Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Իրան կը համոզէ արագացնել Ռուսիա-Հայաստան-Իրան երթուղին:
«Իրանը մեզ կը համոզէր, որպէսզի մենք աշխուժօրէն օգտագործենք Ռուսիոյ եւ Իրանի միջոցով անցնող գումակային ուղղութիւնը: Ռուսիան, Հայաստանը եւ Իրանը դէպի Պարսից ծոց: Կը համոզեն: Սակայն ատիկա մեզի համար առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն է», յայտարարած է Լուքաշենքօ:
Պիելոռուսիոյ նախագահը Մինսքի մէջ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ հանդիպումի ընթացքին նաեւ յայտարարած է, թէ Պիելոռուսիան կ՛ողջունէ Իրանի ներգրաւուածութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) տարածքի առեւտրատնտեսական հոլովոյթներուն մէջ: