանակուի ժամանակաւոր նախագահ Ահմետ Շարհի կողմէ:
Շուրջ 23 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրին մէջ խորհրդարանը նախապէս ունէր 150 աթոռ: