Հայկական ծագումով ուքրանացի բռնցքամարտիկ Կարէն Չուխաջեան կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ արժանթինցի Ժոել Մարքոս Մֆաուատի դէմ` զայն նաք-աութի ենթարկելով:
Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որ բռնցքամարտիկի երեկոյեան կարեւորագոյն ելոյթն էր, Չուխաջեան մրցումի սկիզբէն արագ յարձակումներով սկսաւ հարուածել մրցակիցին: Չուխաջեան իր 29-րդ ելոյթին 14-րդ նաք-աութով յաղթանակը արձանագրեց` երեք պարտութիւններու դիմաց:
Մֆաուատ որ իր 15-րդ մրցումը կը կատարէր, 2-րդ պարտութիւնը կրեց: Արժանթինցի մարտիկը ինկաւ ռինկին վրայ բ. ռաունտի աւարտին 1,23 վայրկեան մնացած, եւ հազիւ ինքզինք գտնելով ոտքի ելաւ, բայց իրաւարարը յարմար չգտաւ անոր շարունակելը: Չուխաջեանի վերջին նաք-աութը մօտ 2 տարի առաջ էր` Փիեթրօ Ռոզեթթի դէմ: Երկու յաջորդական պարտութիւններ կրելէ ետք ամերիկացի Ճարոն Էնիսէն հայ մարտիկը իր դիրքը ամրապնդեց միջակ կշիռի մէջ:
Այժմ ան թիւ 6 դասուած է «Այ.Պի.Էֆ.», իսկ թիւ 4` «Տապըլեու,Պի. Օ.» ֆետերասիոններուն մօտ: Ան յոյս ունի մօտիկ ապագային վերադառնալու տիտղոսներու մրցումներուն: