Օգոստոսի աւանդաբար արձակուրդային ամիսը ունեցաւ փառաւոր սկիզբ մը. Հայաստան այցելեց, իր մեծաթիւ խումբով, համաշխարհային աստղ համարուած Ճենիֆեր Լոփեսը եւ ելոյթ ունեցաւ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, 30.000 հանդիսատեսներու առջեւ: Այս մեծ «իվենթին», այսինքն դէպքին համար իշխանութիւնները տրամադրած էին վեց միլիոն ամերիկեան տոլար: Նպատակը` բարձրացնել Հայաստանի համաշխարհային ճանաչելիութիւնը եւ խթանել զբօսաշրջութիւնը: Արդիական արհեստագիտութեան օգտագործումով գեղեցիկ համերգ մը հրամցուած է հայ եւ օտար (կ՛ըսուի, որ ներկաներուն կէսը օտարներ եղած են) հասարակութեան: Հրամցուածին մշակութային արժէքին մասին մեկնաբանութիւններու չեմ հանդիպած, եղելութիւնը կը տեղաւորուի դրական Հայաստանի մէջ ապրող երջանիկ ժողովուրդին հրամցուող` կեր, խմէ, երգէ ու պարէ օրակարգին մէջ:
Ճենիֆերլոփեսեան բուռն քննարկումներու ընթացքին հրապարակուեցաւ հայոց, ներողութիւն` Հայաստանի, պատմութեան 9-րդ դասարանի դասագիրքը: Այս դասագիրքը կ՛ընդգրկէ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը ժամանակաշրջանը: Գիրքը կազմողներուն մէջ ոչ մէկ ծանօթ ու վաստակաւոր պատմաբանի անուն կը տեսնենք: Իրական Հայաստանը պէտք է ունենայ մօտաւոր անցեալի փոշիներէն ձերբազատուած նոր պատմութիւն, բնականաբար` նոր պատմաբաններով: Նոյնը ըրած էր նաեւ Խորհրդային Միութիւնը` ստեղծելով պատմութեան իր տարբերակը: Դասագիրքին մասին առայժմ մեկնաբանութիւններ չկան. կը բաւականանամ առայժմ այսքանով:
Նիկոլ Փաշինեանի արձակուրդը կը շարունակուի: Իր կողմէ գրութիւններ, ուղենիշ եւ այլն չկան: Վարչապետին հնազանդները չեն գիտեր` ի՛նչ ըսել. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի փոխուի, իշխանութիւնը բռնի փոխելով ամբաստանուած բանտարկեալները ի՞նչ ճակատագիր պիտի ունենան, Սիւնիքի միջանցքը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի բացուի: Հարցեր ու հարցեր, որոնց պատասխանը միայն ի՛նք ունի` գերագոյն հրամանատար, գերագոյն դատաւոր, գերագոյն պատմաբան ու ազգագրագէտ, գերագոյն աստուածաբան, ամենագերագոյն Նիկոլ Փաշինեանը:
Ահա այսպէս, երբ անորոշ ու խելակորոյս փնտռտուքներով կը տանջուէինք, փրկութեան ձայնը հնչեց, ինչպէս միշտ, Պաքուէն: Ուրբաթ, 8 օգոստոսին, Հայաստանի վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը Ուաշինկթընի մէջ պիտի հանդիպին Միացեալ Նահանգներու նախագահին: Այս վերջինը` նախագահ Տանըլտ Թրամփը, կը վստահեցնէ, որ շնորհիւ իրեն` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պատրաստ են խաղաղութեան: Խոստացուած խաղաղութեան տարողութիւնը, տեսակը, պարունակութիւնը անորոշ կը մնան: Արցախէն տեղահանուած ժողովուրդին վերադարձը պիտի երաշխաւորուի՞, Հայաստանէն գրաւուած տարածքները պիտի ազատագրուի՞ն, Հայաստանի շրջափակումը պիտի վերանա՞յ, ի՞նչ կարգավիճակ պիտի ունենայ Սիւնիքի միջանցքը. ասոնք հարցեր են, որոնց մասին ժողովրդավարական եւ ինքնիշխան Հայաստանի ժողովուրդը ոչինչ գիտէ: Ժողովուրդը անտեղեակ է նաեւ նախաստորագրման կամ ստորագրման պատրաստուած խաղաղութեան համաձայնագրի պարունակութենէն: Դրական ժողովրդավարական երկրի մը մէջ նման ազգային ապահովութեան վերաբերող ու ճակատագրական հարցերու քննարկումը կը կատարուի հրապարակային եղանակով, ազգին բոլոր մասնիկներուն մասնակցութեամբ: Կը պատրաստուինք ամերիկեան համաձայնութեան` առանց որեւէ լուրջ ու հետեւողական քննարկման:
Յաճախ ու շատերու կողմէ զգուշացում եղաւ, որ Հայաստան պէտք է խուսափի օտար ուժերու շահերու բախման թատերաբեմ ըլլալէ: Հակառուսական հասկնալի տրամադրութիւններու չափազանցուած արծարծումը պէտք չէ վերածուի ռուսական ազդեցութեան չէզոքացման բացարձակ կանոնի: Պէտք է կարողանայինք շրջանցել Ռուսաստանն ու Իրանը մեկուսացնելու եւ շրջափակելու միտող արեւմտեան բաց քաղաքականութեան մասնակցութիւնը: Ոչ միայն վախնալով ռուսական բուռն հակազդեցութենէն, ոչ միայն ձգտելով իրական ու արդար խաղաղութեան, այլ` այն հանրայայտ պատճառով, որ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, դրացիներու զաւթողական ախորժակները, պատմական նախընթացները կը պարտադրեն, Հայաստանի կենսական շահերէն բխող դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն մը: Հայաստան ու հայութիւն, ամբողջական Հայաստան եւ ամբողջական հայութիւն ամէն բանէ վեր: Ամերիկայէն ու Արեւմուտքէն ալ վեր: