Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Եւ Օքլահոմա Գլխաւոր Թեկնածուներ` Նոր Տարեշրջանին

Օգոստոս 13, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի նոր տարեշրջանը կը սկսի հոկտեմբերին, եւ այժմէն իսկ խումբերը պատրաստ են, մանաւանդ աւարտելէ ետք ամառնային մրցաշարքերը:

Բազմաթիւ խումբեր նոր մարզիկներ ձեռք ձգած են` յոյսով, որ աւելի լաւ արդիւնք ապահովեն, մինչ Պոսթըն Սելթիքսի նման խումբեր կայունութիւն պահելով աւելի լաւ արդիւնք կրնան ձեռք ձգել:

Պոսթըն Սելթիքսի խումբը կը մնայ թիւ 1 թեկնածուն` Արեւելեան շրջանին մէջ, մինչ անցեալ տարի յուսախաբ դարձած Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ բնական ախոյեանութեան լաւագոյն (Արեւելեան շրջանի) խումբն էր, իր կազմին մէջ առաւ Լոնզօ Պոլն ու Լերի Նենսը եւ դասուած է թիւ 2 դիրքին վրայ:

Նիւ Եորք Նիքս, որ լաւ եղանակ մը անցուց հասնելով Արեւելեան շրջանի աւարտական, պահեց իր բոլոր մարզիկները եւ իր կազմին մէջ առաւ Ճորտըն Քլարքսընն ու Կերշըն Եապուսելէն: Անոնք դասուած են 3-րդ դիրքի վրայ, մինչ Օրլանտօ Մեճիք ձեռք ձգելով Տեզմընտ Պէյնը եւ Թայըս Ճոնզը թիւ 4 դիրքի վրայ դասուեցաւ:

Երիտասարդ Տիթրոյիթ Փիսթընզ  ձեռք ձգեց Քարիս Լըվերթը եւ Տանքըն Ռոպինսընը, մինչ Տենիս Շրոտըր եւ Թիմ Հարտըուէյ լքեցին խումբը:

Արեւմտեան շրջանին մէջ, անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր կարգին խումբը կայուն պահեց եւ ոչ մէկ փոխանցում կատարեց` մնալով այս տարեշրջանին թիւ 1 թեկնածուն ոչ միայն Արեւմտեան շրջանի ախոյեանի տիտղոսին:

Տենվըր Նակեթց, որ 2023-ին շահած էր ախոյեանութիւնը, այս տարի դասուած է թիւ 2-ի վրայ Արեւմտեան շրջանին մէջ, մանաւանդ Քեմ Ճոնսընի եւ Եոնաս Վալանշիունասի միանալով: Մայքըլ Փորթըր եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք լքեցին խումբը, բայց սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ պիտի փորձէ անգամ մը եւս ախոյեանութեան համար մրցիլ:

Անցեալ տարուան ամէնէն լաւ յարձակողական խումբը` Հիուսթըն Ռոքեթց, դասուած է 3-րդ դիրքի վրայ, եւ այս տարի բաւական խոստմնալից կազմ մը ունի, ուր վեթերան Քեւին Տիւրենթ, Քլինթ Քափելա եւ Տորիըն Ֆինի-Սմիթ միացած են երիտասարդ աստղերու, նոյնիսկ եթէ Տիլըն Պրուքս եւ Ճէյլըն Կրին լքած են խումբը: Հիուսթըն կրնայ այս տարուան անակնկալ խումբը ըլլալ:

Թիւ 4 դիրքի վրայ դասուած է Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ, որ անցեալ տարի հասած էր Արեւմտեան շրջանի աւարտական, պիտի փորձէ կայունութիւնը պահել եւ Անթոնի Էտուըրտծի հետ շարունակել իր յաջող ելոյթները:

5-րդ դիրքի վրայ դասուած է Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ իր դրացի Լէյքըրզէն աւելի յոյս ունի աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու:

Քլիփըրզը լքած է Նորմըն Փաուըլ, բայց 4 լաւ մարզիկներ միացած են Քուայ Լենըրտին, Ճէյմզ Հարտընին եւ Իվիցա Զուպացին: Արդարեւ, Պրատլի Պիլ, Ճոն Քոլինզ, Պրուք Լոփես եւ Քրիս Փոլ միացան աւելի լաւ պայքարող խումբ մը կազմելու:

Նախորդը

Խաղաղութեան Խաբկանքը

Յաջորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?