Հայկական արմատներով ռուս թենիսմեն Կարէն Խաչանով յաղթանակով սկսաւ Սինսինաթիի մրցաշարքը:
Տղոց բաց մրցաշարքի իր առաջին մրցումին Խաչանով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Վալենթեն Ռուայէն (թիւ 104)` 6-4 եւ 7-6 (8-6) արդիւնքով, մօտ 2 ժամ պայքարէ ետք:
Կարէն Խաչանովի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ ամերիկացի Ճենսըն Պրուքսպին, որ թիւ 101 դասուած մարզիկն է: Կարէն Խաչանով, որ աշխարհի թիւ 12 դասուած մարզիկն է, այս մրցաշարքին դժուար մրցակիցներ ունի, մանաւանդ որ լաւագոյն 5 թենիսմենները ներկայ պիտի ըլլան այս կարեւոր մրցաշարքին, որ պարտութիւն է տարուան 4-րդ եւ վերջին կրան շլեմին` «Եու. Էս. Օփըն»-ին:
Թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր 6-2 եւ 7-6 (8-6) արդիւնքով պարտութեան մատնեց քանատացի Կապրիէլ Տիալոն (թիւ 35), մինչ թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս պիտի մրցի սերպ Համատ Մետիենովիչի դէմ:
Յաղթանակի պարագային, Խաչանովի մրցակիցը կրնայ ըլլալ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (թիւ 3), որ պիտի մրցի ամերիկացի Պրենտըն Նաքաշիմայի դէմ:
Նշենք, որ անցեալ շաբաթ Թորոնթոյի մէջ Կարէն Խաչանով կրցած էր դուրս ձգել գերմանացի Զվերեւը կիսաւարտականի հանգրուանին:
Սինսինաթիի աղջկանց մրցումներուն, անակնկալ արդիւնքով մը, թիւ 5 դասուած Ամանտա Անիսիմովա 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Աննա Քալինսքայայի (թիւ 34) դէմ մրցումին:
Թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 3 ժամ 12 վայրկեան պայքարէ ետք դուրս ձգեց թիւ 30 դասուած Էմմա Ռատուքանուն (Բրիտանիա)` 7-6, 4-6 եւ 7-6 (7-5) արդիւնքով:
Թիւ 2 դասուած Քոքօ Կաֆ պիտի մրցի Տայանա Եասթրեմսքայի (թիւ 31) դէմ: