Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առ Կոթողն Երկբայական – Բ

Յուլիս 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ներկայացուց «Կոթողական» թատրերգութիւնը: Ելոյթը թատերախաղի առաջին բեմադրութիւնն էր: Յօդուածին առաջին մասը կը վերաբերէր հեղինակին, գործի պատմականին, գաղափարական հարցերու եւ բեմայարդարումին:

Տիպարներ եւ խաղարկութիւն.-  Երկու բանախօսներուն միջեւ առաջին հերթին կայ «ծինային» ակնյայտ գերակայութիւն: Պետի մեծ հայրը կախաղան բարձրացած հերոս մըն է: Առաքի մեծ հայրը` անձնասպանութիւն գործած թուլամորթ մը: Առաքի մայրը մեռած է լքուած եւ անոք: Ուրեմն ան նաեւ դասալիք մըն էր: Աւելի՛ն. Առաք թուրքի բռնաբարութեան պտուղն է: Ուշադրութի՛ւն, ազգային արհեստավարժ գործիչ Առաք թուրքի արիւն կը կրէ:

7-30-15_Gotogh1

Բնագիրին մէջ Առաքի կերպարը յստակօրէն ժխտական է: Ունի ակնբախ յոռի գիծեր: Յամառ է (ուրեմն` տգէտ եւ տկարամիտ), անզգամ, ծոյլ, ցուցամոլ եւ նոյնիսկ անխիղճ: Կը քալէ ձեռնափայտով, այսինքն տկարակազմ է: Ատակ չէ ցաւի տոկալու (ճչաց եւ գալարուեցաւ, երբ ճկոյթը քերծեց): Վախկոտ է, պատնէշի ետին կկզած` կը յուսայ, որ թշնամին բանակցութիւն առաջարկէ (էջ 9): Սկսած է նաեւ կորսնցնել յիշողութիւնը, այսինքն` «խռֆիլ»: Առաք վարպետ է միայն նարտի մէջ: Իմա` անփորձ Պետի համար ծուղակներ լարելու: Առաք(եալ) անունի ընտրութեան մէջ իսկ կայ սեւ հումոր: Խորհրդաւոր գերագոյն «Ազգային տուն»-ը զինք «առաքած» է դէպի անհեթեթ յանձնառութիւն (մեկնաբանել եւ ապա ծափահարել): Առաք կը փորձէ խօսիլ իրլանտական շեշտով: Այդ կը շեշտէ տիպարի անհեթեթ բնոյթը: Ելոյթին մէջ ծիծաղելի մնայուն բարբառը փոխարինուած էր թրքերէն յուզիչ պոռթկումներով: (Իմա՞ստը): Օտար հանդիսատեսին համար Arak կը նշանակէ օղի: Այսինքն` աժան, թունաւոր գինովութիւն (մեկնաբանել, եւ …):

ԼՇ շինած է ծաղրանկարային կերպար, որովհետեւ աներկբայօրէն կը դատապարտէ Առաքի որդեգրած ուղին: Կը դատէ, որ ազգային ինքնութեան շուրջ Առաքի քարացած գաղափարները  ձեւաւորուած են «զոհ»-ի «պաշտպանողական» հոգեբանութեամբ: Մինչդեռ Պետ (իմա` ԼՇ) հասկցած է, որ ինքնութիւնները միշտ այլատարր (heterogeneous) եղած են, եւ այդպէս ալ պէտք է որ մնան, որպէսզի  ապրելու ատակ ըլլան (viable): Վերջին տեսարանին մէջ թատերագիրը տառացիօրէն կը փորէ Առաքի անպէտք աչքերը եւ զինք դուրս կը շպրտէ (պատմութեան) բեմէն: Ելոյթին մէջ կար բան մը աւելի. հրէուհի Կալի իր ձեռքով Առաքը տարաւ բեմէն դուրս…

11150848_1587158488234544_7272111507048497181_nԱռաքի հագ ու կապը (բաճկոն եւ փողկապ, բայց` սոթտուած տաբատ եւ սանտալներ) եւ արտառոց շարժուձեւերը կը փորձէին անոր տալ ծիծաղելի երեւոյթ (բնագիրին մէջ նման բան չկայ): Դիւրաբեկութիւնը, վախկոտութիւնը եւ նկարագրի այլ յոռի գիծերը աւելի եւս շեշտուած էին: Բայց «պազար»-ի  հաշիւը սխալ դուրս եկած էր, առնուազն` իմ ակնոցովս: Վարդան Մկրտիչեան շատ համակրելի անձ մըն է բեմի վրայ, թէ այլուր: Զինք գովելու համար աւելցնեմ նաեւ` «պուրճհամուտեան»: Իր վրայ բարձուած թուլութիւններն ու մեղքերը զինք աւելի մարդկային եւ հետեւաբար աւելի սիրելի կը դարձնէին: Իր ի՞նչ մեղքն է: Առաքի դերին համար պէտք էր ընտրել թուլակազմ, անհաղորդ, անհրապոյր դերասան:

Պետի եւ Առաքի հակադրութիւնը պատկերաւոր ձեւով արտայայտուած էր առաջին իսկ տեսարանին մէջ: Նոյն պահուն մին կը հագնէր, իսկ միւսը կը հանէր իր վերարկուն: Շա՛տ բարի: Պետ ԼՇ-ի խօսափողն էր: Կ’ըսէր, օրինակ, թէ ստորերկրեայ բոյներ եւ գետնանցքեր շինած ենք պահելու համար նախնիներու ներկայութիւնը պահպանելու հիւանդագին ճիգով, թէ` չենք պահպանած յիշելու/մոռնալու հաւասարակշռութիւնը  (որ կարեւոր է քանատացիներու հոգեկան անդորրին համար), թէ` կուրօրէն չենք տեսներ կենսաձեւի յարատեւ փոփոխութիւնը (էջ 49) եւ այլն: Կարելի է մէջբերումներ ընել բնագիրի գրեթէ բոլոր էջերէն: Գործը այս իմաստով անհաւասար լոզունգամարտ մըն է:

11061982_1587158661567860_2553294124982135689_nՊետ ոչ մէկ իմաստով յեղափոխական է: Ան պարզապէս կ’ուզէ հանել կրակէ շապիկը: Եանկի հետեւողութեամբ, դէմ է նաեւ յուշակոթող կառուցելու: Աւելի՛ն. Պետ ԼՇ-ն կը ներկայացնէ նաեւ իր գործով: Պատմուածքներու հերոսներուն կու տայ հրէական առասպելաբանութենէն  առնուած անուններ: Լեզուն դուրս ձգած` կը վազէ առաջին պատահած փոքր ազգերու եղերամայր հրեայ աղջկան մը ետեւէն:

Այստեղ եւս «պազար»-ի հաշիւը սխալ դուրս եկած էր: Չորրորդ պատ մը գոյ էր դերակատարին եւ մեր միջեւ: Իբրեւ աղաղակող հակադրութիւն` Առաքի, Պետի կեցուածքն ու շարժուձեւը կը գոռային` «մի՛ մօտենաք ինծի»: Ի դէպ, Գալեմքերեան շատ աւելի լաւ «կը խօսի» իր մարմնով, քան` լեզուով եւ դիմախաղով: Մօրուքը եւ թանձր ակնոցները իր դէմքը ցաւօք աւելի եւս կը մօտեցնէին դիմակի: Եւ քանի որ ձայնը չունի բեմական հզօրութիւն, մենք ձեւով մը ներկայ էինք մնջախաղի: Պետ ձախլիկ էր, իմա` զարտուղի: Կ’ըսէր, թէ իր գրութիւնները  «ներկայացուցչական չեն», թէ` ինք կանգնած է արգիլեալ գօտիի մէջ (էջ 50): Կա՛մ այն է, որ բեմադրիչը ստեղծած էր պատկերաւոր «զարտուղութիւն» եւ կա՛մ ալ այն, որ դերակատարի բնախօսութիւնը ձախլիկ է, եւ «թռչունը կպեր էր քարին»: Երկու պարագային ալ` բարի՛:

Կալի կը մարմնաւորէ բաղդատականը հայկական եւ (պարտադիր) հրէական խոցերուն: Նժարը անշուշտ կը հակի ի նպաստ հրէականին: Կալի կը ներկայացնէ նաեւ «օտար աչքը»: Այս իմաստով Կալի եւս կը ներկայացնէ նոյնինքն ԼՇ-ն: Աւելի՛ն. Կալի (ԼՇ) կը ներկայանայ որպէս ո՛չ լաւատեղեակ եւ ո՛չ իսկ սրտցաւ օտար դիտորդ: Այս ակնբախօրէն ցոյց կու տան անոր սառն եւ թիւր դատումները  հայ մշակոյթի մասին: Կալի անշուշտ չի մոռնար «Շոա»-ի շուրջ լայն տեղեկութիւններ տալ (որոնցմէ մաս մը զեղչուած էր ելոյթին մէջ):

11015913_1587223324894727_8477007270605889037_nՀերմինէ Նիւրբէթլեան «Ճաղատ սոփրանօ»-ի  շնորհալի եւ տաքարիւն սպասուհին վերածուած էր անտարբեր, զբօսաշրջիկի մը, որ քիթը ցցած` թեթեւ քմծիծաղով կը զննէր «մրջիւնի մնացորդները»:  Կողքի պատկերին մէջ կը տեսնենք, թէ Կալի հանդարտօրէն ուսապարկի կապը կը տեղաւորէ (սլաքով ցոյց տրուած), երբ իր աչքին առաջ Առաք կուրացած` կը փլչի: Չի մտածեր ձեռք երկարել իսկ: Բարի՛: Կը նկատենք նաեւ, որ Պետ շփոթած է եւ թեւերը հեռացուցած` Առաքէն: Բարի՛: Տեսարանը կ’ամփոփէ ելոյթի «բարոյական»-ը:  Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ այս պատկերը տեղ գտած է թատերախումբի կայքէջին վրայ:

Անհասկնալին ա՛յն էր, թէ Լորն եւ Նաոմի … փարտոն, պիտի ըսէի` Կալի եւ Պետ իրարու մէջ շանթահարող եւ համակրելի ի՞նչ գտած էին: Չիմացանք նաեւ, թէ ի՛նչ էր երկուքին միջեւ կայացած նարտի խաղին (գերիշխանութեան մենամարտ) արդիւնքը: Կ’ենթադրեմ, որ ԼՇ կը միտէր կերտել գրաւիչ հրէուհի մը: Բայց ելոյթին մէջ այդ հմայքը թելադրող համոզիչ ոչինչ կար: Պարզ է, որ Իոնեսքոյի թատրերգութիւնը շատ աւելի լայն առիթ տուած էր Հերմինէին` դրսեւորելու իր կարողութիւնը: Այստեղ եւս «պազար»-ի հաշիւը …

Երեք դերակատարները կը խաղային երեք տարբեր ոճերով: Ինծի թուաց, թէ իւրաքանչիւրը կը խաղար այնպէս, ինչպէս ինք անձամբ ըմբռնած է թատրերգութիւնը: Կը բացակայէր երեքը միացնող «հասարակ յայտարարը», որ դուրսէն պիտի թելադրուէր: Թոյլ էր նաեւ «քիմիան»:  Այս աւելի եւս կը խճճէր «պազարի հաշիւները»:

Թարգմանական.- Լեզուական երեսը կենսական է այս թատրերգութեան պարագային: ԼՇ-ի ներկայ թատերախաղը (ինչպէս եւ Աքսոր Օրօրոցին մէջ) վիճաբանական ասուլիս մըն է: «Դէմ դիմակ»-ը գոհացած էր ընթերցանութեամբ, «ձայնասփիւռի թատրոնով»: Այդ նոյնիսկ նախընտրելի է, որովհետեւ անոնք չէին պարտադրուեր ցոյց տալու, թէ ի՛նչ կերպարանք ունի անասելին տեսանելի դարձնող «Կոթող»-ը: ԼՇ, որ մանրամասն ցուցմունքներ կու տայ գործի ամէն երեսին շուրջ, հասկնալիօրէն ոչի՛նչ կ’ըսէ կոթողին մասին:

Դժուար է լեզուական կողմը քննել առանց տրամադրութեան տակ ունենալու ելոյթի տեսերիզը (որ երկար երկունքէ ետք կը ծնի) եւ կամ` թարգմանութիւնը (որ կը փակուի պողպատեայ գանձարկղի մէջ): Յիշողութեան եւ խոր մթութեան մէջ առնուած նոթերու հիման վրայ կարելի է նշել ոչ նուազ քան 25 սխալներ: Կու տամ նմուշներ. «You can be trying» – «Դուն կրնաս փորձել» պէտք էր ըսել  «Դուն երբեմն յոգնեցուցիչ ես», «Devastation»-«Իրարանցում» պէտք էր ըսել «աւեր», «Intangible» – «անխուսափելի» պէտք էր ըսել «անշօշափելի»; «Ambition», «փառամոլութիւն» պէտք էր ըսել «երազանք», «Clinical» – «գործնական» պէտք էր ըսել «սառնարիւն», «Pervert» – «քայքայել» պէտք էր ըսել «խեղաթիւրել»: Կային նաեւ հատուկենտ թրքաբարբառ դարձուածքներ: Նման սխալներ կարելի է վերագրել հապճեպ թարգմանութեան: Այդ իմաստով որոշ չափով ներելի էին: Կալի կը գործածէր «Yiddish» բառեր, որոնք գրեթէ անթարգմանելի են:

Կային սակայն սխալներ, որոնք կամայ թէ ակամայ կը շրջէին գործին տրամաբանութիւնը: Օրինակ (էջ 63)`

Առաք.- Պահպանելու մեր յիշողութիւնը:

Պետ.- Վերագտնելու մենք զմեզ:

Պետ կը հաստատէ Առաքի միտքը: Այս խոտոր է գործի տրամաբանութեան: Բնագրին մէջ Պետ կ’ըսէ «To reinvent ourselves», որ պէտք էր թարգմանել` «Վերահնարելու մենք զմեզ»: Առաք կը խօսի հայապահպանման մասին, իսկ Պետ`  նոր, «բազմերանգ» խառնածին էութիւն մը ստեղծելու, «հնարելու»:  Յետարդի իմացական համակարգին մէջ ազգերը երեւակայածին, հնարովի կառոյցներ են (1): Ահա թէ ինչո՛ւ Պետ կը գործածէ  «Վերահնարել» տարազը: Փիեսի գաղափարաբանութիւնը գլխիվայր շրջուած է:

ԼՇ  գիտէ, թէ «concentration camp» ոչ թէ մարդասիրական «գաղթակայան» է, այլ` սպանդանոց  «կեդրոնացման կայան»: Թէ` «capitulate» ոչ թէ «հրաժարիլ» է, այլ` «զիջիլ», թէ`  «indoctrination» ոչ թէ «գաղափարաբանութիւն» է, այլ` «գաղափարի պարտադրում» (ուղեղի լուացք), թէ, մանաւանդ, բանալի բառեր, ինչպէս «reinvent» կարելի չէ 180 աստիճան շրջել: Թէ` ինչո՞ւ ԼՇ իր հաւանութիւնը տուած է նման թարգմանութեան, կը մնայ մեկնաբանելի: Կ’երեւակայեմ Շիրինեան կռնակի վրայ պառկած, ոտքերն ու ձեռքերը օդին մէջ շարժելով` լիաթոք կը ծիծաղի մեր միամտութեան վրայ:

Կրկնութեան գնով շեշտեմ, որ առաջնահերթութիւնը  քերականական մաքրակրօնութեանը չէ, այլ` ժամանակակից հայերէն թատերական լեզուամտածողութիւն ստեղծելուն:  Նոյն մտահոգութիւնը յայտնած է Յ. Քիւրքճեան «Ազդակ»-ի մէջ, իր մայիս 30 եւ յունիս 1-ի յօդուածներով:

7-30-15_Musical-notes1Քիչ մը մանրուք.- Լուսաւորումը միապաղաղ էր: Ցերեկային եւ գիշերային տեսարանները անզանազանելի էին: Այս անսպասելի էր` նկատի առած բեմադրիչին մասնագիտութիւնը: Երկու սեղանները հեռացուած էին իրարմէ, թերեւս` արհեստական «երթեւեկ» գոյացնելու համար: Յիշենք, որ թատրերգութիւնը ի բնէ նստակեաց կրկնախօսութիւն մըն է: Վտանգ ազդարարող ձայները հիմնականին մէջ երկուք էին: Կար հզօր շոգեմեքենայի որոտը, որ յարիր էր երեւակայական ուժեղ եւ անմարդկային թշնամի մը ներկայացնելու համար: Բարի՛: Բայց  փողերախումբը օսմանեան յոխորտ Մեհթարը, չէր ոչ իր կշռոյթով եւ ո՛չ ալ ձայնային «գոյնով» (tonality): Հասկնալի էր, որ Կալիի մուտքին ընկերացաւ դաշնակի մելոտիք երաժշտութիւն: Ընդհանուր առմամբ լուսաւորումի, ձայնի եւ միջոցաչափային կողմերուն մէջ աչքառու գիւտեր չկային:

7-30-15_GotoghԿառոյց.– «Կոթողական»-ը ակնյայտօրէն կը պատկանի անհեթեթի թատրոնին: Աւելի՛ն. յստակ զուգահեռներ ունի «Սպասելով Կոտոյին» թատերախաղին հետ: Անհեթեթը հակազդեցութիւն մըն էր: Այսօր սպառած է: Այս մասին այլ առիթներով անդրադարձած եմ: Այստեղ կ՛ուզեմ նշել անոր թատերական հետեւանքները: Ինչպէս «Սպասելով Կոտոյին», այնպէս եւ «Կոթողական»-ին մէջ գրեթէ բացակայ է թատերական գործողութիւնը: Ճաշ պատրաստել, նարտի խաղալ եւ կամ վիճաբանիլ թատերական գործողութիւն չեն (2): Ներկայ ելոյթի պարագային կը զարգանայ (բարդանայ) ոչ թէ գործողութիւնը, այլ` վիճակը: Թատրոնի լեզուով այդ կը կոչուի «դատարկային» կամ «ներքին» զարգացում: Կը խորանայ, օրինակ, Պետի յուսախաբութիւնը: Կողքի գծանկարին մէջ շարժումը կը նմանի Ա-Գ տանող գրեթէ ուղղահայեաց գծին: Դասական զարգացումը կրնայ նմանիլ Ա-Բ գծին, ուր փոփոխութեան թափը անպայման որ միօրինակ չէ:

Առաք կ’իշխէ Պետի, մինչ Պետ անընդհատ կ’ուզէ հեռանալ: Կոտոյի մէջ Վլատիմիր կ’իշխէ Էսթրակոնի, որ անընդհատ կ’ուզէ հեռանալ: Այսինքն գոյ է ճնշող-կախեալ (oppressive-dependent) յարաբերութիւն:

Երկու թատերախաղերուն  մէջ առկայ է տաղտկալի ռութինը: Գոյ է մանաւանդ «խուլերու վէճը»: Տիպարները կը մնան մէկ տարաչափական (dimension): Հոգեկան տագնապը կը խորանայ, բայց տիպարները կը մնան անփոփոխ: Անհեթեթը չի հաւատար պատմական զարգացումի: Անհեթեթը «հակապատմական» է: Առ այդ, երկու թատերախաղերն ալ «անժամանակ» են: Որեւէ ակնարկութիւն չկայ, թէ կոթողը ե՞րբ եւ ո՞ւր կը կառուցուի: Թէ ի՞նչ կը պատահի այլուր: Այսինքն դուրս է քաղաքական համագրութենէ (context): Հարցերը դիտուած են զուտ անձնական, հոգեբանական անկիւնէ: Միթէ կարելի՞ է, որ այն, ինչ որ կը պատահի այսօր, պատահէր կէս դար առաջ` յիսնամեակի օրերուն:

Արտածում/Ներածում.- Ելոյթը փորձած էր մեղմացնել եւ «հայացնել» ԼՇ-ի գործը: Աւելցուած էր աջ անկիւնի շապլոնակոյտը, Տէր Զօրի աւազը եւ թղթակերտ Հայկական պարը:  «Հայկական» տարրերու  խեղճուկ շապլոն տեսքը աւելի կսկիծ կը պատճառէր, քան` ակնածանք: Աւելի վառ երեւակայութիւն կարելի է գտնել կարգ մը զբօսաշրջային պրոշիւրներու մէջ:

Զեղչուած էին Կալիի հրէական պատումներէն մաս մը: Զեղչուած էր, անշուշտ, Պետի եւ Կալիի համբոյրը: Առաքի (լիալուսնի լոյսի տակ) սեռային յարձակումը վերածուած էր Կալին խեղդելու փորձի: Երկրորդը անշուշտ աւելի ոճրամիտ է, քան` ստորնացուցիչ:

Ներդրում կարելի է համարել «կոթող»-ը, որ յարիր էր ԼՇ-ի ոգիին, որովհետեւ պղպջակէ (Styrofoam) շինուած նռապսակը իսկապէս անտպաւորիչ էր եւ բոլորովին անվայել հարիւրամեակին:

Բնագրի 3-րդ արարը կը սկսի Պետի հետեւեալ իմաստալից նկատողութեամբ. «Տարօրինակ չէ՞ք գտներ, որ կեդրոնը անհետացած է» (էջ 69): Ելոյթին մէջ կեդրոնը ոչ թէ անհետացաւ, այլ  փոխեց իր տէրը: Առաքի վտարումէն ետք Պետ մնաց այդտեղ: Աղբը հանդարտօրէն լեցուց… ուշադրութի՛ւն… այն նամակատուփին մէջ, որ կը ներկայացնէր կապը «Ազգային տան» հետ: Ապա նստաւ կեդրոնի գրասեղանի ետին եւ շարունակեց գրել իր եբրայական… ներողութիւն, պիտի ըսէի նորարական պատմուածքները:  Ա՛յս էր ելոյթի եւ գլխաւոր ներդրումը: Ինչպէ՞ս մեկնաբանել:

Արդեօք տեղի ունեցածը «Պետ»-ական հարուածի՞կ մըն էր: Նոր սերունդը գրաւե՞ց կեդրոնը եւ անոր տուաւ ա՛յլ նկարագիր: Իսկ «Ազգային տան» փոխան զեկուցումի կամ տեղեկագիրի ուղարկեց ա՛ղբ:  Բայց ինչո՞ւ մնաց այդտեղ: Չէ՞ որ ԼՇ-ներու բնական  կենսավայրը օտար մայրաքաղաքն էր, ոչ մթում կորած հայկական «կեթօ»-ն:

Արդեօք ելոյթը ըսել կ’ուզէ՞, թէ Շիրինեան կուսակցութիւնը պիտի գրաւէ ազգային կեդրոնները: Բայց ինչո՞ւ:

Աւարտական.- Թատերախումբի կայքը կ՛ըսէ, թէ գործը հանդիսատեսին առիթ կու տայ մտածելու: Ո՛չ, տեարք: Այդ կարելի պիտի ըլլար, եթէ թատրերգութիւնը հաւասար հեռաւորութեան վրայ մնար Պետէն եւ Առաքէն: Մինչդեռ ԼՇ յստակօրէն կը ներբողէ եբրայասէր Պետը (իմա` իր ընտրանքը) եւ կը ջախջախէ Առաքը: Թատրերգութիւնը կը յիշեցնէ այն ժապաւէնները, որոնք պատրաստուած էին հոգեբանական նորելուկ տարազներու վրայ (Spellbound 1945, Vertigo 1958, Psycho 1960,  եւ այլն ): Բնագիրի  աւարտին (էջ 81) ԼՇ կ՛ըսէ. «Ի վերջոյ ո՞ւր կը հասնինք, յաւելեալ լուսաբանութեա՞ն, թէ՞ յաւելեալ շփոթի»: «Շփոթ»-ը անշուշտ պէտք է, որ ըլլայ Առաքի ուղին ընտրած մարդոց բանակավայրին մէջ:

ԼՇ հայկական այսքան ցաւոտ եւ կեդրոնական հարցին կը մօտենայ որպէս պաղարիւն օտար դիտորդ: Իսկ մենք հայ ըլլալով` «ծծեցինք թոյնը կեանքին» …

«Դէմ դիմակ»  թատրոնի ակնարկած ծանակի նշաւակը Առա՛քն է: Առաք, որ կը ներկայացնէ իմ հայրս կամ ձեր մեծ հայրը, որ սոված քնացաւ, բայց դպրոց շինեց, որ միութեան վրայ գուրգուրաց իր ընտանիքին չափ եւ` բան մը աւելի: Արդեօք այդ սերունդը իր բոլոր թերութիւններով արժանի՞ է  աղուէսադրոշմի դաժան վճռին (3):

Անհեթեթի թատրոնը համահունչ է բեմադրիչի խառնուածքին իր բոլոր ելոյթներուն մէջ, միանշանակ: Համահո՞ւնչ է արդեօք հարիւրամեակի ոգիին: Յիշե՞նք, թէ՞ ծափահարենք:

(Շար. 2 եւ վերջ)

1.- Այս ուղղութեամբ հիմնադրական գործ է Պենետիքթ Անտերսոնի 1983-ին հրատարակած «Երեւակայական հանրոյթներ» (Imagined Communities) գործը:

2.- Արմէն Աւանեսեան, «Արդի հայ դրամատուրգիան» (1991-2008 թթ) www.litopedia.org/index.php

3.- Միջին դարերու կը ջլատէին աղանդաւորներու անդամները (ինչպէս եւ Առաք), կը կուրացնէին (ինչպէս եւ Առաք) եւ կը խարանէին ճակատը, որպէսզի ոչ ոք համարձակի մօտենալ:

 

Նախորդը

Գաղութէ – Գաղութ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Անուշ Հայրենիք» Ծրագիրը` Հրազդանի, Աբովեանի Եւ Մարտունիի Մէջ

RelatedPosts

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք
Անդրադարձ

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Ծաղկազարդ Եւ Դռնբացէք

Ապրիլ 1, 2023
Այնթապի Հերոսամարտը
Անդրադարձ

103-Ամեակ Այնթապի Հերոսամարտին

Ապրիլ 1, 2023
ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ.  Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –
Անդրադարձ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու 100-Ամեակ. Յուշեր Եւ Վկայութիւններ – 4 –

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In