Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յոյսով Եւ Կարօտով…

July 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ Կ.

Այս շաբաթ օր կը սկսի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը, եւ ֆութպոլի համակիրները, մասնաւորապէս մենք` ՀՄԸՄ-ի համակիրներս, կը ցանկանք ՀՄԸՄ-ը ներկայացնող Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը տեսնել աւելի բարձր դասակարգի մէջ:

Արդեօք ունի՞նք այդ կարողութիւնը կամ ուժը, ես անձնապէս կը կարծեմ` այո՛, բայց դաշտին վրայ կ՛որոշուի այդ մէկը:

Դժբախտաբար վերջին տարիներուն նման առաջին հանգրուաններուն խումբեր կը մասնակցին պարզապէս մասնակցելու եւ մնալու Դ. դասակարգ: Որոշ չափով պիւտճէ մը ծախսելով մարզիկներ կը հաւաքեն ու կը փորձեն անակնկալ մը ընել: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար սակայն պարագան տարբեր է եւ միշտ ալ գործ կը տարուի հայ մարզիկներ հաւաքելու եւ կարելի եղածին չափ տեղացիներ միացնելով արդիւնաւէտ խումբ մը ըլլալու: Լուրջ աշատանք կը տարուի 3-4 տարիէ ի վեր, որ սակայն դիւրին ալ չէ: Մարզիկներ կ՛ըլլան, որոնք պարզապէս դրամի համար կը խաղան ֆութպոլ` ճիշդ ձեւով չգիտնալով ՀՄԸՄ-ի պատգամը: Հայերը անշուշտ այդ խմբակին մաս չեն կազմեր, այլ կը փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ: Շատեր ֆիզիքականով նոյնքան պատրաստ չեն ըլլար կամ առաջին երկու հանգրուաններուն իրենց մկանները յոգնեցուցած կ՛ըլլան եւ կարեւոր հանգրուանին նոյնքան արդիւնք չեն կրնար տալ:

Ամէն տարի նոր բաներ կը սորվին պատասխանատուները որոնք գիշերը ցերեկին խառնելով կը փորձեն խումբը աւելի լաւ դիրքի հասցնել:

Մենք` իբրեւ համակիրներ, մեր պարտականութիւնն է դաշտ երթալով քաջալերել ՀՄԸՄ-ի նշանը կրող որեւէ մարզիկ, առնուազն յաւելեալ շունչ մտցնելով այդ մարզիկներուն մէջ, զգացնելով, որ իրենք պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունէին ՀՄԸՄ-ի տարազը կրելով լաւ արդիւնք տալ` իրենց կարելիէն աւելի:

Կան բազմաթիւ մարզիկներ, որոնք ճնշումի տակ աւելի արդիւնք կրնան տալ, մինչ ուրիշներ չեն դիմանար ճնշումի եւ կ՛անշարժանան:

Այս շաբաթ օր աշխարհի բոլոր ծագերէն երիտասարդներ եւ տարեցներ պիտի հետեւին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցումներուն, որպէսզի ձեւով մը վերյիշեն ՀՄԸՄ-ի փառքի օրերը` շատ աւելի բարձր դասակարգերու մէջ:

Մեր մարզիկներէն կը սպասուի քիչ մը աւելի լուրջ մօտեցում` Գ. դասակարգ բարձրանալու այդ երազը իրականացնելու:

Հոգ չէ, քիչ մը աւելի զոհողութիւն, աւելի լուրջ աշխատանք, քիչ մը աւելի քնանալ, հանգիստ մնալ, մարմինը առողջ պահել յառաջիկայ 5 շաբաթներուն, որպէսզի ճիշդ ձեւով դաշտին վրայ արդիւնք կարելի ըլլայ տալ:

Դիւրին մրցում չկայ այլեւս, եւ ամէն մրցում կարծէք առաջին դասակարգի մրցակիցի մը դէմ պիտի խաղանք: Տանք մեր լաւագոյնը, քրտինք թափենք դաշտին վրայ, մրցակիցէն աւելի պայքարինք եւ 5 աւարտականի մրցումներ խաղալով ու դրական արդիւնքներով բարձրանանք Գ. դասակարգ:

Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր:

 

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Յորդանան 89-79

Յաջորդը

Պայրամով Իսրայէլի Դեսպանին Հետ Քննարկած Է Շրջանին Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.