Սինկափուրի մէջ, Լոնտոնի Արսենալը բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Սէ. Միլանը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Պուքայօ Սաքա: Արսենալ շատ աւելի լաւ մրցում կատարեց, մինչ իր նոր մարզիչ Մասիմօ Ալլեկրիի հետ Միլան աւելի զբաղած էր պաշտպանուելով` վստահելով անհատական հակայարձակումներու:
Արսենալ 22 մարզիկներ փորձեց այս մրցումին, եւ ըստ երեւոյթին Միքել Արթեթա դժուար կացութեան առջեւ պիտի գտնուի` ընտրելու իր լաւագոյն 11-ը:
Կիրակի օր Արսենալ պիտի մրցի Նիքեսըլի դէմ, մինչ Ա. Սէ. Միլան շաբաթ օր կը մրցի Լիվըրփուլի դէմ:
Լիվըրփուլ պաշտօնապէս ձեռք ձգեց Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի ֆրանսացի յառաջապահ Ուկօ Էքիթիքէն, որ 6 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրեց 82,5 միլիոն եւրոյի, + 12,5 միլիոն եւրօ պոնիւսներով:
Էքիթիքէի այս փոխանցումը եղաւ ֆրանսացի մարզիկներու ամէնէն արժէքաւորներէն` Էմպափէի, Տեմպելէի, Կրիզմանի եւ Փոկպայի ետին: