Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իրաքահայ թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան անհատական այցելութեամբ օգոստոս ամսուն Քալիֆորնիա կը գտնուէր: Առիթէն օգտուելով` անոր հետ զրոյց մը ունեցանք իրաքահայ համայնքի ներկայ վիճակին շուրջ:

Գալուստեան 2010-էն ի վեր Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ է, իսկ 2023-էն մինչեւ օրս նոյն վարչութեան ատենապետն է: Ասպարէզով տնտեսագէտ` 2011-2019 ան կը վարէր Իրաքի քրիստոնէական եւ այլ կրօններու Աւանդապահութեան պետական գրասենեակի տնօրէնութեան, հաշուապահական բաժինի եւ ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը:

2007-էն ի վեր ան Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան վարչութեան անդամ եղած է, իսկ 2017-2024 եղած է սոյն վարչութեան ատենապետը, նաեւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան փոխատենապետ` 2012-2015, իսկ 2015-2020` ատենապետ:

Ըստ Գալուստեանի, այսօր Իրաքի հայութեան թիւը մօտաւորապէս 7000 է, որուն մեծամասնութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ են. փոքրամասնութիւն են կաթողիկէ համայնքի հայերը:

Գլխաւոր հայ գաղութը կը գտնուի Պաղտատի մէջ, կազմուած` 4000 հայորդիներէ, մինչ Մուսուլ քաղաքին մէջ միայն 2 հայ մնացած է (ՏԱՀԵՇ-ի մուտքէն ետք Մուսուլի հայերը հեռացան): Քիւրտիստանի ինքնավար շրջանին մէջ հայերը բաժնուած են հետեւեալ ձեւով` Էրպիլ` 600 հայեր, Զախօ` 1100 հայեր եւ Տըհոք` 500 հայեր:

Նոյն շրջանին մէջ ունինք երկու հայկական գիւղեր` Հաւրեզք` 400 հայեր` բոլորովին հայախօս, եւ Աւզրուկ` 450 հայեր` բոլորովին քրտախօս: Պէտք է ըսել, որ Զախոյի եւ Տըհոքի հայերուն մեծամասնութիւնը նոյնպէս քրտախօս է:

Մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ ունինք միակ հայկական ազգային վարժարանը` 35 աշակերտներով եւ մանկապարտէզը` 5 փոքրերով: Որոշ շրջաններու մէջ կը գործեն կիրակնօրեայ վարժարաններ` հայերէնի դասապահերով:

Բոլոր հայաբնակ քաղաքները ունին իրենց սեփական եկեղեցիները: Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին Տըհոք, Էրպիլ, Հաւրեզք եւ Աւզրուկ շրջանները եւս իրենց եկեղեցիները ունեցան: Մաս մը անոնցմէ կառուցուեցաւ եկեղեցական բարեսիրական համաշխարհային հաստատութիւններու կողմէ եւ մաս մը` Քիւրտիստանի պետական Քրիստոնէական աւանդապահութեան գրասենեակին կողմէ. բնականաբար Ազգային առաջնորդարանը եւս իր ներդրումը ունեցաւ: Քերքուքի եւ Զախոյի շրջաններու հին եկեղեցիները փոխարինուեցան նորաշէն եկեղեցիներով:

Թէ՛ Իրաքի կառավարութիւնը եւ թէ՛ Քիւրտիստանի ինքնավար մարզի կառավարութիւնը միշտ օժանդակած են մեզի եւ բարեացակամ գտնուած են հայկական համայնքներու եւ եկեղեցական հարցերու նկատմամբ:

ՏԱՀԵՇ-ի քանդած Մուսուլի մեր եկեղեցին պիտի նորոգուի պետութեան հաշուոյն. նաեւ հատուցում տրուած է հայերու վնասուած բնակարաններուն համար:

Պաղտատի մէջ ունինք 4 եկեղեցիներ, որոնցմէ հնագոյնը Ս. Աստուածածին եկեղեցին է, կառուցուած` 1639-ին. այսօր անիկա ուխտատեղի է, ուր կ՛այցելեն թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ հաւատացեալներ:

Գալուստեան տեղեկացուց, որ Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիմնուած է 1954-ին, եւ վերջին 70 տարիներուն ընթացքին հոն չէր եղած որեւէ հիմնական նորոգութիւն, որուն կարիքը զգալի էր: «Որոշեցինք ձեռնարկել անհրաժեշտ նորոգութիւնները եւ 250 միլիոն տինար յատկացուցինք, սակայն, նախքան գործի ձեռնարկելը, մեզի այցելութեան եկաւ պետական յանձնախումբ մը եւ տեղեկացուց, թէ նկատի ունենալով, որ այս եկեղեցին Պաղտատի տեսարժան կարեւոր վայրերէն մէկն է եւ ճարտարապետական ու մշակութային կարեւոր կոթող մը, նորոգութեան ծախսերը պետութիւնը յանձն պիտի առնէ եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը գործը պիտի ստանձնէ», ըսաւ Գալուստեան: Ան աւելցուց, որ ճարտարապետական յատուկ խումբ մը այցելեց եւ մանրակրկիտ կերպով քննելէ ու ուսումնասիրելէ ետք որոշուեցաւ, որ նախնական ծախսը մօտաւորապէս 850 միլիոն տինար պիտի ըլլայ, եւ պետութիւնը ծախսերը պիտի հոգայ: Առաջնորդարանին համաձայնութիւնը ստանալէ ետք, այս տարուան փետրուար ամսուն նորոգութիւնները սկսան եւ մօտ օրէն պիտի աւարտին:

2019-ին, Իրաքի պետութիւնը հրապարակեց երկու դրոշմաթուղթեր մեր երկու եկեղեցիներուն` Ս. Աստուածածինի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի պատկերներով, իսկ 2020-ին` հայ-իրաքեան բարեկամութեան նուիրուած:

Իրաքահայ թեմի առաջնորդը Օշական եպս. Կիւկիւլեանն է: Ան աշխուժօրէն առաջնորդի իր պարտականութիւնները կը կատարէ եւ հոգատարն է նաեւ ընդհանուր կալուածոց: Թեմին մէջ կը ծառայեն նաեւ 6 քահանաներ եւ աբեղայ մը:

Առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան կողքին, կը գործեն թաղական խորհուրդները: Թաղական խորհուրդներ ունինք` Պասրայի, Քերքուքի, Էրպիլի, Տըհոքի, Զախոյի, Աւզրուկի եւ Հաւրեզքի մէջ, իսկ Մուսուլի մէջ, ուր միայն երկու հայեր կ՛ապրին, անոնցմէ մէկը` Անդրանիկ Կուլուզեանն է, Մուսուլի նախկին թաղականութեան անդամը, որ մինչ օրս կը հսկէ ազգային բոլոր կալուածներուն:

Իրաքահայ գաղութը հարուստ է իր կալուածներով, որոնցմէ եկած եկամուտը կը հոգայ առաջնորդարանի, եկեղեցւոյ եւ ազգային այլ հաստատութիւններու ծախսերը:

Կարելի է ըսել, որ իրաքահայերու տնտեսական վիճակը լաւ է: Կան բաւական մեծ թիւով անձնական գործեր ունեցողներ. ունինք նաեւ պետական պաշտօնեաներ: Կան նաեւ 130 կարիքաւոր ընտանիքներ, որոնք ամսական դրութեամբ Ազգային առաջնորդարանէն նիւթական նպաստ կը ստանան, իսկ հիւանդներուն եւ ծանր վիրաբուժութեան ենթարկուած անձերուն նպաստներ կը յատկացուին` հոգալով անոնց ծախսերուն յիսուն առ հարիւր, որ Ազգային սնտուկէն կը վճարուի եւ այլն:

Պաղտատի մէջ կը գործեն մեր ազգային միութիւնները, թէեւ անոնք նախկին ժամանակներու փայլքը չունին, բայց գոյութիւն ունին եւ ներկայ ուժերով կը գործեն, օրինակ` Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը, որուն հիմնադրութեան 100-ամեակն է յաջորդ տարի:  ՀՄԸՄ-ը իր մարզական եւ սկաուտական բաժիններով բաւականի աշխուժ է, նաեւ աշխուժ են ՀԲԸՄ-ը եւ Իրաքի Հայ տիկնանց մշակութային միութիւնը: Ազգային առաջնորդարանը նիւթապէս կ՛օգնէ մեր միութիւններուն: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մարզական խաղերուն կամ կրթական ծրագիրներուն Իրաքէն մասնակցողներուն ծախսերը առաջնորդարանը կը հոգայ:

Պաղտատի մէջ կը գործէ մեր Ազգային ծերանոցը, որ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ հոն հայ տարեցները կը պատսպարուին անվճար: Ծերանոցը կը կառավարուի յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն նախագահը առաջնորդն է:

Երկրի ապահովական վիճակը բարելաւուած է, անցեալի վտանգաւոր կացութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի, ամէնօրեայ ռմբակոծումները եւ առեւանգումները դադրած են, առ այդ, ժողովուրդը ապահով միջավայրի մէջ իր առօրեային եւ գործերուն կը հետեւի:

 

 

Նախորդը

Ազգը Եւ Սփիւռքը Փակուղիէն Հանել, Որպէսզի Նուաճուին Իրաւունք Եւ Ինքնութիւն

Յաջորդը

Նշմար. Թրամփի «Ալպանիա» Հանելուկը Լուծեցի՜…

RelatedPosts

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան
Հարցազրոյց

«Մեր Առաքելութեան Յարատեւման Ու Վերելքին Գաղտնիքը Պարզ Է` Կամք, Զոհողութիւն Եւ Ծառայութեան Ոգիին Նկատմամբ Հարազատութիւնը», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Պերճ Աբգարեան

Սեպտեմբեր 18, 2025
«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?