Ամերիկացի երգչուհի Ճենիֆըր Լոփես վերջերս համերգ տուած էր Ուզպեքիստանի մէջ, այդ պատճառով ալ վնասուած էր «Պունիոտքոր» մարզադաշտին խոտը:
34 հազար համակիրներ հիւրընկալող դաշտի խոտը վնասուած է, այդ պատճառով ալ ազգային խումբը պիտի ստիպուի այլ դաշտի վրայ կատարել իր մրցումները:
Նոյն բանը պատահած էր Հայաստանի մէջ, ուր Ճենիֆըր Լոփես ելոյթ ունեցած էր անցեալ 3 օգոստոսին, ուր վնասած էր «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան մարզադաշտին խոտին` պատճառ դառնալով, որ 6 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան – Փորթուգալ մրցումին վայրը վտանգուի:
Դաշտի վերականգնումը կրնայ տեւել մօտ 2 ամիս` ստիպելով յառաջիկային կատարուելիք մրցումներուն վայրի փոփոխութիւն կատարել:
Սէուտական Արաբիոյ «Քինկտըմ Արենա» մարզադաշտի խոտածածկի պատասխանատու Սթիուըրթ Մաքճէյն նշեց, որ նման ձեռնարկներէ ետք խոտի վերականգնումի հիմնական խնդիրը ճիշդ ժամանակին խնամքն է: