Մոսկուա յայտարարած է, որ Արեւմուտքի Հարաւային Կովկասի հոլովոյթներուն մասնակցութիւնը «կրնայ յանգեցնել շրջանի անվտանգութեան համակարգի անհաւասարակշռութեան` խաթարելով շրջանային ինքնաբաւութեան սկզբունքը, երբ հրատապ հարցերու լուծումը կը կատարեն Հարաւային Կովկասի պետութիւնները եւ անոնց անմիջականօրէն սահմանակից երկիրները»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ռուս պաշտօնատարը ընդգծած է, թէ Մոսկուան «կը տեսնէ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային շրջափակման վերացման հոլովոյթին միջամտելու Ուաշինկթընի փորձերը»:
«Իրականութեան մէջ անոնք չեն կրնար որեւէ նոր բան առաջարկել, բացի ատկէ, որ կատարուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ մասնագիտացուած եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ», ըսած է Զախարովա:
«Արեւմուտքը նպատակադրուած է հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթը դուրս բերել սեփական ուղիի վրայ, սակայն մենք գիտենք, թէ այդ ուղին սովորաբար ո՛ւր կը տանի», ըսաւ ան:
«Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն միջամտել փոխադրամիջոցային ապաշրջափակման հոլովոյթին: Ամերիկացիները կ՛ըսեն, կը մէջբերեմ անոնց խօսքը, ունին հարցի բացառիկ լուծում: Սակայն գիտէք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ ձեւաչափով աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ կատարուած աշխատանքէն բացի անոնք ոչ մէկ բան կրնան առաջարկել: Հետեւաբար` կը ստեն», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: