ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Դալար Սալխանեան-Գէորգեան
Տէր եւ տիկին Բիւզանդ եւ Անի Գէորգեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Պեթի Գէորգեան եւ զաւակները` Քարլ եւ Նոա
Տէր եւ տիկին Ժան եւ Մարօ Սալխանեան եւ դուստրը` Թալին
Տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Նարին Ժամկոչեան եւ զաւակունք
Տիկին Սոնա Պչաքճեան եւ ընտանիք
Տիկին Յասմիկ Գէորգեան եւ ընտանիք
Տիար Սարգիս Քարկոտորեան եւ ընտանիք
Գէորգեան եւ Սալխանեան ընտանիքներ
Պչաքճեան եւ Քարկոտորեան ընտանիքներ
Նիկողոսեան եւ Չամուրեան ընտանիքներ Թոքաթլեան եւ Ասիլեան ընտանիքներ Տարագճեան եւ Խանամիրեան ընտանիքներ Ժամկոչեան եւ Կէլոյեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, փեսային, քեռայրին, եղբօր զաւկին, քրոջ զաւկին, զարմիկին եւ հարազատին`
ՀԱՅԿ – ՎԻԳԷՆ ԲԻՒԶԱՆԴ ԳԷՈՐԳԵԱՆի
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1973-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 5 օգոստոս 2025-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 10 օգոստոս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ երկուշաբթի, 11 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին:
————————————–
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ
ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի Ս. պատարագը պիտի մատուցուի շաբաթ, 16 օգոստոս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Ուխտի Ս. պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք կատարէ եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Դիւանապետ Կաթողիկոսարանի
ԾԱՆՕԹ:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 5:30-ին հետեւեալ վայրերէն.
Անթիլիասի Մայրավանք
Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
Ս. Աստուածածին եկեղեցի
Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմփիք)
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
Ս. Ագնէս վարժարան
Ազգային Ծերանոց
Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
Ս. Յակոբ եկեղեցի (Էշրեֆիէ)
ԿԻՐԱԿԻ, 17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2025
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2025
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