Մայիս ամսուն տեղի ունեցած Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւններուն լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն արձանագրած դրական արդիւնքները գօտեպնդող էին շատերու համար, որոնք յաջողութիւնը մեկնաբանեցին իբրեւ լիբանանահայ հաստատութենական համակարգի կենսունակութեան եւ արդիւնաւէտութեան ցուցանիշ: Յաջորդած շնորհաւորական եւ արդարացման գրութիւններուն զուգահեռ, կրկին հնչեցին համայնքային միասնականութեան անհրաժեշտութեան մասին արտայայտութիւններ` այդ միասնականութեան հրամայականը ներկայացնելով իբրեւ յաջողութեան գլխաւոր երաշխիք: Այս բոլորը հասկնալի են երկրի մը մէջ, ուր յարանուանական աշխարհընկալումը եւ միջհասարակական յարաբերութիւններու դաւանական բնոյթը տակաւին գերիշխող հայեցակարգեր են քաղաքացիներուն մօտ: Պահ մը ետքայլ կատարելով, սակայն, փորձենք խորանալ այս ընդհանրական խօսոյթին մէջ, համայնք կամ լիբանանահայութիւն կոչուածէն ներս (իր աւանդական պարունակին մէջ) հարցնելու համար, թէ լիբանանահայ քաղաքական միտքը կլանող միասնականութեան մը հանդէպ այս կառչածութիւնը ի՞նչ հասարակական կառուցուածքի մը ամրապնդմանն է, որ կը ծառայէ եւ բացարձակատիրական (absolutist) այս մօտեցումներուն անհրաժեշտ են ի՞նչ նոր այլընտրանքներ, որոնք կրնան քննական երկխօսութեան նոր ուղղութիւններ եզրագծել եւ հասարակական աւելի դիպուկ բովանդակութիւն մը հաղորդել անոնց:
Յօդուածագիրիս համար ամէնէն գլխաւոր հարցերէն մէկը, որուն պատասխաններու փնտռտուքը շատ յաճախ կը դժուարանայ Լիբանանի յարանուանական դրուածքի շարունակութեան պայմաններուն մէջ, հետեւեալն է. ինչպէ՞ս բանաձեւել լիբանան(ահայ) անհատին քաղաքական ենթակայնութիւնը իր տնտեսաընկերակային պահանջներով, երբ միայն հաւաքականութեան մէջ է, որ անոր գոյութիւնը կը նուիրագործուի կամ կը ճանչցուի` հակադրելով քաղաքացիին անհատական եւ կրօնահամայնքային հաւաքական շահերը: Ի՞նչ կը հասկնանք համայնքային շահ եզրոյթով, եւ ի՞նչ կը քողարկէ անոր շարունակական գործածութիւնը: Ողջ հասարակութեան անունով հանրահռչակուած որեւէ լոզունգ, խօսոյթ կամ գաղափարախօսութիւն ի սկզբանէ չի կրնար ներառել այդ հասարակութեան բոլոր շերտերը, որքան ալ ներառական ուղերձ ունենայ անիկա, ոչ թէ այն պատճառով, որ ան կեղծ իրականութիւն մը կը ներկայացնէ, այլ որովհետեւ կը պահպանէ շահերը որոշակի հասարակական խումբերու, որոնք շատ յաճախ կ՛ունենան որոշակի տիրապետութեան ծածկեալ յաւակնութիւններ:
Միասնականութիւնը, ինչպէս ալ սահմանուի, շատ յաճախ միայն կը սքողէ` անհատական հակադրութիւնները, տեսակէտներու բախումները, դասակարգային դրսեւորումները եւ նորանոր հետաքրքրութիւններու բազմազանութիւնը: Հետեւաբար լիբանանահայկական հասարակաքաղաքական տեսադաշտի «կոյր կէտերը» աւելի տեսանելի դարձնելու եւ հաւաքականութեան մէջ անհատին դերակատարութիւնը վերհանելու համար պէտք է հանրային խօսոյթին մէջ ներարկել քաղաքական տնտեսութեան (political economy) յարացոյցը, կամ` առնուազն հանրային քննարկման նիւթ դարձնել այդ ուսմունքին առաջադրած հարցադրումները: Այս վերջինս այն ներհայեցողութեան միջոցն է, որ կրնայ ուրուագծել լիբանանահայ ազգային իշխանութեան (authority) եւ ընկերաքաղաքական հաստատութիւններու գործունէութեան փոխազդեցութիւնը տնտեսական յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ` լուսաբանել, թէ տնտեսական գործօնները, իրենց կարգին, ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն քաղաքական կառուցուածքներն ու համայնքային քաղաքականութիւնը: Լիբանանահայ միասնականութեան գաղափարախօսական հոսանքի քննական զննումը ոչ այլ ինչ է ուրեմն, քան` փորձելու վերլուծել այդ ծածկեալ յաւակնութիւնները իրենց դասակարգային, տնտեսական եւ ընկերային կառուցուածքի ողջ գունապնակով:
Տպաւորութիւնս այն է, որ մեր հանրային խօսոյթին մէջ համայնք բառը կամ եզրոյթը կ՛օգտագործուի շատ պարզեցուած իմաստով` որպէս լոկ ազգային կամ կրօնաէթնիկ ամբողջութիւն` զերծ ներքին որեւէ հակասութիւններէ, տարբերութիւններէ եւ տարբերակումներէ, մինչդեռ իրականութեան մէջ ան պահպանուող շահակցական կապերու բարդ հանգոյց մըն է, որ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած է քաղաքական տնտեսութեամբ: Երբ Լիբանանի պատմութեան վերջին վաթսուն տարիներուն հայկական իրականութեան մէջ միաձուլուեցան ազգայինն ու համայնքայինը եւ դարձան մեր կեանքն ու հասարակական յարաբերութիւնները տնօրինող գլխաւոր յարացոյց մը, դժուար է որոնել այնպիսի իմացական գործիքներ, որոնք կը կարողանան անհատը կամ քաղաքացին վեր հանել միասնականութեան քողարկող շղարշէն: Մեր գործողութիւններն ու գնահատականները ժամանակակից Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան իրականութեան եւ փոփոխուող կացութիւններուն պարտադրած օրինաչափութիւններուն համապատասխանեցնելու համար անհրաժեշտ է, որ արդէն աւանդական դարձած ազգային պրիսմակը արդիականացնենք ընկերաբանական ակնոցներով, որոնք մեր բառապաշարէն շատոնց արդէն դուրս սպրդած յղացքները, ինչպէս` «դասակարգը» կամ «հասարակական խումբերը», կրնան կրկին մտածողութեան ուղեգիծներու վերածել:
Կեթոյացո՞ւմ, թէ՞ ձուլում. այս երկար եւ չարչրկուած բանավէճը, որ լիբանանահայ քաղաքական ինքնընկալման ամէնէն տոկուն առանցքներէն մէկն է, երբեք չդարձաւ նոյն այդ քաղաքական տնտեսութեան կիզակէտը: Այսինքն Պուրճ Համուտի հայեցի դիմագիծի պահպանման ուղղուած արդէն կրկնուող խօսակցութիւններն ու միտուած նախաձեռնութիւնները խնդիրը կը դիտարկեն բացառապէս ազգայինի եւ օտարացման այս երկատման ընդմէջէն` առանց սակայն հարցադրելու, թէ կեթոյացումը ի՞նչ շահակցական յարաբերութիւններու ամրագրում մը կ՛ենթադրէ, իսկ ձուլումը որքանո՞վ կը խաթարէ զանոնք:
Հետեւաբար պէտք է նաեւ հարցնել, թէ լեզուական կամ կրօնական ընդհանրութենէն զատ` տարբեր աշխարհագրական շրջաններու մէջ բնակող եւ տարբեր դասակարգային շերտերու պատկանող հայերու շահերը արդեօք իսկապէս կը նոյնանա՞ն, եւ եթէ` այո, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս: Իրականութիւնը ազգային-համայնքային պրիսմակով տեսնելու լիբանանեան փորձը կ’արգելակէ նոյն վայրին մէջ բնակող մարդոց նոյն խնդիրներու հանդէպ միակարծութիւնը, հետեւաբար նաեւ` լուծումներ գտնելու նախանձախնդրութիւնը, որքան ալ այդ խնդիրները անխտիր ազդեն քրիստոնեային եւ իսլամին վրայ, յատկապէս` անոնք, որոնք կը վերաբերին քաղաքաշինական, կենսոլորտային եւ հանրային առողջապահութեան ոլորտին:
Ինչպէս նախորդ յօդուածներով (https://www.aztagdaily.com/archives/646001) անդրադարձած էինք, անցեալ դարու վերջին երեք տասնամեակներէն սկսեալ լիբանանահայ քաղաքական եւ մշակութային վերնախաւը յաջողեցաւ ներկայանալ եւ, հետեւաբար, բանաձեւել լիբանանահայկականութիւնը իբրեւ միաոճ, միատեսակ եւ միահամուռ հաւաքականութիւն մը` քողարկելով ներքին տարբերութիւնները իբրեւ անկարեւոր մանրուքներ եւ զանոնք բնութագրելով իբրեւ ազգային միութեան հարուածող սպառնալիքներ: Տրուած ըլլալով, որ Ցեղասպանութեան յիսնամեակը սփիւռքեան զանազան գաղութներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան քաղաքական վերընձիւղման գլխաւոր ազդակներէն մէկն էր, հետեւաբար գաղափարախօսական հասարակական եւ դասակարգային բոլոր ներհամայնքային տարբերութիւնները եւ հակասութիւնները հետզհետէ մնացին շուքի տակ, երբ Ցեղասպանութիւնը, որպէս նոյն այդ տարբերութիւնները համահարթող ոճիր, եկաւ ազգային պատումին մէջ գրաւելու իր անզիջող տեղը: Այս տրամաբանութեան մէջ անհատը կը կորսնցնէ իր ենթակայնութիւնը, որովհետեւ անոր իմաստը կը նուիրագործուի միայն հաւաքականութեան մէջ, այդ ամբողջութիւնը որ Ցեղասպանութիւնը փորձեց վերացնել: Այս երեւոյթին աւելցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէ՛ ֆիզիքապէս կործանիչ եւ թէ՛ մտաւորապէս կաշկանդիչ ժամանակահատուածը` խորացնելով անհատին անտեսանելիութիւնը արդէն իսկ հաւաքականութեան ընդհանուր անվտանգութիւնը ապահովելու առաջադրանքներուն դիմաց: Ուստի լիբանանահայ խճապատկերին մէջ հաւաքականութեան միահամռութիւնը եւ անոր պահպանումը դարձան ներազգային օրինականութեան գլխաւոր վաւերագիրներէն` ներքին հակադրութիւններն ու բազմազանութիւնները պարզեցնելով եւ ստորադասելով մէկ ընդհանուր լերկ գաղափարի մը` համայնքին:
Ուրեմն այն բոլոր բաղկացուցիչ տարրերը, որոնք պատմականօրէն ձեւաւորած են այն, զոր այսօր կը կոչենք լիբանանահայ գաղութ, այս խօսոյթի ներքոյ կը կորսնցնեն իրենց տարբերութիւնները կենսագործելու միջոցը` մէկ կողմէն դառնալով վերացական համայնքի մը անքակտելի մասը, բայց միւս կողմէն` զիջելով իրենց շահերը նոյնպէս վերացական համընդհանուրին, որ ուրիշ բան չէ, բացի առկայ դասակարգային-աշխարհագրական դասաւորուածութեամբ պայմանաւորուած շահերու բաշխման մշտնջենաւորում:
Այսօր լիբանանահայկական իշխանութիւններուն համար աւանդոյթի պահպանումը ոչ այլ ինչ է, քան` ստեղծումը ռեզոն տեթրի մը, որ թոյլ կու տայ ժողովուրդին անունով պահուող օրինականութիւնը վերարտադրել` առանց սակայն բացատրելու, թէ աւանդոյթի շարունակականութիւնը ինչպէ՛ս կը նպաստէ նոյն այդ ժողովուրդին վերագրուած շահերուն: Իսկ որովհետեւ համայնքային օրինականութիւնը յենասիւներէն է գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն, հետեւաբար աւանդոյթի պահպանումը նաեւ կ՛ամրապնդէ այս քաղաքական տնտեսութեան առկայ պայմանները:
(Շար. 1)