Անգլիոյ փոխախոյեան Արսենալ ըստ երեւոյթին վերջապէս համաձայնած է շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշի հետ` զայն միացնելու Փորթուգալի Սփորթինկ Լիզպոնէն:
Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Սփորթինկ Լիզպոն համաձայն է Արսենալի հետ 63,5 միլիոն եւրոյի փոխարէն, առաւել 10 միլիոն եւրոյի պոնիւսներու առաջարկին:
Միւս կողմէ, Արսենալի նախկին պաշտպանող միջնապահ Կրանիթ Զաքա իր ակումբին` Պայեր Լեւերքուզընի յայտնած է, թէ միայն կ՛ուզէ միանալ Սանտըրլենտին:
Անգլիական այլ ակումբ մը` Լիծ Եունայթըտ ձեռք ձգեց գերմանացի միջնապահ Անթոն Սթաչը` Հոֆենհայմէն, 17.4 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն:
26 տարեկան միջնապահը, որ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ ալ 2 ելոյթ ունեցած է, ըսաւ. «Իմ խաղաոճս կը յարմարի «Փրեմիեր լիկ»-ին, ուր կարծր խաղաձեւս շատ կ՛օգնէ խումբին: Լաւ ձեւով կը միջամտեմ մրցակիցի փոխանցումներուն եւ զոյգ պայքարի մէջ ալ շատ լաւ եմ»:
Ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը փափաքի ձեռք ձգել Պորնմաութի կեդրոնի յետսապահ Իլիա Զապարնյին: Լուրեր տարածուած էին, որ Թոթենհամ հետաքրքրուած է 22 տարեկան ուքրանացի մարզիկին ծառայութիւններով, բայց ըստ երեւոյթին լուրջ չէ այս տեղեկութիւնը:
Մինչ այդ, Մանչեսթըր Եունայթըտ պաշտօնապէս ներկայացուց յառաջապահ Պրայըն Էմպէօմոն (Պրենթֆորտէն), որ 65 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն միացաւ:
Իտալիոյ Աթալանթա ակումբի յառաջապահ Մաթէօ Ռեթեկի միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Քատիսիա խումբին:
Քատիսիա, որ Խուպար շրջանի խումբ մըն է, 26 տարեկան ծնունդով արժանթինցի իտալացի յառաջապահը միացուց առանց պաշտօնական փոխարժէքը յայտնելու:
Ռետ Պուլ Լայփցիկ ակումբի միջնապահ Չաւի Սիմոնզ տակաւին չէ որոշած, թէ ո՛ր ակումբին միանայ:
Նախապէս Պարսելոնա, Լիվըրփուլ, Պայերն Միւնիխ եւ Արսենալ կը փափաքին միացնել զայն, բայց Արսենալի կեդրոնացումը աւելի Եոքերեշի վրայ է, եւ այժմ Չելսի լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել Սիմոնզը: