Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Սփիւռք. Յղացքներ Դէպի Զարգացող Հայկական Ազգային Նախագիծ – Ա.

Օգոստոս 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը նշանակէ պետութիւն չունեցող ժողովուրդի մը համար քաղաքականապէս գործել: Հայերուն համար ասիկա վերացական հարց չէ, այլ ապրուած իրականութիւն մըն է: Աւելի քան մէկ դար հայկական սփիւռքը գոյութիւն ունեցած է վեսթֆալական ինքնիշխանութեան մը սահմաններէն դուրս, սակայն պահպանած է իր յատուկ քաղաքական ներկայութիւնը` կառավարութիւններու մօտ շահեր պաշտպանելով (lobbying), մշակութային կեանք շարունակելով եւ իր քաղաքական ինքնութիւնը համաշխարհային բեմերուն վրայ արտայայտելով: Այս յօդուածը, որ հայկական ազգային ծրագիր մը հետազօտող փորձի մը շարքին առաջինն է, կը հարցադրէ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ քաղաքական սփիւռք: Ոչ միայն ազգային-մշակութային ցանց մը կամ նիւթական աջակցութեան աղբիւր, այլ նաեւ ցրուած քաղաքական վարչաձեւ մը (polity)` գործակցութեամբ, նպատակներով եւ ապագային իր տեղը ապահովելու ձգտումով մը: Կարո՞ղ են հայերը վերամտածել իրենց ինքնիշխանութեան եւ քաղաքական պատկանելիութեան մասին` Հայաստանի սահմաններէն անդին: Իսկ կրնա՞յ ըլլալ, որ սփիւռքը անցնի համայնքային պահպանումէն դէպի փափուկ ուժի ձեւերու կիրարկում:

«Սփիւռք» ըսելով` նկատի ունիմ կազմակերպուած հայկական համայնքները, որոնք Ցեղասպանութենէն ետք գործած են գրեթէ դարէ մը աւելի` ստեղծելով եւ պահպանելով կայուն հաստատութիւններ` եկեղեցիներ, դպրոցներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ լրատուական միջոցներ, եւ ոչ թէ` Հայաստանէն դուրս ապրող միլիոնաւոր ցրուած էթնիկ հայերուն ընդհանուր բնակչութիւնը: Այս հաստատութիւնները, ինչպէս կը նշէ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը, կը կազմեն սփիւռքի աւանդական ողնաշարը` կարելիութիւն տալով շարունակականութեան, ներկայացուցչութեան եւ ինքնակառավարման որոշակի աստիճանի մը: Այս կազմակերպուած սփիւռքին է, որ կը դիմէ այս յօդուածը:

Հայերը պահպանած են ինքնիշխան քաղաքական միութիւն մը Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ: Միաժամանակ, 1923-ի Լոզանի դաշնագիրէն ի վեր, որ արգիլեց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վերադարձը եւ հիմնաւորեց ժամանակակից սփիւռքը, սփիւռքահայերը պահպանած են ոչ ինքնիշխան քաղաքական իրողութիւն մը, որ պահպանած է համայնքային կեանքը պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս: Սփիւռքը կիրարկած է ոչ վեսթֆալական ինքնիշխանութեան ձեւ մը` որոշուած ոչ թէ տարածքային վերահսկողութեամբ, այլ` համատեղ ինքնութեամբ, կայուն հաստատութիւններով եւ հայրենիքէն հեռու (սահմանէն այլ կողմ) հաւաքականապէս գործելու կարողութեամբ: Այս իմաստով ալ ան կը գործէ «անպետական իշխանութեան» մը ձեւով (Խաչիկ Թէօլէօլեանի նշանակած եզրին)` աշխատելով վերասահմանելու հայ քաղաքական կարողութիւնը համաշխարհայնացած (կլոպալացուած) աշխարհի մը մէջ եւ հարցականի տակ առնելով ինքնիշխանութեան աւանդական ըմբռնումները:

Հայուն ինքնիշխանութեան ձգտումը հազուադէպօրէն սահմանափակուած եղած է տարածքային վերահսկողութեամբ կամ միայն քաղաքական ինքնավարութեամբ: Դարերու ընթացքին ան գործած է իբրեւ քաղաքակրթական նախագիծ մը` հասկցուած ոչ թէ որպէս մշակութային գերակայութեան կամ հաստատուած նուաճումներու յաւակնութիւն, այլ որպէս երկարաժամկէտ ճիգ` պահպանելու ինքնութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազգային հաստատութենական շարունակականութիւնը սերունդներու եւ աշխարհագրութիւններու մէջ:

1375-ին Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան անկումէն ի վեր եւ մինչեւ 19-րդ դարու ժամանակակից ազգային ազատագրական շարժման վերելքը, հայ ժողովուրդը գրեթէ հինգ դար գոյատեւեց առանց պետութեան:  Սակայն անոնք պահպանեցին գործող քաղաքակրթական կարգ մը, ինչպէս որ ըրած էին աւելի կանուխ, օրինակ` Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք` 428-ին եւ  Բագրատունեաց թագաւորութեան վերելքէն առաջ` 885-ին: Սակայն այս շրջանը նաեւ զարմանալի տոկունութեան շրջան մըն էր մշակոյթի, կրօնի եւ հաստատութիւններու բնագաւառին մէջ: Հայ առաքելական եկեղեցին, առեւտրական-վաճառականական ցանցերը եւ վանական դպրոցները պահպանեցին ցրուած, բայց համահունչ ինքնութիւն մը` հիմնուած լեզուի, կրօնական աւանդութեան, իրաւական սովորութիւններու եւ կրթութեան վրայ:

Թէպէտ այլ ժողովուրդներ ալ կարողացած են  իրենց ինքնութիւնը պահպանել աքսորի մէջ, սակայն հայկական պարագան առանձնայատուկ է` իր հաստատութենական կեանքի շարունակականութեամբ, հաւատքի եւ ազգութեան միջեւ ուժեղ կապով եւ սրբագործուած հայրենիքի կեդրոնական դերակատարութեամբ` թէ՛ յիշողութեան եւ թէ՛ նպատակակէտի մէջ: Այս շրջանին ինքնիշխանութիւնը արտայայտուեցաւ ոչ թէ սահմաններով կամ բանակներով, այլ իմաստի, արժէքներու եւ յիշողութեան փոխանցումով` կայսրութիւններու եւ սերունդներու միջեւ: Այս տեսակի ոչ տարածքային ինքնիշխանութեան այս ձեւը ձեւակերպեց ժամանակակից հայկական քաղաքական երեւակայութիւնը. անկախութիւնը հետագային պիտի հետապնդուէր ոչ միայն հողը վերահսկելու, այլ վերականգնելու արժանապատուութիւնը ժողովուրդի մը, որ արդէն ապացուցած էր, թէ կրնար առանց պետութեան մը գոյատեւել:

Այսօր ժամանակակից հայկական վիճակը բարդ է: Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի աշխարհասփիւռ բնակչութիւն մը, որ գերակայ է ոչ վեսթֆալական ինքնիշխանութեան ձեւերով` պահպանելով մշակութային, քաղաքական եւ բարեսիրական կեանք մը, պաշտօնական պետական կառուցուածքներէն դուրս: Ասիկա այն է, որ կը կոչեմ «քաղաքակրթական շարունակականութիւն»` ինքնութեան, արժէքներու եւ գործակցութեան շարունակական փոխանցումը ժամանակի եւ տարածութեան վրայ, տարածութեան վրայ, նոյնիսկ երբ բացակայ է պետականութիւնը: Ասիկա ոչ թէ անխափան պատմական շարունակականութեան պահանջ է, այլ` աւելի խորունկ, ձեւափոխուող համախոհութիւն մը, որ տոկացած է պատմական ընդհատումներուն դիմաց:

Քաղաքակրթական շարունակականութիւնը միայն լեզուի, ծիսական եւ աւանդութեան պահպանումը չէ: Ան կ՛առաջնորդէ քաղաքական երեւակայութիւնը, կայուն հաստատութիւններու ապրուած փորձառութիւնը եւ սերունդներու միջեւ լայն համախոհութեան զգացումը` միաժամանակ յարմարելով փոփոխուող աշխարհի պայմաններուն: Լեւոն Զէքիեան կը պնդէ, որ հայ ժողովուրդին մուտքը նոր դարաշրջան պայմանաւորուած է աւանդութեան եւ նորարարութեան մտածուած համադրումով («Հայկական ճամբան դէպի ժամանակակիցութիւն», 1997)` մեկնաբանութիւն մը, որ կը համապատասխանէ այս ըմբռնումին:

Այլ անպետական կամ կիսապետական ժողովուրդներ, ինչպիսիք են` ասորիները, սուրիանիները եւ եզիտիները, շարունակած են պահպանել իրենց կրօնական եւ մշակութային ինքնութիւնը ժամանակի ընթացքին: Սակայն հայկական փորձառութիւնը առանձնայատուկ է` նշանաւորուած  ազգային-վերհասարակական հաստատութիւններու կայունութեամբ եւ քաղաքական մտածողութեան ուժեղ աւանդով: Այդ շրջանակին մէջ կարելի է յիշել Մխիթար Գոշի 12-րդ դարու «Դատաստանագիրքը», Շահամիր Շահամիրեանի հանրապետական գրութիւնները 18-րդ դարու Մատրասի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայ եկեղեցւոյ եւ վանական վարժարաններու քաղաքացիական դերակատարութիւնները: Ասոնք մաս կազմեցին ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու երկարաժամկէտ ձգտումի մը, որ պսակուեցաւ զարթօնքով, ազգային ազատագրական շարժումով եւ 1918-ին, դարերու անպետականութենէն ետք, հանրապետութեան հիմնադրութեամբ:

Ի տարբերութիւն մշակութային շարունակականութեան, որ կրնայ գոյութիւն ունենալ խորհրդանշական կամ բաժնուած ձեւերով, քաղաքակրթական շարունակականութիւնը կ՛ենթադրէ` համահունչութիւն, ճկունութիւն եւ նպատակային կերպով գործելու մնայուն կարողութիւն: Ան արմատաւորուած է ոչ թէ կարօտի կամ փառամոլութեան վրայ, այլ կը բխի այն ճիգէն, որ կը ձգտի ապահովել ժողովուրդի մը կարողութիւնը իր սեփական ապագայի կիրարկման ջանքերու մէջ, նոյնիսկ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք յառաջացած ցրուածութեան եւ զրկանքներու պայմաններուն մէջ:

(Շար. 1)

Նախորդը

Դեգերումներ Դար Մը Լիբանանահայ Թատրոնի Հետքերով Ա. Մինչեւ 50-ականներ

Յաջորդը

Ժորժ Քոսթա Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?