ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Կալիփոլին (Չանագգալէ) Մարմարա ծովուն վրայ, Արեւելեան Թրակիոյ մօտ թերակղզի մըն է: Մարմարա ծովը Տարտանէլ եւ Վոսփոր նեղուցներուն միջոցով իրարու կը կապէ Միջերկրական եւ Սեւ ծովերը: Այդ տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի նաեւ Պոլիս քաղաքը:
1915 թուականին այս թերակղզիին անունը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ 8 ամիս ամբողջ աշխարհին նիւթը դարձաւ եւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին հիմնական, կարեւոր ու ճակատագրական նշանակութիւն ունեցաւ:
Երկու թշնամիներուն պայքարը հոն տեղի ունեցաւ: Թուրքը եւ իր թիկունք` գերմանացին, զօրաւոր դիմադրութեամբ եւ մեծ զոհեր տալով, ճիգ թափեցին Տարտանէլի նեղուցը պաշտպանելու եւ արգելք հանդիսանալու անգլիական եւ ֆրանսական ուժերուն, որ այդ ճամբով հասնին Պոլիս:
Այդ պատերազմը Կալիփոլիին համար հիմնական եւ ճակատագրական իմաստ ունէր:
Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից Գերմանիոյ դիմադրութիւնը օսմանեան եւ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան համար գոյաբանական իմաստ ունէր:
Անգլիացիներուն եւ ֆրանսացիներուն համար այդ անցքը բանալն ու Պոլիս հասնիլը կը նպատակադրէր Երիտասարդ թուրքերու կառավարութիւնը տապալել եւ Օսմանեան կայսրութիւնը ոչնչացնել, ինչպէս նաեւ` վերջ տալ Գերմանիոյ հետ գործակցութեան:
Իւրաքանչիւր կողմ իր շահը կը հետապնդէր եւ 8 ամսուան ընթացքին հարիւր հազարներով մեռեալներ արձանագրուեցան. երկու կողմերը յատուկ հաւասարակշռութիւն մը ստեղծեցին, եւ ոչ մէկ յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ:
1915 թուականին, (հայոց` 24 ապրիլի Պոլսոյ ջարդէն 1 օր ետք) 25 ապրիլին, անգլիական, աւստրալիական, նորզելանտական, հնդկական եւ ֆրանսական զօրքեր ցամաք իջան եւ թնդանօթներով, զէնքերով, սուրերով եւ դանակներով, երկուստեք, գազանի նման պայքարեցան քանի մը հարիւր մեթր յառաջանալու համար, բայց ընդհանուր արդիւնքը մեծ յառաջխաղացք մը չարձանագրեց:
Թուրքը իր ճակատագիրը կ՛որոշէր այդ պատերազմին, մինչ անգլիացին եւ ֆրանսացին օսմանեան կառավարութեան վերջին զանգը կ՛ուզէին հնչեցնել:
8 ամսուան ընթացքին, թուրքերը 87.000 զինուոր կորսնցուցին եւ ունեցան 250.000 վիրաւոր, անգլիացիները եւ ֆրանսացիները ունեցան 30.000 մահ եւ 60.000 վիրաւոր եւ, վերջնական արդիւնքը արդարացուցիչ չնկատելով, որոշեցին իրենց զօրքերը քաշել եւ կեդրոնանալ ուրիշ ճակատներու վրայ:
Այս ձեւով թուրքերը` շնորհիւ գերմանացիներուն, կրցան արգելք հանդիսանալ, որ անգլիացին եւ ֆրանսացին Պոլիս հասնին:
Կալիփոլիի պատերազմը շատերուն համար դէպք մը կամ անուն մըն է` Ա. Համաշխարհային պատերազմին կապուած, եւ ուրիշ յատուկ նշանակութիւն մը չունի:
Հոս է, որ շատ կարեւոր հարցադրում մը կը ծագի:
Ես անձամբ շատ հետաքրքրուած, մանրամասնօրէն հետեւեցայ եւ այն եզրակացութեան հասայ, որ Կալիփոլին հայերուն համար ճակատագրական իմաստ ունէր, եւ երբ աւելի խորացայ ուսումնասիրութիւններուս մէջ ու մանրամասնուած տեղեկութիւններու դիմեցի, տեսայ, որ ինծի պէս շատ մը այլ հետաքրքրուողներ եւս իմ մտածածներս եւ հարցադրումներս հետապնդած են:
Արդեօք Կալիփոլիի պատերազմը ճակատագրակա՞ն էր հայ ժողովուրդին համար, որ կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Հո՛ս է հարցումը:
Ես համոզուած եմ, որ եթէ անգլիացին ու ֆրանսացին յաղթէին եւ Պոլիս հասնէին, որ շատ հեռու չէր Կալիփոլիէն, եւ օսմանեան կառավարութիւնը տապալէր, մեր ժողովուրդը ջարդի չէր ենթարկուեր: Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէ կոչուած կառավարութիւնն ու Յատուկ կազմակերպութիւն ըսուած գաղտնի հաստատութիւնը պիտի չկարենային իրենց աղտոտ եւ ոճրային ծրագիրը իրականացնել:
Այս յօդուածը այդ ուղղութեամբ վերլուծում մըն է:
Երբ թուրքը կովկասեան Սարիղամիշ ճակատի վրայ ծանր պարտութիւն կրեց` կորսնցնելով իր 90.000 հաշուող զինուորներէն 70.000-ը, յանցանքը հայերուն վրայ նետեց` ըսելով, որ հայերը իր թիկունքէն դաշունահարած էին եւ միացած` ռուսական բանակին… ինչ որ մեծ սուտ էր…
Կալիփոլիի ճակատին վրայ հայ զինուորներ հերոսաբար պայքարեցան, քանի որ երդում տուած էին` պաշտպանել Օսմանեան կայսրութեան սահմանները, բայց թուրքերը նկատի չառին այս հերոսութիւնները եւ անոնց նկատմամբ ոչ մէկ քաջալերանք ցուցաբերեցին:
Երբ անգլիական եւ ֆրանսական ուժերը 25 ապրիլին Կալիփոլիի ցամաքը իջան, Պոլսոյ մէջ խուճապ ստեղծուեցաւ, լուրեր տարածուեցան, թէ մօտ ատենէն օտար ուժեր Պոլիսը ոտնակոխ պիտի ընեն:
Պոլսոյ մէջ գտնուող նախարարները, երեսփոխաններն ու մեծ պատասխանատուները սկսան հեռացնել իրենց ընտանիքները եւ հարազատները դէպի ներքին այլ քաղաքներ:
Համոզուած եմ, որ Կալիփոլիի պատերազմի արդիւնքը ճակատագրական էր նախ մեր Ցեղասպանութեան եւ ապա մեր հայ զինուորներուն` 115.000 երիտասարդներուն համար, որոնք ղրկուեցան պաշտպանելու օսմանեան սահմանները հեռու ճակատներու վրայ` Լիպիա, Եմէն, Սէուտական Արաբիա, Աքապա, Պասսոլա եւ զանազան հեռու անապատներու գիւղաքաղաքները:
Քանի մը ամիս ետք, ծրագիրը իրագործելու նպատակով, հայ զինուորներէն զէնքերը առնուեցան եւ անոնց վստահուեցան երկրորդական անիմաստ գործեր` շինարարութիւն, բեռնակրութիւն, ճամբաները քար շարել, ջուր կրել եւ նոյնիսկ` աման լուալ, խոհանոց եւ բաղնիք մաքրել, սոխ, սխտոր, գետնախնձոր մանրել… այս եղաւ հայ զինուորին պաշտօնը: Բայց եւ այնպէս, թուրքերը այսքանով չբաւարարուեցան, մանաւանդ ունենալով այն մտավախութիւնը, որ եթէ պատերազմը վերջ գտնէր, եւ այդ հայ երիտասարդները վերադառնային իրենց քաղաքներն ու գիւղերը եւ չգտնէին իրենց ընտանիքները, եւ երբ իմանային, որ անոնք ջարդի ենթարկուած էին, կրնային գազաններու վերածուիլ եւ ոխի ու վրէժի դուռ բանալ:
Առ այդ, չբաւարարուելով կիները, ծերերը եւ հայ պատանիները ջարդի ենթարկելէ` հայ զինուորները եւս անհետացնելու որոշում տուին, որպէսզի ապագային հարցեր չդիմագրաւէին:
