Երէկ Օսթընի մէջ (Թեքսաս) տեղի ունեցաւ այս տարուան «Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ-Սթար» մրցումը, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն դասակարգի աստղեր ընտրուած էին մրցելու Մեքսիքոյի աստղերուն դէմ:
Մօտ 21 հազար համակիրներ ներկայ եղան այս մրցումին, որմէ բացակայեցան Ինթեր Մայեմիի մարզիկներ Լիոնել Մեսսին եւ Ճորտի Ալպան:
Անշուշտ համակիրներուն մեծ մասը Մեսսին տեսնելու եկած էր եւ յուսախաբ մնաց, մինչ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի պատասխանատու Տոն Կարպըր յայտնեց, թէ անոնք կրնան մէկ մրցումով կախակայուիլ` վիրաւորուած ըլլալու վերաբերեալ լուրջ փաստաթուղթեր չներկայացնելու պատճառով:
Մրցումէն առաջ Ինթեր Մայեմիի պատասխանատուներ յայտնած էին, թէ Մեսսի վիրաւոր է եւ կրնայ բացակայիլ, մինչ Ալպայի լուրը աւելի ուշ տրուած էր:
Ինթեր Մայեմի պիտի մրցի Սինսինաթիի դէմ շաբաթ օր (վաղը), եւ ըստ Կարպըրի, անոնք կրնան կախակայուիլ այդ մրցումէն:
Մեսսի անցեալ տարի ալ բացակայած էր «Օլ- Սթար» մրցումէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Մեսսի 18 կոլ նշանակած է Նաշվիլի յառաջապահ Սեմ Սարիճի նման: Մեսսի իր վերջին 7 խաղերէն 6-ին տուպլէ իրագործած էր:
«Էմ. Էլ. Էս.»-ի աստղերը 3-1 արդիւնքով յաղթեցին Մեքսիքոյի աստղերուն: Սարիճ, Թայ Պարիպօ եւ Պրայըն Ուայթ նշանակեցին «Էմ. Էլ. Էս.»-ի կոլերը, մինչ Ժիլպերթօ Մորա նշանակեց Մեքսիքոյի միակ կոլը: