Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնը արդէն իսկ սկսած է, եւ առաջին դիրքը կը գրաւէ Արմինիա Պիլեֆելտ, որ անցեալ տարեշրջանին բարձրացած էր Բ. դասակարգ, Գ. դասակարգի ախոյեան դառնալէ ետք:
Արմենիա Պիլեֆելտ իր յաջորդական երկրորդ մրցումը յաղթեց` պարտութեան մատնելով Ա. դասակարգէն նոր փոխադրուած Հոլշթայն Քիլը` 2-0 արդիւնքով, որ իր կարգին ձախող տարեշրջան մը կը բոլորէ` կրելով իր 2-րդ յաջորդական պարտութիւնը:
Քիլ իր դաշտին վրայ յուսախաբ ըրաւ իր համակիրները եւ 2-0 արդիւնքով ետ մնաց առաջին կիսախաղէն իսկ: Բ. կիսախաղին, Արմինիայի բերդապահ Եոնաս Քերսքեն ստանալէ ետք իր երկրորդ դեղին քարտը, 70-րդ վայրկեանէն սկսեալ Արմինիա 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ:
Պերլինի մէջ, Քենեթ Այշհորն պատմութեան անցաւ իբրեւ Բ. դասակարգի ամէնէն երիտասարդ մարզիկը` 16 տարեկան եւ 14 օր ըլլալով, բայց իր խումբը` Հերթա Պերլին չկրցաւ յաղթել Քարլսրուհէին եւ 0-0 արդիւնքով յուսախաբ ըրաւ իր 59.655 համակիրները` մայրաքաղաքին մէջ անգամ մը եւս չյաղթելով:
Հերթա Պերլին, որ անցեալ տարեշրջանին Բ. դասակարգի ամէնէն տկար խումբն էր իր դաշտին վրայ, անգամ մը եւս չկրցաւ տպաւորել «Օլեմփիաշթատիոն»-ի մէջ:
Այշհորն «գերմաներէնով` սկիւռ) բարելաւեց Հերթա Պերլինի մրցակից Քարլսրուհէի խումբէն մարզիկ Էֆէ-Քաան Սիհլարօղլուի մրցանիշը, որ 2021-ին դաշտ ներկայացած էր 16 տարեկան 142 օրեր ըլլալով: Այշհորն, որ Հերթա Պերլինի 9 տարեականէն վար խումբէն սկսած է խաղալ, մայրաքաղաքի կազմի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ մարզիկը եղաւ:
Արմինիայի կողքին Տարմշթատ, Հանովըր եւ Այնթրախթ Պրաունշվայկ իրենց 2 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած են, մինչ Տինամօ Տրեստեն, Նիւրեմպերկ, Հոլշթայն Քիլ եւ Ֆորթունա Տիւսելտորֆ 2 պարտութիւններով սկսած են «Պունտըսլիկա 2»-ն: