«Ոսկին զատկաճճի դարձնող անէծք մը» խորագիրով ցուցահանդէսը Վարդան Աւագեանի արուեստի վերջին գործն է, որ կը ցուցադրուի Պէյրութի նաւահանգիստին կից գտնուող «Մարֆա» ցուցասրահին մէջ, մինչեւ 26 սեպտեմբեր 2025:
Ձեռագիր քարտէսներով եւ հմայիլներով զարդարուած ցուցասրահին պատերը կը պատմեն հայերու հարստահարութեանց պատմութեան քանի՛երորդ յարադէպին մասին, որ ոչ զարմանալիօրէն Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք տակաւին կը շարունակուի:
Ֆընտըճագցիներու սերունդի շառաւիղ Աւագեան կը պատմէ, որ տասնամեակ մը առաջ Անահիտ մեծհօրաքրոջ կողմէ իրեն յանձնուած Ֆընտըճագի յուշամատեանին մէջ լոյս տեսած ձեռագիր քարտէսներով զինուած` կը մեկնի Ֆընտըճագը գտնելու առաքելութեան: Այս ընթացքին ընտանիքի պարագաներ սրամտաբար իրեն կը յանձնարարեն իրեն հետ բերել ընտանեկան ոսկիները:
Աւագեանին հետ մեր ունեցած զրոյցին ընթացքին ան պատմեց, որ ձեռագիր քարտէսները եւ անոնց բանալիները, որոնք ներկայ քարտիսագրութեան բանալիներուն չեն համապատասխաներ եւ ուստի կարծես գաղտնաբառեր ըլլան, զինք մղած են նման այլ քարտէսներու հաւաքման աշխատանքի: Շիքակօ դասաւանդած շրջանին մարդաբան Անուշ Սիւնի Աւագեանին կը ներկայացնէ ձեռագիր քարտէսներու աշխարհ մը, որ Թուրքիոյ մէջ կ՛օգտագործուի հայերուն գանձերը գտնելու նպատակով. Աւագեանին համար անցեալին պատկանող այս «հետախուզական աշխատանքը», ի դէպ, սոսկ անհատական սին արկածախնդրութիւններ կամ շողոքորթութիւն մը չէ, այլ կը պայմանաւորուի 2002 թուականին Օսմանլը օճաքլարը (Օսմանեան սիրտեր) կուսակցութեան պետին` Քատիր Ճոնպոլաթին մամլոյ ասուլիսով, ուր ան կը յայտարարէ, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կրնայ տասնապատկուիլ հայերու պահած ոսկիներով, եւ այս հարցը բարձրացած է պետական մակարդակի:
Մինչ մեզի համար այս քարտէսները յուշամատեան են, վերադարձի միջոց եւ ընտանեկան արմատները պեղելու գործիք, Թուրքիոյ մէջ մեծ թիւով «ոսկեհէններ», կեղծ պատմաբաններ, դաւադիր տեսաբաններ զանոնք կը գործածեն հողին տակ հայերու «պահած» ոսկիները «պեղելու» եւ անշուշտ` խեղճեր շորթելու: Իսկ երբ փնտռտուքը չի հասնիր իր նպատակին, ապա յանցաւորը կ՛ըլլայ դարձեա՛լ հայը` այս անգամ հմայիլներու մէջ զետեղած իր անէծքներով: Առ այդ, Վարդան Աւագեան կը ձեռնարկէ նաեւ հմայիլներու ուսումնասիրութեան եւ զանոնք կը գտնէ առաւելաբար «Ուրբաթագիրք»-ի առաջին հրատարակութեան եւ հմայիլներու այլ գիրքերու մէջ: Անոնցմէ ներշնչուած` Աւագեան կը ցուցադրէ 17 հմայիլներ` իր ստեղծագործութեամբ կամ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող անէծքներով` անոնցմէ մէկուն անէծքի գողին մէզը աղիքին մէջ հիւսքի վերածուելու համար է, այլ հմայիլ մը կը գրէ, որ ոսկի գողցողին աչքը կուրնայ, ուրիշ մը գողը փուշերու եւ քարերու վերածել կ՛անիծէ, եւ անշուշտ` գողցուած ոսկին զատկաճճի վերածուելու անէծքը, որ ցուցահանդէսին խորագիրն է: Ցուցահանդէսին ընթացքին ալ այդ անէծքներով թղթիկները ոսկիի հատիկներու տեսքով տեղադրուած են պատերուն վրայ:
Վարդան Աւագեան այս ցուցահանդէսով անգամ մը եւս հանրութեան ուշադրութեան կը յանձնէ արդի Թուրքիոյ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը` ընդգծելով ընչազրկութեան ժառանգութեան խորապէս դրոշմուած ըլլալը Թուրքիոյ հաւաքական հոգեբանութեան մէջ: Ի դէպ, ցուցասրահին մէջ առանձնացած այլ սենեակի մը մէջ այցելուն պիտի դիտէ երեք կարճ տեսերիզներ, որոնցմէ մէկը ցոյց կու տայ «պեղումներու» գործողութիւնը, իսկ միւս երկուքը` թարգմանաբար Քատիր Ճոնպոլաթի մամլոյ ասուլիսը: Վարդան Աւագեան կը յայտնէ, որ թաղուածը ո՛չ գանձ է, ո՛չ ալ լոկ յուշ, այլ` իր հիմնարար ոճիրին հետ դէմ յանդիման գտնուելու անպատրաստակամ պետութեան մը բռնութիւնը:
Վարդան Աւագեանի «Ոսկին զատկաճճի դարձնող անէծք մը» ցուցահանդէսը կը վայելէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին «Արդ եւս» ծրագիրին հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը «Թեմփորըրի արթ փլաթֆորմ»-ի (Temporary Art Platform)` համագործակցութեամբ «Արթ Էքսփլորա Վիլա 21 Թիրանա» (Art Explora Vila 21 Tirana) եւ «Մարֆա փրոճեքթ»-ին: Քարտէսները հաւաքած է Աւագեանը, զանոնք վերագծած են ինք ու Ղասսան Հալաուանին:
Վերջապէս, Վարդան Աւագեան ըսաւ, որ հազիւ թէ ցուցադրուած, գաղտնի պահուած այս քարտէսները երբ հասան մամլոյ ասուլիսի մակարդակի, ան որոշեց վերածել քարտէսի ամէնէն բարձր ձեւին` արուեստին: Երբ մարդիկ այս քարտէսները կախեն իրենց պատերէն, եւ ուրիշներ հարցնեն անոր իմաստը, ապա անգամ մը եւս պիտի պատմուի Հայոց պատմութիւնը, եւ այդպիսով եւս պիտի պահպանենք զայն: