Կիրակի օր Սպարտակ Մոսկուայի պատմութեան լաւագոյն ռմբարկու, ակումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ եւ Խորհրդային Միութեան ֆութպոլի աստղ Նիքիթա Սիմոնեան, որ այժմ Ռուսիոյ ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահն է, նշեց իր 99-րդ տարեդարձը:
Կեանքի այս նշանակալի տարեդարձին առիթով պատմական գործիչին շնորհաւորած են անոր նախկին երկու ակումբները` Սպարտակ Մոսկուան եւ Արարատ Երեւանը:
Սպարտակ շնորհաւորած է «Կարմիր-ճերմակներ»-ու ամէնէն տարեց վեթերանը, վեթերաններու կոմիտէի պատուաւոր նախագահը եւ ողիմպիական ախոյեանը:
«Մենք կը յիշենք այն հսկայական ներդրումը, որ Սիմոնեան կատարեց մեր ակումբի պատմութեան մէջ` իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ: 6 ախոյեանութիւններ, հինգ բաժակի տիտղոսներ, բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուի կոչում եւ բազմաթիւ հրաշալի ֆութպոլիստներ, որոնք դաստիարակուած են Սպարտակի մէջ», նշուած է ակումբի շնորհաւորական նամակին մէջ:
Երեւանի Արարատն ալ նոյնպէս միացած է շնորհաւորական նամակին` առանձնայատուկ ընդգծելով Սիմոնեանի դերը` ակումբի պատմութեան ամէնէն պայծառ էջին մէջ:
«Պատմական «Արարատ 73-ի» գլխաւոր մարզիչ Նիքիթա Սիմոնեան կը նշէ իր 99-ամեակը: Անոր ղեկավարութեամբ Արարատ նուաճեց Խորհրդային ֆութպոլի բարձրագոյն գագաթը` դառնալով Խորհրդային Միութեան ախոյեան եւ բաժակակիր: Կը շնորհաւորենք մեծ մարզիչը եւ ֆութպոլի պատմական
մարզիկը` մաղթելով առողջութիւն, երկար տարիներու կեանք եւ անսպառ եռանդ»:
Տարեդարձի նախօրեակին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Նիքիթա Սիմոնեանին շնորհած է «Ռուսիոյ աշխատանքի հերոս» բարձրագոյն կոչումը: Պարգեւատրումը կատարուած է «Պետութեան մատուցած յատուկ ծառայութիւններուն, հայրենական ֆութպոլի զարգացման եւ տարածման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին համար»: