Գերմանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան Համալսարաններու համաշխարհային ամառնային խաղերը, որոնց ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ պասքեթպոլի մրցաշարք մըն ալ:
Լիբանան մաս կը կազմէր Դ. խմբակին` Լիթուանիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ Արժանթինի կողքին:
Առաջին մրցումին Լիթուանիոյ դէմ 101-79 արդիւնքով պարտուելէ ետք, Լիբանան 60-44 արդիւնքով յաղթեց Արժանթինին, բայց վերջին մրցումին Հարաւային Քորէայի դէմ կիսախաղին 53-50 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Լիբանան Բ. կիսախաղին ձախողեցաւ պահել իր առաւելութիւնը եւ 97-85 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Այժմ խումբը պիտի կատարէ 9-րդէն 16-րդ դիրքին համար դասաւորումի մրցումներ, որոնց աւարտին կը յստականայ, թէ 16 խումբերէն ո՛ր դիրքը պիտի գրաւէ Լիբանան: