Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Ամէն Ինչ Կ՛ընէ` Խոչընդոտելու Օտար Ներդրումները Հայաստանի Մէջ

Օգոստոս 12, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Այս յօդուածը կը վերլուծէ Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան Իրաւարարութեան հիմնարկի (SCC) որոշման հետեւանքները` Հայաստանի կառավարութեան կողմէ «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) սեփական ընկերութեան պետականացման վերաբերող:

Յիշեցի այս ասացուածքը` «Հայերը թշնամիներու կարիք չունին, անոնք իրենք իրենց մեծագոյն թշնամիներն են», երբ ականատես դարձայ, թէ ինչպէ՛ս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հսկայական վնաս կը հասցնէ ոչ միայն Հայաստանի ապահովութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, այլ նաեւ` տնտեսութեան:

Վերջին ֆինանսական ձախողութիւնը սկսաւ 17 յունիսին, երբ նշանաւոր գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որ ունի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ երկքաղաքացիութիւն, քննադատեց Հայաստանի կառավարութիւնը` եկեղեցւոյ դէմ արշաւ կատարելուն համար` յայտարարելով, որ ինք «իր ձեւով» պիտի միջամտէ` վերջ տալով այդ բանավէճին: Վարչապետը, չափազանցուած կերպով արձագանգելով Կարապետեանի խօսքերուն, ի գործ դրաւ իր բռնապետական իշխանութիւնը` հակառակ ժողովրդավարութեան հաւատարիմ ըլլալու իր յայտարարութիւններուն, եւ հրամայեց Կարապետեանը ձերբակալել ու նախնական կալանքի ենթարկել:

Այնուհետեւ Փաշինեան դասաւորեց պետականացումը «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» (ՀԵՑ) ընկերութեան, որուն մէջ Կարապետեանը եւ անոր գործընկերները ներդրած էին 700 միլիոն տոլար` 2015-ին զայն գնելու ատեն:

Փաշինեանի գործողութիւնները շարք մը ժխտական հետեւանքներ ունին Հայաստանի համար.

– Ան խախտած է Հայաստանի օրէնքները` միջամտելով դատական համակարգին, որ իր իրաւասութեան ծիրէն դուրս է:

– Յունիս 18-ին ան կոչ ուղղեց իր խորհրդարանական մեծամասնութեան` որդեգրելու օրէնք, որ կարելիութիւն պիտի տայ ՀԵՑ-ի բռնագրաւումը:

– Փաշինեանի հրահանգով ոստիկանութիւնը մուտք գործեց Կարապետեանի երեւանեան տուն` առգրաւելով անորոշ իրեր: Բայց եւ այնպէս, դատաւորը վճռեց, որ խուզարկութիւնը եղած է անօրինական:

– Անոր յանձնարարութեամբ ՀԵՑ-ի քանի մը ղեկավարներ ձերբակալուեցան շինծու մեղադրանքներով, ինչպէս նաեւ Կարապետեաններու ընտանիքի անդամներէն մէկը կալանաւորուեցաւ:

– Յուլիս 18-ին ան ՀԵՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ նշանակեց անփորձ անձ մը` ստեղծելով ֆինանսական կորուստներու, ելեկտրամատակարարման խափանումներու եւ սպառողներու համար սակերու բարձրացման լուրջ վտանգներ:

– Կարապետեանները (Սամուէլ, Էթերի, Սարգիս եւ Կարէն) եւ անոնց Կիպրոսի գործընկեր «Լիորմընտ հոլտինկզ լիմիթըտ»-ը դիմեցին Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան Իրաւարարութեան հիմնարկին` մեկնելով Հայաստանի կառավարութեան հետ նախապէս կնքուած համաձայնագիրէն: Սակայն Փաշինեան այժմ կ՛անտեսէ այդ համաձայնագիրը:

Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան արտակարգ իրաւարարութիւնը 22 յուլիսին տուաւ հետեւեալ միջանկեալ որոշումները.

«Հրաման կ՛արձակուի պատասխանողին (Հայաստանի կառավարութեան) ձեռնպահ մնալ բռնագրաւման մասին օրէնքներու կիրարկումէն (այսինքն` «ՀՀ էներգետիկայի մասին» օրէնքին մէջ  եւ «Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող մարմինի մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին ՀՀ օրէնքներէն) եւ ՀԵՑ-ի բռնագրաւման վերաբերող հետեւեալ քայլերէն որեւէ մէկը կատարելէ.

– ՀԵՑ-ի կառավարման մարմիններու անդամներու փոփոխութիւն չկատարել,

– Չփոխել ՀԵՑ-ի կանոնադրութիւնը,

– Չնշանակել ՀԵՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ, կամ եթէ նշանակուած է, զայն չլիազօրել գործելու իբրեւ ՀԵՑ-ի գործադիր մարմին,

– Չեղեալ չնկատել ՀԵՑ-ի արտօնագիրները,

– Չյայտարարել եւ չկազմակերպել ՀԵՑ-ի բաժնետոմսերու վաճառքի աճուրդներ,

– Չբռնագրաւել կամ չօտարել ՀԵՑ-ի ինչքերը,

– Որեւէ այլ ձեւով չսահմանափակել ՀԵՑ-ի կանոնաւոր գործունէութիւնը:

Թէեւ արտակարգ որոշումը պարտադիր է, սակայն ՀԵՑ-ի սեփականատէրերը Սթոքհոլմի Առեւտուրի տունէն կը պահանջեն 30 օրուան ընթացքին վերջնական որոշում կայացնել: Եթէ Հայաստան պարտուի վերջնական դատին, եւ հաստատուի բռնագրաւումը, կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ ՀԵՑ-ի սեփականատէրերուն վճարել մօտ մէկ միլիառ տոլար, պարտաւորութիւն մը, զոր, ինչպէս յայտարարած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարը, կառավարութիւնը պիտի կատարէ: Ցաւօք, այդ գումարը պիտի վճարեն Հայաստանի հարկատուները, եւ ոչ թէ` Փաշինեանը:

– Բացի ատկէ, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարը, հակառակ Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան որոշումին, սխալելով պնդեց, որ կառավարութիւնը պարտաւոր չէ ենթարկուելու ՀԵՑ-ի ղեկավարութեան փոփոխութեան արգելքին, յայտարարելով, թէ ատիկա «դուրս է» Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան որոշման  ծիրէն:

– Այնուհետեւ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ իրաւարարութեան որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ միայն այն պարագային, եթէ անիկա հաստատուի Հայաստանի դատարանին կողմէ, պնդում մը, որ կը հակասէ նախկին համաձայնութեան, ըստ որուն, իրաւարարութեան վճիռը վերջնական է եւ պարտադիր: Հայաստանի դատարաններուն նկատմամբ վստահութիւնը կորսուած է, երբ դատաւորները կը կատարեն Փաշինեանի հրամանները:

– Կարապետեանին դէմ Փաշինեանի արշաւը կը բխի ոչ թէ տնտեսական մտահոգութիւններէ, այլ` քաղաքական վրէժխնդրութենէ: Կարապետեան, որ այժմ բանտէն կը կազմաւորէ հակափաշինեանական քաղաքական շարժում, կը վայելէ աճող հանրային աջակցութիւն` 2026-ի յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ:

– Փաշինեանի անօրինական եւ անխոհեմ գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք` որեւէ օտար ընկերութիւն արկածախնդրութեան չի դիմեր ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ` գիտակցելով, որ կառավարութիւնը կրնայ պետականացնել իր ինչքերը եւ անտեսել իրաւարարական վճիռները: Նկատի ունենալով, որ ՀԵՑ-ը ունի կիպրական գործընկեր, անոր բռնագրաւումը կը խախտէ Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ ներդրումներու խրախուսման եւ պաշտպանութեան երկկողմանի համաձայնագիրը, ինչ որ պիտի սրէ Հայաստանի յարաբերութիւնները Կիպրոսի կառավարութեան հետ:

Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը չկատարէ Սթոքհոլմի Առեւտուրի տան վերջնական վճիռը, ապա կրնան սառեցուիլ Հայաստանի արտասահմանեան գումարները:

Բացի նոր ներդրողները վանելէ` Հայաստան չի կրնար արտօնել, որ կորսնցնէ միլիառաւոր տոլարներ արժող հետեւեալ ընթացիկ իրաւարարական գործերուն մէջ.

– Կիպրոսի մէջ արձանագրուած «Walnort Finance Limited» ընկերութիւնը Հայաստանէն կը պահանջէ 1,2 միլիառ տոլար փոխհատուցում` հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ծագած վէճին վերաբերեալ:

– Լիբանանեան «Սանիթեք» ընկերութիւնը կը պահանջէ 25 միլիոն տոլար` պնդելով, որ Հայաստան խախտած է իր ներդրումային իրաւունքները աղբահանութեան ոլորտին մէջ:

– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Էր Արապիա» օդանաւային ընկերութիւնը կը պնդէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը վատ կերպով ղեկավարած է իր բազմամիլիոն տոլար արժող ներդրումը:

– Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող «Lydian International Limited» ընկերութեան նախկին բաժնետէրերը, ըստ որոշ տեղեկութիւններու, մինչեւ 2 միլիառ տոլար փոխհատուցում կը պահանջեն ոսկիի արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ կրած ֆինանսական զգալի կորուստներուն համար:

Հայաստանի կառավարութիւնը չի կրնար, ֆինանսական առումով, շարունակել գործել այսպիսի անխոհեմ ու անօրինական ձեւով: Սփիւռքահայերուն մէջ կան բազմաթիւ փորձառու մասնագէտներ, որոնք պատրաստ են տրամադրելու ռազմավարական խորհրդատուութիւն եւ աջակցութիւն: Հայաստանի ղեկավարներուն կը մնայ պարզապէս հարցնել եւ լսել:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Պաղ Թանը Փչելո՞վ Կը Խմեն…

Յաջորդը

Անհատ, Համայնք Եւ Քաղաքական Տնտեսութիւն. Դիտարկումներ Լիբանանահայ Կեանքէն

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?