Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրատեսիլ 2026» երգի մրցումին յաղթող ճանչցուեցաւ Հայաստանը ներկայացնող Նարէն` իր «BOO!» երգով:
Մրցումին երկրորդ հանդիսացաւ Սպանիան, իսկ երրորդ` Ֆրանսան:
Սա Հայաստանի երրորդ յաղթանակն է մրցումի պատմութեան մէջ: Նախապէս Հայաստանը յաղթած էր 2010 եւ 2021 թուականներուն:
Նարէն ընդհանուր ստացած է 202 միաւոր:
Նշենք, որ Նարէն Հայաստանի տնտեսութեան նախկին նախարար Վահան Քերոբեանի դուստրն է:


