Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Փաստաթուղթի Նախաստորագրումը Փաստացի Վերջ Կը Դնէ Ազրպէյճան-Հայաստան Հակամարտութեան. Պաքուի Շահերը Լիովին Ապահովուած Են»

August 22, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ բռնագրաւուած Քարվաճառի մէջ յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը գրեթէ աւարտած է, եւ ստորագրուած փաստաթուղթերը լիովին կ՛ապահովեն Պաքուի շահերը:

Ան նշած է, որ Պաքուն հասած է իր բոլոր նպատակներուն, իսկ Մինսքի խմբակը կ՛ապրի իր վերջին օրերը եւ շուտով պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ նոյնիսկ իրաւական առումով:

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ ինքնին Ազրպէյճանը հեղինակած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը, եւ ատոր կէտերը մշակելու ընթացքին միշտ հաշուի առնուած է ազրպէյճանական դիրքորոշումը:

Ան նշած է, որ այս փաստաթուղթի նախաստորագրումը փաստացի վերջ կը դնէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան:

Ան ընդգծած է, որ ապահովուած է ցամաքային մուտքը դէպի «պատմական ազրպէյճանական Նախիջեւան մարզ»:

Ալիեւ յայտարարած է, որ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան երկաթուղին ամբողջութեամբ պիտի արդիականացուի, եւ նոր երթուղիներու կառուցումը կը նախատեսուի Հայաստանի տարածքին մէջ:

Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, Երեւան ստանձնած է այս պարտաւորութիւնը, եւ ասիկա Ազրպէյճանի համար յաւելեալ պատմական յաղթանակ մըն է:

 

 

Նախորդը

Լուքաշենքօ. «Իրան Կը Համոզէ Արագացնել Ռուսիա-Հայաստան-Իրան Երթուղին»

Յաջորդը

Դատարանը Երեք Ամիսով Երկարաձգեց Բագրատ Արք. Գալստանեանի, Արթուր Սարգսեանի Եւ Արման Իսրայէլեանի Կալանքը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.