Յարմար նկատուեցաւ զանոնք փոքր խումբերով եւ զանազան պատճառաբանութիւններով հեռու անապատները ուղարկել, եւ հոն, ամայի տեղեր տանելով` սպաննել տալ:
Այդ որոշումին իբրեւ հետեւանք` 115.000 հայ զինուորներէն զանազան միջոցներով փախուստ կրցած են տալ միայն 1000-ը կամ 2000-ը, որոնց մէջ եղած էր նաեւ իմ մեծ հայրս, որ իմանալով կատարուելիքը` քանի մը հայ զինուորներու հետ Լիպիայէն փախուստ տուած էր դէպի եգիպտական սահմանները` յանձնուելով անգլիացիներուն:
Այս ցաւալի իրականութիւնը պատմութեան մէջ շատ չէ յիշուած դժբախտաբար. եւ աշխարհի պատմութեան մէջ չէ նշուած, որ երկիր մը իր իսկ անձնական բանակին զինուորները սպաննէ` յատուկ կրօնի մը պատկանելուն պատճառով:
Թուրք կառավարութիւնները, որոնք Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետքը ներկայացուցին Թուրքիան, ոչ միայն մերժեցին Ցեղասպանութիւնը ընդունիլ, այլ մերժեցին ընդունիլ թրքական բանակի հայ զինուորներուն սպանութիւնը:
115.000 զինուորներէն, զորս հայ ժողովուրդը յանձնեց օսմանեան կառավարութեան, ոչ մէկը պաշտօնական ձեւով վերադարձաւ իր տունը. 1000 կամ 2000 զինուորները, որոնք կրցան վերադառնալ տարիներ ետք, փախստական ձեւով եկողները կամ ինքզինք օտար երկիրներու գերի յանձնածներն էին, որոնք պատերազմի վերջաւորութեան ազատ արձակուելով` իրենց երկիրը վերադարձան իրենց անձնական միջոցներով, սակայն ո՛չ իրենց տուները գտան, ո՛չ ալ ընտանիքները…
Դժբախտաբար այս նիւթին շուրջ շատ գրութիւն չէ արձանագրուած:
Պատմութիւնը ի նպաստ մեզի չեղաւ, այլ հակառակը, անգլիացին եւ ֆրանսացին քաշուեցան Կալիփոլիի ճակատէն. թուրքերը, որոնք քանի մը ամիս խուճապի մատնուած ապրեցան` իրենց կայսրութեան վախճանին կասկածելով, շարունակեցին իրենց ծրագիրը, եւ երբ Պոլիս վերադարձան, ուրկէ փախուստ տուած էին, շարունակեցին իրենց ծրագիրները այն յոյսով, որ իրենց կայսրութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլար, եւ իրենք ոչ մէկ պատիժ պիտի կրէին:
110 տարիներ ետք հայ ժողովուրդը տակաւին կը հետապնդէ իր արդար իրաւունքը, մինչ աշխարհը տարբեր ուղղութեամբ կ՛ընթանայ:
Իրաւունք բառը գոյութիւն չունի:
Իրաւունքը զօրաւորին է… եւ այդ զօրաւոր երկիրները, որոնք պէտք է ժողովուրդներու իրաւունքները պաշտպանեն (խօսքս Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան է) իրենց շահերը կը հետապնդեն, քու հետդ նստելով` ձեռքդ թաշկինակ մը կու տան, եւ եթէ պէտք ըլլայ, հետդ կու լան, բայց անկէ անդին եւ իրականութեան մէջ` «Եթէ եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ»:
Հիմնականօրէն Կալիփոլիի պատերազմը սկսաւ 19 փետրուար 1915-ին, 25 ապրիլ 1915-ին` մեր Պոլսոյ սկզբնական ջարդին յաջորդ օրը, անգլիական եւ ֆրանսական ուժերը ցամաքային յարձակում կատարեցին: 9 յունուար 1916-ին այդ ճակատին վրայ պատերազմը դադրեցաւ, եւ հոն հայ ժողովուրդը իր ճակատագրական առիթը կորսնցուց Ցեղասպանութենէն ազատելու:
Բոլորս ալ գիտենք, թէ անկէ ետք ի՛նչ պատահեցաւ, եւ դեռ 110 տարի ետք մենք մեր իրաւունքները կը պահանջենք:
Յուլիս 2025