Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղջկանց Եուրօ. Սպանիա Դուրս Ձգեց Գերմանիան

Յուլիս 25, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղջկանց Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը (Եուրօ) հասաւ իր վերջին հանգրուանին, ուր աւարտականին աշխարհի ախոյեան Սպանիա պիտի մրցի անցեալ Եուրոյի տիտղոսակիր Անգլիոյ դէմ:

Կիսաւարտականին Սպանիա կը մրցէր Գերմանիոյ դէմ, որ 12 նախկին Եուրոներուն 11 անգամ հասած էր կիսաւարտական:

Այթանա Պոնմաթի նշանակեց մրցումին միակ կոլը 113-րդ վայրկեանին` 2023-ի մոնտիալի աւարտականի մրցումը կրկնելով Անգլիոյ դէմ:

Յամառ Գերմանիա Սպանիոյ պարտադրեց մինչեւ 120 վայրկեաններ, եւ միայն 2 անգամ «պալոն տ՛օր» շահած Պոնմաթիի հարուածն էր, որ երկու խումբերը բաժնեց իրարմէ:

Նախկին 9 ճակատումներուն Սպանիա չէր կրցած յաղթել Գերմանիոյ, որուն հերոս բերդապահ Անն-Քաթրին Պերկերի պզտիկ սխալէն միայն կրցաւ օգտուիլ:

«Շատ հպարտ կը զգամ: Մենք արժանի էինք: Շատ լաւ մրցաշարք մը կը կատարէինք, շատ դժուար պայքար էր այսօր, անշուշտ Գերմանիոյ դէմ կը խաղայինք: Առաջին անգամ ըլլալով Գերմանիոյ յաղթել եւ Եուրոյի աւարտական հասնիլ ո՞վ չի փափաքիր», ըսաւ Պոնմաթի:

113-րդ վայրկեանին Աթենքա տել Քասթիյօ գնդակը պատրաստեց Պոնմաթիի, որ Ռեպեքքա Քնաաքը խաբելէ ետք շատ նեղ անկիւնէ նշանակեց մրցումի միակ կոլը:

Սպանիա այժմ մէկ յաղթանակի պէտք ունի աւելցնելու եուրոյի տիտղոսը Աշխարհի ախոյեանութեան եւ Ազգերու լիկայի տիտղոսներուն, զորս շահեցաւ վերջին երկու տարիներուն:

Կիրակի գիշեր Սպանիա պիտի մրցի Անգլիոյ դէմ երկու տարի առաջ տեղի ունեցած մոնտիալի աւարտականի մրցումին նման, ուր Սպանիա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր:

Անգլիա իր կարգին երկարաձգման պէտք ունեցած էր դուրս ձգելու Իտալիան, Պերկերի համար դժուար աւարտ մը ունեցաւ այս մրցաշարքը, ուր ան փայլած էր մանաւանդ Ֆրանսայի դէմ քառորդ աւարտականին:

«Իմ յանցանքս էր կոլը: Աւելի մօտ սիւնը լաւ չէի պաշտպանած: Այդ պատճառով ալ յուսախաբ եմ ես ինձմէ: Ես ամէն ձեւով կրնամ պաշտպանել բերդս, բայց ատիկա «իմ գնդակս» էր, այդ պատճառով ալ ներողութիւն կը խնդրեմ խմբակիցներէս, որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին», ըսաւ Պերկեր:

Գերմանիոյ մարզիչ Քրիսթիան Վիսք յանցաւոր չտեսաւ Պերկերը, ընդհակառակն` յայտնեց, որ «իր զսպած հարուածներուն պատճառով է, որ հոս հասանք»:

Գերմանիա կը ցանկար իր մրցանիշը բարելաւել` 9-րդ անգամ ըլլալով շահելով Եուրուն, բայց մրցակիցը աշխարհի ախոյեանն էր եւ մրցաշարքի թիւ 1 թեկնածուն:

Հակառակ ասոր, Գերմանիա քանի մը ստոյգ առիթներ կորսնցուց եւ Սպանիայէն աւելի վտանգաւոր էր, բայց ֆութպոլի մէջ լաւ խաղալը բաւարար չէ, եւ պէտք է գրեթէ անսխալ ֆութպոլ խաղալ եւ աւելի քիչ սխալ գործող խումբն է, որ կը յաղթէ:

 

 

Նախորդը

Միւլըր Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի «Օլ-Սթար» Մրցումին. Մեսսի Եւ Ալպա Բացակայեցան Եւ Կրնան Կախակայուիլ

RelatedPosts

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային
Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Ֆրանսա Չկրցաւ Յաղթել Իսլանտային

Հոկտեմբեր 15, 2025
Վեթերաններու Ըմբշամարտ.  Վահրամ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ըմբշամարտի «Պունտըսլիկա». Հայաստանի Ըմբիշները Կը Փայլին

Հոկտեմբեր 15, 2025
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժորա Սահակեան Գլխաւորեց Հայ Մարզիկներու Յաջողութիւնները

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?