Լիվըրփուլի մարզիկ Ֆլորիան Վիրց ընտրուեցաւ Գերմանիոյ 2024-2025 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը, շատ յաջող տարեշրջանէ մը ետք Պայեր Լեւերքուզընի հետ, մինչ Ֆրայպուրկի մարզիչ Եուլիան Շուսթըր ընտրուեցաւ լաւագոյն մարզիչ:
Գերմանիոյ աղջկանց ազգային խումբի մարզիկներ Ճուլիա Կուին եւ Անն-Քաթրին Պերկըր միասնաբար շահեցան տարուան լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը` 608 կէտեր հաւաքելով Գերմանիոյ ֆութպոլի վկայեալ լրագրողներու քուէարկութենէն ետք:
«Քիքըր» շաբաթաթերթի կազմակերպած այս մրցանակը շահած 22 տարեկան Վիրց, որ անցեալ յունիսին Լիվըրփուլին միացաւ 156 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն, 191 կէտ հաւաքեց` գերազանցելով Պայերն Միւնիխի մարզիկ Մայքըլ Օլիսէն (81 կէտ), Շթութկարթի մարզիկ Նիք Վոլթըմատէն (71 կէտ) եւ Թոմաս Միւլըրը (70 կէտ), որ անցեալ շաբաթ միացաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ակումբ Վանքուվըրին:
«Չեմ կրնար մտածել աւելի յարմար փոխանորդի մը մասին», ըսաւ Թոնի Քրուս, որ Վիրցին յանձնեց մրցանակը:
Շուսթըր «անծանօթ» Ֆրայպուրկը 5-րդ դիրքի հասցուց` ապահովելով «Եուրոփա լիկ»-ի տոմս, իր առաջին եղանակին փոխարինելով տարիներու մարզիչ Քրիսթիան Շթրայխը:
Շուսթըրի յաջորդեց Հորսթ Շթեֆեն, որ քիչ մնաց Էլվերսպերկ ակումբը բարձրացնէր առաջին դասակարգ, եւ 2020 տիտղոսակիր Հանզի Ֆլիք, որ Պարսելոնայի հետ շահած էր «Լա լիկա»-ն եւ Սպանիոյ բաժակը:
Լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը կը շնորհուի 1960-էն ի վեր, մինչ մարզիչներու մրցանակը սկսաւ տրուիլ 2002-ին: Ֆրանց Պեքընպաուըր 4 անգամ (մրցանիշ) շահած է այս տիտղոսը իբրեւ մարզիկ, մինչ մարզիչներու առաւելագոյն տիտղոսները (3) շահած են Եուրկըն Քլոփ եւ Ֆելիքս Մակաթ: Աղջկանց մրցանակը սկսած է շնորհուիլ 1996-էն սկսեալ: