ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը կիրակի գիշեր կատարեց եղանակի իր 2-րդ մրցումը, որ ախոյեանութեան պատրաստութիւններու իսկական փորձ մըն էր` «Չելենճ Քափ 2025» մրցաշարքի աւարտականին, ուր 107-91 արդիւնքով սպասելի պարտութիւն մը կրեց Սաժեսէն:
Սպասելի էր այս արդիւնքը բազմաթիւ պատճառներով: Սաժես արաբական ակումբներու ախոյեանութեան աւարտականին հասած եւ պարտուած էր, եւ խումբը բաւական լաւ վիճակի մէջ էր եւ պատրաստ:
ՀՄԸՄ-ի պարագային խումբը տակաւին ամբողջ կազմով փորձերու միայն քանի մը օր առաջ սկսած էր, աւելի՛ն` մրցումի երկրորդ մասի սկիզբէն իսկ խմբապետ Ահմետ Իպրահիմ ձեռքը վիրաւորելով աւելի եւս դժուարացուց կացութիւնը: Կապրիէլ Աճէմեան, որ շաբաթ օր հասած էր Լիբանան, մասնակցեցաւ օր մը ետք` աւարտականին, եւ հազիւ 18 վայրկեաններու մասնակցելով չկրցաւ մթնոլորտին մէջ մտնել, մանաւանդ որ Ահմետ Իպրահիմի, Ազիզ Ապտել Մասիհի, Խալետ Թոմասի, Այզաք Այյուպիի եւ Քարիմ Սալամէի հետ բնաւ չէր խաղցած:
Լաւ փորձառութիւն էր «պատրաստ» խումբի դէմ խաղալը` ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներուն համար, գիտնալու համար, թէ ո՛ր կէտերուն վրայ յաւելեալ աշխատանք պէտք է տանիլ ախոյեանութեան համար:
Ախոյեանութիւնը պիտի սկսի շաբաթ օր, իսկ ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի Հուփսի դէմ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի երթի մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (20 հոկտեմբեր)
ՀՄԸՄ – Հուփս (Մըզհերի մէջ, ժամը 20:30)
Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (23 հոկտեմբեր)
Անդրանիկ – ՀՄԸՄ («Տեմիրճեան» կեդրոն, ժամը 16:45)
Գ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (29 հոկտեմբեր)
ՀՄԸՄ – Անթունիէ (Մըզհերի մէջ, ժամը 20:40)
Դ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (4 նոյեմբեր)
ՀՄԸՄ – Պէյրութ Ֆըրսթ (Մըզհերի մէջ, ժամը 16:45)
Ե. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (18 նոյեմբեր)
Թատամոն Հարաժել – ՀՄԸՄ (Քահրապայի դաշտ, ժամը 20:30)
Զ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (1 դեկտեմբեր)
Էն.Պի.Էյ.-ՀՄԸՄ («Ֆուատ Շեհապ»-ի դաշտ, ժամը 16:45)
Է. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (6 դեկտեմբեր)
Շանվիլ – ՀՄԸՄ (Շանվիլի դաշտ, ժամը 21:45)
Ը. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (13 դեկտեմբեր)
ՀՄԸՄ – Սանթրալ (Մըզհերի մէջ, ժամը 21:45)
Թ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (23 դեկտեմբեր)
Ռիատի – ՀՄԸՄ (Մանարայի մէջ, ժամը 16:45)
Ժ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (27 դեկտեմբեր)
Սաժես- ՀՄԸՄ (Ղազիրի մէջ, ժամը 21:45)
ԺԱ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (3 յունուար)
ՀՄԸՄ – Շապապ Պաթրուն (Մըզհերի մէջ, ժամը 18:00)