Շաբաթ օր յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ շատ կարեւոր մրցում ունի կատարելիք Ռաուտա Տըքուանէ խումբին դէմ:
Ռաուտա Տըքուանէ, որ առաջին դիրքը կը գրաւէ, յարձակողական ֆութպոլ կը կիրարկէ, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ լաւ պաշտպանողական ֆութպոլ կը կիրարկէ, կրնայ օգտուիլ մրցակիցի յարձակումներէն եւ հակայարձակումներով գրաւել մրցակիցին բերդը:
Կը սպասուի, որ մեծ թիւով համակիրներով ոգեւորուած, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը աւելի լաւ խաղ ցուցաբերեն եւ 3 կէտ շահելով գրեթէ ապահովեն Գ. դասակարգի տոմսը: 2 խումբեր պիտի բարձրանան մեր խմբակէն, եւ յաղթանակը շատ կարեւոր է:
Միջնապահ գիծի տղոցմէ, ինչպէս նաեւ բոլոր տղոցմէ կը սպասուի պայքարի բարձր ոգի` յաղթելու մրցակիցին, վերջին մրցումը աւելի հանգիստ խաղալու համար:
Նոյն պահուն, Ամալ Սալամ Զղարթա պիտի մրցի Լիուաա Սայտայի դէմ, իսկ Շեքքա պիտի մրցի Սանհարիպի դէմ: