Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հումելզի Հրաժեշտի Մրցումը

August 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր Մաթս Հումելզ վերջին անգամ ըլլալով Տորթմունտի շապիկը կրեց` «Սիկնալ Իտունա» դաշտին 80 հազար համակիրներուն ներկայութեան, Եուվենթուսի դէմ կատարուած մրցումի մը ընթացքին:

«Ամբողջական անմոռանալի օր մըն էր այս, բացի արդիւնքէն», ըսաւ Հումելզ, որուն համար 2-1 արդիւնքը երկրորդական էր, եւ վերջին փորձ մրցում մը Տորթմունտի համար` «Պունտըսլիկա»-ի 2025-2026 տարեշրջանին:

«Այսօր բոլորովին տարբեր էր, շատ կարեւոր եւ հաճելի ինծի համար», ըսաւ 36 տարեկան Հումելզ, որուն անցեալ տարեշրջանը վերիվայրումներով լեցուն էր: «Հրաժեշտի մրցում կատարելը այս ձեւով տարբեր զգացում էր: Մեծ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին այս օրը, քանի ճիշդ այս ձեւով կ՛ուզէի աւարտել ասպարէզս: Քանի մը վայրկեան կարենամ խաղալ լուրջ բարձր մակարդակի ֆութպոլ վերջին անգամ ըլլալով: Ամբողջական էր», աւելցուց ան:

80 հազարէ աւելի համակիրներ ծափահարութեամբ ընդունեցին Հումելզը, որ 19 վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ: Բոլոր համակիրները յոտնկայս ծափահարութիւններով վերջին հրաժեշտը տուին Հումելզին: «Քանի մը օր պիտի ցաւիմ եւ կարօտնամ այս անմոռանալի մթնոլորտը: Ֆիզիքական ցաւ ալ պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ քանի մը ամիսներէ ի վեր երկար արագ վազք չէի ըրած», ըսաւ Հումելզ:

Մրցումէն օրեր առաջ, Հումելզ «պրկուած էր ճիշդ մեծ մրցում ունենալէ առաջ»: Ասիկա վստահաբար պաշտօնական ոչ մէկ մրցում կատարելուն պատճառով, եւ ան իրապէս չէր գիտեր իր մակարդակը: Ճիշդ է, որ ան այլ մարզախաղեր կը խաղար, բայց 18 տարիէ ի վեր անոր կիրարկած ֆութպոլը տարբեր մակարդակ կ՛ուզէր:

«Միայն նկատեցի, որ սրունքներս կը ցաւէին ամէն անգամ, որ արագացնէի վազքս», ըսաւ ան խնդալով:

Ան յայտնեց, որ Տորթմունտ ճիշդ ճամբուն վրայ է: Դեղիններուն հետ աւելի քան 500 մրցում կատարած Հումելզ ըսաւ. «Յուսամ, որ ամէն ինչ կը շարունակուի ինչպէս որ է, 8 մրցումներէ ի վեր Տորթմունտ ճիշդ ուղղութեամբ կը յառաջդիմէ Նիքօ Քովաչի հետ եւ մթնոլորտը մարզիկներուն եւ մարզչական խմբակին միջեւ շատ լաւ է: Առաջին դիրքը դժուար է, բայց ճամբան բաց է Բ. դիրքը գրաւելու: Իբրեւ համակիր պիտի այցելեմ Տորթմունտի խաղերուն, մանաւանդ հարաւային թրիպիւնը, ուր կը նստին «Ուլթրազը», ըսաւ Հումելզ, որ այժմ կ՛ուզէ հանգիստ ժամանակ անցընել իր ընտանիքին եւ զաւկին հետ: Բայց վստահաբար ան պիտի շարունակէ իր մարզական աշխատանքը եւ ըստ իրեն «վաղը կարեւոր մրցում մը ունիմ «Փատելի» գծով, եւ պէտք է պատրաստ ըլլամ»:

Նշենք, որ Հումելզ Պայերն Միւնիխի սան եղած է, բայց 20 տարեկանին մեկնած է Տորթմունտ մինչեւ 2016: 2016-էն 2019 ան միացած է Պայերն Միւնիխին, ապա 2019-ին վերադարձած Տորթմունտ մինչեւ 2024-ի ամառ: Սեպտեմբեր 2024-ին ան միացաւ Ռոմային բայց միայն 20 մրցում կատարեց` ամրան լքելով ֆութպոլը:

Ան 5 անգամ դարձած է «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան (2 անգամ Տորթմունտի հետ), մինչ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ կատարած է 78 մրցումներ` նշանակելով 5 կոլեր, ինչպէս նաեւ դառնալով աշխարհի ախոյեան 2014-ին:

 

 

Նախորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ

Յաջորդը

Արմինիա Պիլեֆելտի Լաւ Երթը Եւ Քենեթ Այշհորնի Մրցանիշը

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ 2026. Ռիատի Հասաւ Կիսաւարտական

September 30, 2026
Մարմնամարզութիւն.  Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Համլեթ Մանուկեան Ոսկի, Իսկ Արթուր Աւետիսեան` Արծաթ Մետալակիր

September 30, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Հաւաքականները Առանձին Ենթախումբերու Մէջ Մետալներ Շահեցան

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.