Լիբանանի պասքեթպոլի պատանիներու (16 տարեկանէն վար) ազգային խումբը, որ Յորդանանի մէջ կը մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ զտումի մրցումներուն, իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը արձանագրելէ ետք իր տոմսը ապահովեց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ Մոնկոլիոյ մէջ:
Արդարեւ իր առաջին մրցումին Լիբանան 84-70 արդիւնքով յաղթեց Իրանին, ապա հիւրընկալ Յորդանանին 88-68 արդիւնքով, ուր Լիբանան ոչ միայն մրցեցաւ 5 մարզիկներու դէմ, այլեւ ըստ երեւոյթին համակիրներու ճնշումէն ազդուած իրաւարարներն ալ կը փորձէին ձեւով մը օգնել Յորդանանին, բայց մարզիկները կրցան լաւ խաղալ եւ յաղթել, նոյնիսկ Սուրիոյ դէմ վերջին մրցումին այլեւս կարեւոր չէ, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, աւարտական մրցաշարքի տոմսը ապահովեց այս յաղթանակը: