ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Ակնարկս անձնաւորուած քննադատութիւն մը կամ ցեխարձակում մը չէ, բայց կը հաւատամ, որ հասարակական խօսոյթի առողջացման համար անհրաժեշտ է անաչառօրէն բարձրաձայնել հետեւեալ հարցերը.
– Ազգային տարատեսակ մարմիններու մէջ համայնքային ներգրաւուածութիւնը դասակարգային ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ եւ ինչո՞ւ է այդպէս:
– Մտաւորական առկայ լճացման պայմաններուն մէջ, երբ յաճախ կը շեշտադրուի վերակենդանացման հրամայականը, որո՞նք են, որ իսկապէս կը վճարեն այս մահամերձութեան գինը, եւ որո՞նք են անոր շահառուները:
– Որո՞նք են հայապահպանման անհրաժեշտութեան մասին դատափետողները եւ որքանո՞վ առնչակից են այդ հայապահպանման ենթական հանդիսացող զանգուածներու օրակարգային խնդիրներուն եւ հետաքրքրութիւններուն:
– Որո՞նք են հանրային քաղաքականութեան վրայ ազդելու հնարաւորութիւններ ունեցողները, եւ ի՞նչ է այդ կարողութեան տնտեսաֆինանսական դրսեւորումը:
– Համայնքնային ղեկավարութիւնը դասակարգային ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէ եւ տասնամեակներու ընթացքին ի՞նչ տարերայնութեամբ ենթարկուած է փոփոխութիւններու:
– Համայնքային իշխանութիւններուն պատկանած դասակարգը ի՞նչ շահեր է, որ կը վերագրէ այն զանգուածին, որուն անունով հանդէս կու գայ լիբանանեան քաղաքական դաշտէն եւ համայնքի ներքին տարածքէն ներս:
– Հաստատութենական համակարգը ինչպէ՞ս կը նպաստէ որոշ շահակցական կապերու ամրապնդման եւ ինչպէ՞ս կը սքողէ կորուստի յարաբերութիւնները:
– Լիբանանահայ միջին դասակարգի շահերը եւ հաստատութենական համակարգին վերագրած շահերը որքանո՞վ կը նոյնանան, եւ եթէ կան հատման կէտեր, ո՞ւր են:
– Ո՞րն է հասարակական այն խումբը, որուն շահերը առաւելագոյնս ապահովագրուած են հաստատութենական համակարգի առկայ գործունէութեամբ:
– Լիբանանահայ գործարկատիրական յաջողութիւնն ու դրամագլուխի աճը ինչո՞ւ չեն ուղեկցիր հաստատութենական համակարգի արդիւնաւէտ արդիականացմամբ:
– Լիբանանահայ հասարաքաղաքական հաստատութիւնները կախուածութեան ի՞նչ մակարդակ ունին սեփական դրամագլուխէ եւ հակառակը` անհատական դրամագլուխը համակարգը ինչիպիսի՞ կախուածութեան մէջ է, որ կը պահէ:
– Ինչպէ՞ս բանաձել տարբեր շահերու մէկտեղումը` առանց վերարտադրելու տիրապետող շահառութեան դիրքերը:
– Ի՞նչ է կապը համայնքային եզրոյթի շահարկման եւ տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման միջեւ:
– Հնարաւո՞ր է հաստատութենական համակարգի արդիականացումը, առանց շահերու վերաբաշխման եւ դասակարգային վերադասաւորուածութեան:
Եթէ մինչեւ 70-ականներու սկիզբը լիբանանահայ քաղաքական կամ հասարակական մտածողութեան մէջ նմանատիպ հարցադրումները աւելի յաճախական էին սփիւռքահայ ինքնութեան վերարժեւորման եւ վերաիմաստաւորման փորձերուն մէջ, որոնք նաեւ պայմանաւորուած էին պաղ պատերազմի պարտադրած ձախակողմեան եւ արեւմտեան ազատականութեան միջեւ գաղափարախօսական սուր պայքարներով, դարավերջը եւ անոր յաջորդած ժամանակաշրջանը եկան այս շեշտադրումները դուրս հրելու մեր մտաւորական հաւաքական տեսադաշտէն: Հայապահպանումը դարձաւ բովանդակազուրկ պատմուճան մը, որ աւելի շատ խօսուն է մեր քաղաքական ցանկութիւններու եւ իղձերու մասին, քան` մեր իրականութիւնը կազմող հասարակական կառուցուածքի եւ տնտեսաշահակցական յարաբերութիւններու պատկերին:
Քսաներորդ դարուն ամրագրուած հայապահպանման բանաձեւը այսօրուան դրութեամբ ուրիշ բան չէ, քան` գոյութիւն ունեցող շահակցական կապերը ազգային պիտակով պարուրելու գաղափարական ծածկ մը, որ շատ յաճախ մեզ անգիտակից կը դարձնէ ստեղծուած անհաւասարութիւններուն, որոնց հաշուոյն հաստատութենական համակարգը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Հասարակական գիտութեանց նորագոյն նուաճումները եւ առթած տեսական ու իմացական գործիքակազմը կ՛ապացուցեն, որ այն ժողովրդային զանգուածը, որուն անունով կը յայտարարուի հայապահպանման արշաւը, եւ որ` կիզակէտը կը հանդիսանայ լիբանանահայ համայնքային քաղաքականութեան, շատ յաճախ նոյն այդ օրակարգերու եւ որոշումներու կայացման վրայ չունի գէթ նուազագոյն ազդեցութիւնը: Աւելի՛ն. ինքը իր շահերը ներկայացնելու որեւէ ազդեցիկ հարթակ կամ միջոց չունի:
Տրուած ըլլալով, որ լիբանանահայ հաստատութենական համակարգին ու համայնքին միջեւ յարաբերութիւնները բաց ժողովրդավարական հիմքերու վրայ կառուցուած չեն, փակ հասարակարգի առկայութեան պարագային, հաւանաբար անկարելի է լիարժէք պատախաններ գտնել վերոյիշեալ հարցադրումներուն: Բայց նոյնիսկ այս արգելքներով հանդերձ, փորձել մտածել նման եզրերով, ուր առանցքային են «շահ» «դասակարգ» «դրամագլուխ» (capital) եւ «հաստատութիւններ» հասկացողութիւնները, արգասաբեր մտավարժանք մը կրնայ ըլլալ` ուրուագծելու հայ անհատին ենթակայութեան ցարդ անտեսանելի շերտերու, որոնք պայմանաւորուած են ոչ միայն վերացական ազգային խումբի մը անդամակցութեամբ, այլ նաեւ փոփոխական են` ըստ իր աշխարհագրական տարածքի բնակութեան, տնտեսական կարողականութեան եւ դասակարգային գիտակցութեան:
Լիբանանահայ հաստատութենական համակարգի ամբողջատիրական վերահսկման յաւակնութիւնները շատ յաճախ համակարգը կուրացուցած են նոյն այդ պատեանի ներքոյ ընթացող տարերային փոփոխութիւններուն, որոնք այսօր տարբեր դրսեւորումներով իրենց գլուխը կը ցցեն` ճեղքելով այդ պատեանը: Տրուած ըլլալով, որ շատ յաճախ լիբանանահայ կառոյցներուն հետաքրքրութիւնը եղած է լոկ ազգային համահարթ պատկանելիութեան մը սահմանագծումը, անոնք չեն կրցած լիարժէք իմաստաւորել դասակարգային վերադասաւորուածութեամբ, երիտասարդութեան կրթական մակարդակի բարձրացմամբ եւ աճող արեւմտականացմամբ պայմանաւորուած փոփոխութիւնները եւ անոնց հնարաւոր ազդեցութիւնները: Քաղաքական տնտեսութեան գործիքակազմը կ՛ընձեռէ այդ հնարաւորութիւնը արժեւորելու այսօրուան իրականութիւնը` զերծ դաւադրապաշտական տեսութիւններէ եւ ներհամայնքային որեւէ փոխակերպում արտաքին ուժերու պառակտիչ փորձեր որակելէ: Վերջին տասնամեակի, բայց յատկապէս 2015-2023 թուականներուն, տարբեր դրսեւորումներ ունեցող լիբանանեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայկական սթաթիւս քույի մերժումը կապուած էր ոչ թէ հակազգային կամ հակահայկական ուժերու ստեղծման, ինչպէս հաստատութենական համակարգը կը սիրէ շատ յաճախ բնութագրել, այլ ան մասնակիօրէն կապուած է մեր ընկերային կառոյցի կերպարափոխման եւ շահերու վերաբաշխման փորձերու հետ: Հետեւաբար զուգադիպութիւն մը չէ, որ այս ժամանակահատուածը համընկաւ համայնքային խօսոյթի ահագնացող կարծրացման հետ:
Մէկ կողմէ լիբանանահայ երիտասարդութեան կրթական մակարդակի բարձրացումը մեզի ենթադրել կու տար, որ համայնքը տնօրինող հաստատութենական համակարգին մէջ դրական շարժեր եւ արդիականացման առողջ ճիգեր պէտք էր տեղի ունենային գոնէ անցած երկու տասնամեակներուն: Աւելի՛ն. լիբանանահայ երիտասարդութեան մէկ կարեւոր մասի դաւանած արժէքներու եւ աշխարհահայեացքի արեւմտականացումը կ՛ենթադրէր, որ անկախ անհատի դերը եւ ենթակայնութիւնը մեծնար հաւաքականութեան կաշկանդած համայնքնային սահմաններուն ընդդէմ: Սակայն իրականութիւնը այսօր այլ կը թուի: Միւս կողմէ` լիբանանահայկական տնտեսական դրամագուլխի մեծացումը կրնար դրական ազդակ հանդիսանալ արդիականացման փորձերու ֆինանսական օժանդակութեամբ: Սակայն այն, ինչ այսօր ունինք, կը ներկայացնէ հասարակական պատկեր, ուր դրամագլուխի աճը չ՛ուղղեկցիր վերաթարմացման եւ վերիմաստաւորման նախաձեռնութիւններուն: Ուստի պէտք է հարցնել, թէ համայնքային սթաթիւս քույի պահպանումը, որուն բարեփոխման միտուած պիտի ըլլային արդիականացման ջանքերը, որքանո՞վ կը խթանէ լիբանանահայ անհատական դրամագլուխի մեծացման եւ, իր կարգին, այս վերջինս ինչպէ՞ս կը հաստատուի համայնքային դրութեան այս պայմաններուն մէջ:
Լիբանանահայութեան համար մտաւորապէս մահաբեր է համահարթեցման որեւէ փորձ, որ կը միտի ներքին հակասութիւնները ծածկելով` ստեղծել միահամռութեան պատռանք` զայն որակելով համայնքային յաջողութեան գրաւական: Մեր դաւանական եւ ազգային ինքնութիւններու կողքին, բոլորս կրողներն ենք հասարակական դասակարգային եւ աշխարհագրական զանազան ինքնութիւններու, որոնք առ այսօր լիարժէք իմաստաւորուած եւ տեսաբանուած չեն: Աւելի պարզ` Պուրճ Համուտի բանուոր դասակարգի հայ ներկայացուցիչը եւ անոր թաղակից իսլամ արհեստաւորը ունին շատ աւելի հասարակաց օրակարգեր եւ կենցաղային ընդհանուր խնդիրներ, քան` այլ շրջաններու մէջ բնակող մեծ հայ գործատէրը:
Մտաւորական կենսունակութեան խթանման ուղղուած մեր քննարկումներուն շարժառիթը պէտք չէ հանդիսանայ ազգային եսասիրութեան փայփայումը, այլ` անաչառ գրգռումը այն բոլոր խնդիրներուն, որոնց քննարկումը կրնայ նոր լիցք եւ բովանդակութիւն հաղորդել արդէն տասնամեակներէ ի վեր կաղապարուած մեր հանրային խօսոյթին: Այսօր համայնքային-ազգային այս պատեանին վրայ կ՛երեւին լուրջ ճեղքեր, որոնք առիթ կու տան մտածելու, թէ անոր պաշտպանական առաքելութիւնն ու կարողութիւնները արդէն խարխափումներու մէջ են: Համայնքային (ան) պատկանելիութեան յարացոյցին առընթեր, անհրաժեշտ է գտնել նոր բանաձեւ մը, որ բացատրողական աւելի մեծ կարողականութիւն ունենայ այն բոլոր փոխակերպումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր իրականութեան մէջ` ըլլան անոնք լիբանանեան հասարակական ներքին կեանքին մէջ կամ միջազգային գաղափարական, տնտեսական եւ քաղաքական տեղաշարժերու ազդեցութեան տակ:
Լիբանանահայ հասարակական մտածողութեան տեսադաշտէն դուրս ելած են դասակարգային կամ ընկերային այլ եզրերով/category-ներով հարցերը ընկալելու, վերլուծելու եւ հասկնալու փորձերը, այնքան ատեն որ դեռ համայնքային խօսոյթը եւ հաստատութենական կառոյցը զիրար համալրող իրականութիւններ են: Քաղաքական տնտեսութիւնը թարմ պրիսմակ մը կրնայ տրամադրել այլապէս աւանդականօրէն կառուցուած հայութիւն, միասնականութիւն եւ համայնք երրորդութեան: Առանց քաղաքական տնտեսութիւնը մեր հաւաքական մտածողութեան մտասեւեռման առարկան դարձնելու` կարելի չէ լիարժէքօրէն դիմակայել այն բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք այսօր կը ծանրանան Լիբանանի վրայ: Դասակարգային եւ շահակցական յարաբերութիւններու աւելի յստակ ուրուագծումը կրնայ նպաստել այս հանգոյցներու անքակտելի կապերու տեսանելիութեան կենսոլորտային քաղաքաշինական եւ ժողովրդագրական օրակարգերու հետ, որոնք այսօր կը մնան Լիբանանը յուզող կենսական խնդիրներէն: Տնտեսական քաղաքականութիւնը կրնայ տրամադրել քննական եւ իմացական այդ գործիքակազմը` պատրանքներէ զուրկ աւելի հերձողական արժեւորում մը տալու համար մեր լիբանանեան եւ ազգային տարերային իրականութեան:
(Շար. 2 եւ վերջ)
******